«Հայ Եկեղեցին». Հեղինակ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
ՀՈՒՐԻ ԱԶԷԶԵԱՆ Արամ Ա. կաթողիկոս` որպէս գրող, մտաւորական, հայ մշակոյթի նուիրեալ, մեծապէս նախանձախնդիր եղած է հայ մշակութային արժէքներուն, հայ գիրին ու դպրութեան հանդէպ, իսկ հրատարակչական մարզի յարաճուն զարգացման շօշափելի ապացոյցը` իր գահակալութեան քսանհինգ տարիներու ընթացքին կաթողիկոսութեան տպարանէն կամ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ լոյս տեսած հատորներու պատկառելի թիւը հանդիսացած է` հայերէն, արաբերէն եւ օտար լեզուներով, որոնք հոգեւորին, եկեղեցականին, աստուածաբանականին, պատմականին, մատենագրականին, գրականին, ուսումնասիրականին...




















