Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Աֆղանիստան. Տարօրինակ Յեղաշրջում Մը

Օգոստոս 31, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զարմանալի պատմութիւն, աղիողորմ ճակատագիր, կամ արդեօք` բա՞խտ: Եթէ արագ աչք մը նետենք եւ քննարկենք այս երկրի մօտիկ անցեալը, հաւանաբար համակարգիչն իսկ իր «տրամաբանութիւն»-ն ու «հաւասարակշռութիւն»-ը կորսնցնէ եւ դադրի գործելէ:

Ինչ որ պատահեցաւ շաբաթասկիզբին, Քապուլի եւ յատկապէս անոր միջազգային օդակայանին մէջ, բաւական նման էր 30 ապրիլ 1975-ին, Սայկոնի (Վիեթնամ) մէջ պատահածին: Ուղղաթիռի փոխարէն, վիթխարի օդանաւ մը ժամանած էր` փոխադրելու ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմն ու գործակիցներ: Սայկոնի մէջ ալ, 46 տարի առաջ, Միացեալ Նահանգներու օգտին աշխատող տեղացիներ (յիշենք «Օփըրէյշըն Ֆինիքս»-ը) կը փորձէին ամէն գնով տեղ գրաւել «փրկարար» ուղղաթիռներուն մէջ: Պարագան նոյնն էր Քապուլի մէջ, ուր անցարգելներ խորտակելով` օդակայան մուտք գործած էին «Օփըրէյշըն օմեկա»-ի (տարբեր անունով նոյնանպատակ գործողութիւն մը) պատկանող տեղացիներ, որոնք ո՛չ միայն իբրեւ թարգմաններ գործած էին արեւմուտքցիներու կողքին, այլ նաեւ հետապնդած, ձերբակալած ու չարչարած էին օտար ուժերու ներկայութիւնը մերժող «թալեպանամիտ» տեղացիներ:

Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ Աֆղանիստանի բանակը կը հաշուէր երկու հարիւր հազարէ աւելի: Հաւաստիք կար, որ արեւմտեան երկիրներու մասնագէտներու կողմէ լաւապէս մարզուած եւ արդի զէնքերով սարքաւորուած այս բանակը ունէր ծանր հրետանի եւ նոյնիսկ օդուժ: Այդ բոլորը փուլ եկան քանի մը օրուան մէջ, հիմա, մօտաւորապէս 25 տարի ետք վերստին երկրի ղեկին տիրացած է «թալեպան»-ը, օժտուած` ցնցոտիներով, հողաթափերով, «Քալաշնիքոֆ»-ներով, «Ար. Փի. Ճի»-ներով եւ… խարխլած ինքնաշարժներով. կ՛ըսուէր, որ անիկա  հազիւ հարիւր հազար կը հաշուէ:

Դաւիթին եւ Գողիաթին պատմութեան համեմատելը իմաստ չունի, որովհետեւ, դասական առումով, արիւնահեղ ընդհարումներ տեղի չունեցան, գիւղ առ գիւղ յարձակում, կամ տարածք առ տարածք յառաջխաղացք չկատարուեցաւ: Եղածը այն էր, որ լայնածաւալ գործողութիւններով Քապուլի եւ անոր պաշտպաններուն ընդդիմացող ուժը շատ արագօրէն գրաւեց շրջանային մայրաքաղաքները, իր հակակշիռին տակ առաւ երկրին մեծ մասը, եւ Քապուլին կը մնար նոյն ձեւով անձնատուր ըլլալ առանց արիւնահեղութեան…

Ամիսներէ ի վեր կը պատրաստուէր այս «սցենար»-ը, որ հրավառութենէ աւելի` կրակի հետ խաղ մըն էր. Քապուլի միջազգային օդակայանին մէջ պատահեցան անհաւատալի թուացող իրադարձութիւնները, եւ աշխարհը տեսաւ, թէ ինչպէ՛ս հազարաւոր տեղացիներ ամէն գնով կը փորձէին հասնիլ իրենց «փրկութեան լաստ»-ին` ամերիկեան օդուժի վիթխարի օդանաւին:

