Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Սեղան, Չորս Աթոռ

Սեպտեմբեր 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Երկրի սեղաններուն շուրջ որքան ալ մարդիկ տարբեր ըլլան, սեղանին վրայ նիւթ մը կայ, որ միշտ ներկայ է. իրավիճակը իր ճիւղաւորումներով` տարրական կարիքներ ապահովելու առօրեայ անհեթեթ զբաղումը, նիւթական ելքի եւ մուտքի հսկայ տարբերութիւնը եւ «արդար աշխատավարձ»-ը օրերուս:

Երկխօսութիւն էր:

Երկու հոգի. մէկը ամուսնացած, միւսը` ամուրի: Առաջինը հոգերով լեցուն, երկրորդն ալ անոնցմէ ոչ աւելի պակաս, բայց` տարբեր տեսակի ու աստիճանի:

Դիտանկիւնները տարբեր էին, այս բոլորէն ազդուելու անոնց ձեւերը` տարբեր:

Տարիքի տարբերութիւն գրեթէ չկար, սակայն երկուքը տարբեր կարգավիճակէ կու գային ու կը փորձէին համոզել զիրար` իւրաքանչիւրը իր աշխարհին մէջ մնալով: Կը փորձէին հասկնալ, կը լսէին խօսակիցին խօսքերը մինչեւ իրենց անձնական համոզումի սահմաններուն հասնիլը եւ այնտեղ կը հակառակէին իրարու:

Առաջինը կը պատմէր իր անձնական փորձառութենէն, թէ` կարելի չէ այս ամբողջ անձուդարձին աչք խբել, ապրիլ, բայց` երես դարձնել, չազդուիլ անկէ, որովհետեւ անոր մէկ մասնիկն ես, եւ եղածը անընդունելի է:

Ամէն առտու կ՛արթննաս, գիտես` այսինչ-այդինչը պիտի ապահովես, կարգի կենաս, ձեւ գտնես, զաւակներուդ պահանջներուն գոհացում տաս, աւելի՛ն. չբաւարարուիս առօրեայով, անոնց ապագային մասին մտածես:

Ինչպէ՞ս կարելի է մնալ «վարդագոյն աշխարհ»-ի մը մէջ ու պաղարիւնութիւնը պահել այս բոլորի անցուդարձի ժամանակ: Մէջն ենք այս բոլորին, կ՛ապրինք զանոնք:

Երկրորդը վրայ կը բերէր, որ կարելի է մեզ ուրախութիւն պատճառող բաներով զբաղիլ այս բոլորի ընթացքին, կամ նոյն այն գործերը, զորս տունը կամ գրասենեակին մէջ կ՛ընենք, կարելի է պենզինի կարգի մը մէջ ընել: Նոյն այն նստուածքը, որ այս կամ այն սրճաբանը կը նստինք, կարելի է այդ կարգին մէջ նստիլ, խօսիլ, առնել-տալ, գաւաթ մը սուրճ` իւրաքանչիւրի ձեռքը:

Մեր հակակշիռին տակ չեղող բաներէն ազդուելով` կը վնասենք միայն մենք զմեզ: Ո՛չ միայն աւելորդ է, այլ վնասակար` այդ մէկը:

Երջանկութիւնը բնաւ դուրսէն չի գար, աւելորդ է անոր դուրսէն սպասելը: Ներքին բան մըն է, մենք կը շինենք մեր պայմաններով ու համոզումներով:

Հեռաւոր մէկ ափի վրայ թերեւս անձ մը այս բոլոր հոգերը չունի իր առօրեային մէջ, սակայն տակաւին կը մնայ երջանկութենէ հեռու ու չարաչար կը փնտռէ զայն ու կը սպասէ անոր, որ «օր մը» գայ:

Որքանո՞վ կարելի էր առաջինին համար նմանցնել պենզինի կարգի մէջ նստուածք մը, սրճարանի նստուածքին: Սրճարանի մէջ արեւոտ անկիւն մը բաւարար է, որ չընտրես այդ կողմի սեղանները ու փնտռես աւելի զով սեղան մը, մինչ պենզինի կարգին մէջ արեւն իր բոլոր ճառագայթներով վրադ է, շրջակայքի աղմուկը բարձր ու քաոս մը` գլխուդ մէջ. տունդ, զաւակներդ, պատասխանատուութիւններդ:

Կը պակսէ՞ր երկրորդին այդ բոլորը, չունէ՞ր ինքն ալ անձնական հոգեր, ընտանիք ու գործի դժուարութիւններ:

Տարբեր էին խառնուածքով. առաջինը աւելի կրակոտ էր ոգիով, երկրորդը` աւելի պաղարիւնութեամբ մօտեցող, կշիռք մը միշտ ձեռքին` կը կշռէր, թէ ինչի՛ն արժէ ուժ սպառել ու ջանք թափել եւ ինչի՛ն ոչ: Եւ շրջապատուած պայմաններէն աւելի` այդ խառնուածքներէն կու գար իրենց դատողութիւնը, մօտեցումը եւ դիտանկիւնը այս հարցերուն:

Ուշ էր ժամը: Սրճարանի գործաւորները արդէն սկսած էին իրենց համազգեստը փոխել, ու ոմանք` արձակուիլ: Վարագոյներ կ՛իջնէին, ու լոյսեր կը մարէին, սակայն նիւթը տակաւին կ՛եռար սեղանին վրայ: Այնուամենայնիւ, բոլորը ոտքի ելան, նիւթը սակայն իր աւարտին չհասաւ, լուծումի մը չյանգեցաւ, սակայն սեղանին շուրջ բոլոր նստողներն ալ բան մը աւելի մտածեցին այդ գիշեր, իրենց համոզումներէն քիչիկ անդին փորձեցին երթալ, պահ մը երեւակայեցին հարցին «միւս կողմ»-ը, բայց այդ համոզումները չփոխուեցան: Թերեւս փոխուէին, եթէ պահ մը փոխուէին դերերն ու ապրէին զիրար պայմաններն եւ ըստ այնմ անոնք գործէին, հակազդէին, որովհետեւ զգացումները, առանց զանոնք ապրելու, կարելի չէ հասկնալ կամ զգալ:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հաւատանք Կամ Ոչ… Պատմութիւնը Ինքզինք Կը Կրկնէ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?