Անդրադարձ

Մեծ Իրաքէն Փոքր Հայաստան

Մեծ Իրաքէն Փոքր Հայաստան

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Կեանքը տարբեր էր Իրաքի մէջ: Շատ բարգաւաճ գաղութ էր, եւ լաւ կեանք ունէինք»: Անդօ եւ Շաքէ Արամեաները Ալմելօ, Հոլանտա հասած են Իրաքէն` 2012 թուականին: Անոնք կու գան Պաղտատէն: Անդոն ինքնաշարժներու մասնագէտ-վարպետ եղած է: Յստակ է, թէ անոնք ինչո՛ւ այդ «տարբեր կեանքը» ձգելով եկած են Ալմելօ` նոր կեանք մը սկսելու: Իրաքը եւ հաւանաբար միջինարեւելեան մնացեալ բոլոր երկիրները իրենց...

Մինչեւ Ե՞րբ

Գործի Ժամն Է

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հայաստանի նոր կառավարութեան առջեւ բազմատեսակ մարտահրաւէրներ կան: Հայաստանի նոր Ազգային ժողովին մէջ բաւական կնճռոտ հարցեր կան: Պատերազմէն ետք բաւական աշխատանքի մարզեր նոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին: Սակայն այս բոլորին զուգահեռ պէտք է նկատի առնուի նաեւ այն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը անմասն չմնայ լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններէն: Խօսքի ժամանակը շատոնց անցած է: Գործի ժամն է արդէն: Լիբանանահայութեան օրակարգը ո՛չ իրաքահայ,...

«Հորիզոն» Հրատարակեց Արեւմտահայերէնի Վերածուած Թադէոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» Ուսումնասիրութիւնը

«Հորիզոն» Հրատարակեց Արեւմտահայերէնի Վերածուած Թադէոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները» Ուսումնասիրութիւնը

Մոնրէալի TLC Global հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսաւ պատմաբան Թադէոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները» ուսումնասիրութիւնը` արեւմտահայերէնի վերածուած: Պատմաբան Թադէոս Յակոբեանի այս աշխատութիւնը կը հանդիսանայ այն միակ հազուագիւտ աղբիւրը, ուր մէկ հրատարակութեան մէջ համախմբուած կրնանք գտնել պատմական Հայաստանի, Արեւմտահայաստանի 72 հայկական բնակավայրերու տեղագրութիւնը: Գիրքին մէջ ներառուած են Հայկական Բարձրաւանդակի այն բնակավայրերը, որոնք մաս կը կազմեն Մեծ Հայքին եւ կարգ մը բնակավայրեր` Փոքր...

Մեծարենցեան Երեկոներ – Մուսա Լեռ Այնճար.  Ուիլիըմ Սարոյեան Գրագէտը

Մեծարենցեան Երեկոներ – Մուսա Լեռ Այնճար. Ուիլիըմ Սարոյեան Գրագէտը

Զ. Գ. Ղ. Մուսա լեռ-Այնճարի մէջ «Մեծարենցեան երեկոներ»-ու այս տարուան երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 օգոստոս 2021-ին եւ նուիրուած էր գրական աշխարհին մէջ ամերիկահայ հանրածանօթ Ուիլիըմ Սարոյեանին, անգլերէն լեզուով բազմաթիւ գրական հատորներու հեղինակին, որ ունի պատմուածքներ, վէպեր, թատրերգութիւններ, երեքը` հայերէնի. Ա.- «My Heart's in the Highland» 1939 - «Իմ սիրտը լեռներումն է» Բ.- «My Name is Aram» 1940 -...

Իսկապէս, Ո՞ւր Կ՛երթանք

Իսկապէս, Ո՞ւր Կ՛երթանք

  ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ Այս գրութեամբ արտայայտուած կարգ մը մտածումներուն մեր անհամաձայնութիւնը արձանագրելով` տեղ կու տանք Անի Աստուրեանի «Իսկապէս, ո՞ւր կ՛երթանք» յօդուածին: Մեր վերապահութիւնները յատկապէս կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վերագրուած մեղադրանքները խնդրոյ առարկայ դարձնելու մօտեցումին: «Ա.» «Հայրենիք»-ի օգոստոս 11-ին մէջ գրագիտուհի Վեհանոյշ Թեքեանէն գրութիւն մը դրուած է. վերնագիրը` «Ո՞ւր կ՛երթանք»: Յստակ չէ, թէ յօդուածագիրը «Հայրենիք»-ի՞ն ղրկած է իր գրութիւնը, թէ՞...