Տարիներէ ի վեր այս տարբերակը «կ՛եփուէր», երբ տակաւին Սպիտակ տան վարձակալը Տոնըլտ Թրամփն էր: Այդքան ալ գաղտնի չէին բարձր մակարդակի հանդիպումները, որոնք տեղի կ՛ունենային Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ: Մասնակցողներու շարքին էին տարիներ շարունակ Կուանթանամոյի մէջ բանտարկուած եւ ապա ազատ արձակուած «թալեպան» ղեկավարներ…

Պատմութեան էջերուն մէջ  նշուած է, որ Աֆղանիստանի մէջ ծնունդ առած Պըն Լատենի «Ալ Քայիտա»-ն, որ կազմակերպած էր 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական արարքը, նախապէս մարզուած է Ուաշինկթընի մէջ. օրին կարգ մը թերթեր խօսած են «Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան համար գործող արեւմտասէր» Պըն Լատենի մասին: Նոյնիսկ  նախագահ Ռեկընի օրերուն հանրածանօթ «Հերիթէյճ ֆաունտէյշըն»-ը թի-շըրթեր պատրաստած էր` տպելով Պըն Լատենի նկարը եւ անոր տակը գրելով` «Ան կը պայքարի ազատութեան համար»:

Աւելի՛ն. Պըն Լատենի մահէն ետք զանազան աղբիւրներէ բազմիցս կ՛իմացուէր, որ զայն փոխարինող Այման Զաուահիրին երկար ժամանակ պահուըտած է… Պաքուի ամերիկեան դեսպանատան մէջ` վայելելով տեղւոյն «մարինզ»-ին հսկողութիւնը: Զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ Քապուլի կառավարական կառոյցներուն մէջ կրկին երեւի այս տիպարը` ստանձնելով կարեւոր պաշտօն մը:

Թրքական հովանիին տակ գործող «ժիհատ»-ականներ ալ կը գտնուին տարածաշրջանէն ներս: Ի վերջոյ կը խօսինք հողատարածքի մը մասին, որ ծանօթ է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին:  Ութսունականներուն, ան դեռ հռչակ չշահած, իր «Իսլամ եղբայրներ»-ու գործողութեամբ այցելած էր Քապուլ եւ տեսակցած` Հեքմաթիարի հետ (հետագային` վարչապետ):

Մօտ ատենէն աշխարհը ինքզինք պիտի գտնէ նոր Աֆղանիստանի մը դէմ յանդիման: Աֆղանիստան մը, որ այլապէս հռչակ շահած է իբրեւ աննուաճելի երկիր եւ «կայսրութիւններու գերեզմանոց»:

Մինչ այդ, այսօրուան ամէնէն կենսական ու անմիջական հարցը այն է, թէ արդեօք իսկապէս պիտի յարգուի՞ն մարդկային իրաւունքները` սկսելով ի նպաստ Արեւմուտքին աշխատող տեղացինէրէն մինչեւ կիներու տարրական ազատութիւնները: Իշխանութեան ղեկին հասած ուժը արդէն դրական անակնկալներու դիմաց կը դնէ աշխարհը` յայտարարելով, որ օտարներուն ծառայողներուն դէմ վրէժխնդիր պիտի չըլլայ, ներում պիտի շնորհէ, «հիներուն» հետ գործակցողները կը հրաւիրէ գործակցելու իրեն հետ… Կիներուն համար ալ դրական խոստումներ կան: Սպասելով իրականացման` արեւմտեան մամուլը արդէն բացած է «թալեպան»-ին դէմ քարոզչութեան նոր էջերը: Անդին, Քապուլի ղեկը ստանձնողները կը հաւաստեն, որ ամերիկացիներու դէմ յարձակում պիտի չգործեն` այսպիսով անուղղակիօրէն արձագանգելով Սպիտակ տան պետի (քարոզչական) սպառնալիքին:

Եւ… Աֆղանիստանի նոր էջերը կը սկսին կուտակուիլ իրարու վրայ:

 

Նախորդը

Յաջորդը

Թալեպանները Կրկին Մեր (Մտքին) Մէջ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?