Լուսահոգի Գարեգին Հայրապետի Ծննդեան 89-րդ Տարեդարձի Առիթով

Լուսահոգի Գարեգին Հայրապետի Ծննդեան 89-րդ Տարեդարձի Առիթով

ԱՇՈՏ ՇԱՐՈՒՐԵԱՆ Երջանկայիշատակ Գարեգին կաթողիկոսն իր ամբողջ կեանքն ապրեց անմնացորդ նուիրումով` հանդէպ իր ազգն ու հայրենիքը: Իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` նա ծաղկեցրեց սփիւռքահայութեան հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային կեանքը, դժուարին ժամանակներում մեծապէս սատար կանգնեց լիբանանահայութեանն ու մայր հայրենիքին: Որպէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, ի թիւս այլ կարեւոր գործերի, նա կարողացաւ ոտքի հանել հոգեւորականութեանը` Յիսուսի օրինակով գնալու դէպի մարդիկ եւ ծառայելու նրանց:...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անտառի Փսփսուքը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անտառի Փսփսուքը

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ Տարուան չորս եղանակները Ունին իրենց լեզուները, Ամէն մի բոյս իր բոյրն ունի, Ամէն մի սառ իր գոյնն ունի: Գարնան ամէն ծիլ ու ծաղիկ, Դուրս կը ցատկեն իրենց բունէն Բուրումնաւէտ իրենց հոտով Հարբեցնեն անտառները: Ահաւասիկ մեղմ զեփիւռը Կամաց կամաց կը շոգիանայ, Ծառերն իրենց պտուղներով Ծանրաբեռնուած կ՛ուրախանան: Աշնան հովէն ազդուելով, Ծառերն իրար կը փսփսան, Արուն իր գլգլան ձայնով, Անոնց երգով...

Ձօն Իմ Հրաշք Հօրս` Վահէ-Վահեանի Մեհեանին (Մահուան 23-րդ Տարելիցին Առիթով)

Ձօն Իմ Հրաշք Հօրս` Վահէ-Վահեանի Մեհեանին (Մահուան 23-րդ Տարելիցին Առիթով)

ՇԷՅԼԱ ԱՊՏԱԼԵԱՆ Շատեր ճանչցեր էին զինք` իբրեւ բանաստեղծ, քննադատ, գրական ու հասարակական գործիչ, Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկի տնօրէն, ուսուցիչ, աշխատակից, բարեկամ եւ կամ ազգական: Սակայն ես բախտաւորուած էի ունենալ զինք իբրեւ հայր, որ եղաւ նաեւ ինծի համար մարդ արարածի ամենափայլուն տիպարը: Կարգ մը անձերու մօտ հսկայական տարբերութիւններ կը նկատուին իրենց դուրսի աշխարհի եւ մտերմիկ` ընտանեկան կեանքին միջեւ: Հայրս նոյն փափկասուն, համբերատար,...

Սպասում

Բոլորս` Սխալ Աստղի Տակ

ԴՈՏԿ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ծագումնաբանական.- Նախապատմական շրջաններէն ի վեր մարդիկ իրենց աչքերը դէպի երկինք ուղղած են` նշաններ ակնկալելով: Բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ երկնային մարմիններ, ինչպէս` արեւ, Լուսին, Արուսեակ , Շնաստղ (Sirius) ներկայացուցած են աստուածութիւններ: Կարելի չէ աներկբայ հաստատել, թէ արհեստավարժ աստղագուշակութիւնը (astrology) ճիշդ ե՛րբ սկսած է: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ ամենահին ծանօթ աղթարքը, որ շումերական սալիկ մըն (23-րդ դար ՆՔ): Նկատել...

ՀՄԸՄ-ի Արցախի 89 Նորագիր Սկաուտներու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Արցախի 89 Նորագիր Սկաուտներու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 23 օգոստոսին, ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, Հայաստան, ընթացք առաւ Արցախի վերականգնած մասնաճիւղին առաջին բանակումը` մասնակցութեամբ 89 նորագիր սկաուտներու: Հնգօրեայ այս բանակումին Արցախէն եկած նորագիր պատանի-պարմանուհիները առիթը կ’ունենան ծանօթանալու Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, սկաուտութեան ընդհանուր սկզբունքներուն եւ ազգային այն բոլոր արժէքներուն, որոնց դրօշին տակ գործած է 103-ամեայ ՀՄԸՄ-ը: Բանակումը կը յատկանշուի դաստիարակչական հարուստ...

Հայրենի Յուշեր (15)

Հայրենի Յուշեր (15)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Մանկութիւնս յիշելիս սիրտս դառնում է գինով, Ես մի ընկեր ունէի Լիպօ անունով... ՉԱՐԵՆՑ Սփիւռքի մէջ կար եւ տակաւին կայ սերունդ մը, որ, երբ գիրքի մասին կը խօսուի, անպայման պիտի յիշէ, չի կրնար չյիշել, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը, որովհետեւ ամէն գրասէր ու մանաւանդ անձնական գրադարան  հաստատող   այս կամ այն ձեւով ու չափով առնչուած է  անոր անձին  ու գիրքերուն  եւ  դիմած...

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

Ո՞ւր Կ՛Երթայ Հայաստանը Եւ Ի՞նչ Է Մեր Դերը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Առաջին հերթին, անկրկնելի Վահանին բառերով, «կասեցնել մայրամուտը»: Որ կը նշանակէ, թէ Հայաստանը կ՛ընթանայ դէպի «մայրամուտ», ու ա՛յդ է, որ կ՛ուզէ կասեցնել ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Քիչ Մը Ետեւ Բողոքի ալիքը, որ ծայր առաւ Հայաստանի մէջ նոյեմբեր 9-ի յանձնուողական-պարտուողական յայտարարութենէն ետք, շատերու մօտ (այսօրուան դրութեամբ) ստեղծած է այն տպաւորութիւնը, որ կարծէք ամէն ինչ «տանելի», «բնականոն», «հասկնալի» ու «ընթացիկ» էր երկրին մէջ`...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

44-Օրեայ Պատերազմի Պարտութիւնը Արցախեան Ազատագրական Պայքարին Աւա՞րտն Է

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հող ունենք` խլած, կեանք ունենք` մեռած, Ա՜խ, ջրի, կրակի մենք եսիր դառած, Ո՛չ երկինքն տեսնի մեր սուգն ու լացը, Ո՛չ երկիրը պատռուի մեզ տանի ցածը: «Վաթան», ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ 2020-ի մեզի հոգեխոց դարձած պարտութիւնը հասկնալ Խաչատուր Աբովեանի քառեակով, բայց` զայն չկրկնել: Պէտք է վերադառնալ պատմութեան եւ քաղաքական իրադարձութեանց ակունքները: Ճիշդ հասկնալու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու համար էական են յստակ հարցումները:...

Մեր Խաղը

Մեր Խաղը

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Հոգ չէ` Լիբանանէն ես կամ Սուրիայէն, տարիքով մեծ ես կամ պզտիկ, ուսեալ ես կամ անուս, կարեւորը կեանքէդ բաժին մը (քանի մը տարի) անցուցած ըլլաս աս երկուքէն մէկուն հողին վրայ, որ կարենաս մաս կազմել մեր խաղին: Օրէնքները պարզ են, ու թերեւս գիտես, թերեւս խաղին մէջն ես ու լուր չունիս, որ կը խաղաս, թերեւս կը խաղաս, բայց լուր չունիս, որ...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Օդանաւի Քնեֆէն

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ «Երանի թէ Լիբանանի մէջ ամէն բան այս քնեֆէին նմանէր»: Այսպէս շնորհակալութիւն յայտնեցի սպասարկող մանկամարդուհիին, որ նախաճաշ կը մատուցէր Պէյրութէն դէպի Ժընեւ լիբանանեան օդանաւային ընկերութեան ճանապարհորդութեանս ընթացքին: Այսքանը` որպէս դրական պատկեր: Անկէ անդին ... Թերեւս ափրիկեան ափերէն ստրուկները դէպի նաւ փոխադրող ծովահէնները կամ պատերազմական գերիներ առաջնորդող յաղթական զինուորներու վերաբերմունքը աւելի ազնիւ եւ մարդկային պիտի ըլլար, քան` Պէյրութի միջազգային օդակայանի...

Սթափելու Ժամանակը

Լիբանանահայութիւնը Պատնէշի Վրայ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ յարաբերական անդորր կը տիրէ: Կառավարութեան կազմը ամբողջացաւ արտաքին գործոց նախարարի նշանակումով: Կառավարութիւնը վաւերացուց իր գործունէութեան ծրագիրը եւ կը պատրաստուի անոր քննարկման Ազգային ժողովին մէջ: Առիթը կ՛ունենանք անդրադառնալու մասամբ հրապարակուած ծրագիրին, անոր ներկայացման ու Ազգային ժողովին մէջ անոր քննարկման: Յարաբերական այս դադարէն օգտուելով, դառնանք բազմաչարչար Լիբանանին ու անոր հայ համայնքին ոդիսականին: Տնտեսական կացութիւնը կը շարունակէ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. Գիրքերու Կորուստ, Հողի Կորուստ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Յուլիսի կէսերուն Գերմանիոյ արեւմտեան գօտին եւ դրացի երկիրներ, յետոյ նաեւ Զուիցերիա եւ եւրոպական այլ շրջաններ ծանր տագնապի մատնուեցան սաստիկ տեղատարափներէ գոյառած հեղեղներու պատճառով: (Չինաստան, Հնդկաստան եւ այլ երկիրներ եւս համտեսեցին նման աղէտներու դառն պատառիկները): Քանի մը օր մասնաւորաբար եւրոպական լրատու աղբիւրներ իրենց հաղորդումները սկսան այդ աղէտին մասին տեղեկութիւններով: Ջրամոյն քաղաքներ, ողողուած ու աւերուած, քշուած-տարուած  բնակարաններ, ինքնաշարժներ, քանդուած կամուրջներ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Ես, Այս Գիշեր 3» (Հեղինակ` Վարուժան Արք. Հերկելեան)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Անկեղծ ըսած, ինծի կը թուի, թէ հեղինակը` Աղեղնաւոր, կարողութիւնը ունի բնութեան ընծայած գիշերներու հոսքը այնպէս խտացնել եւ կամ միաւորել, որ իր գրիչէն արտաբերուող հոգիին ու մտքին արգասիքը, կարծես, լոյսին եկած ըլլան լոկ գիշերուան մը ընթացքին: Ահա երկու ապացոյց, առաջին` վերջերս հրատարակուած «Ես, այս գիշեր»-ներու (թիւով 2) շարքն է, երկրորդ`յափշտակութեամբ կարդացուելու անոնց գեղարուեստական ու խոհական արժանիքը: Եւ իրօք, հայ...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Ընթացք Առած Են Եւ Կը Շարունակուին Մշակութական-Կրօնական Պատերազմները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս պիտի ըլլայ երրորդ  համաշխարհային պատերազմը, բայց գիտեմ,  որ շատ մարդ մնացած պիտի չըլլայ տեսնելու համար չորրորդը: ԱԼՊԵՐ ԱՅՆՇԹԱՅՆ (1870-1955), գիտնական Պատմութիւնը եւ քաղաքականութիւնը պէտք չէ դիտել հեռադիտակի հակառակ կողմէն, որ կը փոքրացնէ պատկերները: Հայաստանը տաշեղ մըն է սկսած եւ ծաւալելու կոչուած Մեծ Պատերազմի մը մէջ: Մարդկութիւնը ո՞ւր կրնայ հասնիլ այս ընթացքով, ի՞նչ վաղորդայններ կը...

Մինչեւ Ե՞րբ

Դաս Տուողը Դաս Ստացաւ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Քսան տարի շարունակ Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու վարչակարգին միլիառներու ներդրումը փաստօրէն ապարդիւն դուրս եկաւ: Միացեալ Նահանգներ` աշխարհին փտածութեան եւ ժողովրդավարութեան դաս տուողը: Միացեալ Նահանգներ` աշխարհի ամէն մէկ անկիւն կատարուածին մասին ըսելիք եւ ընելիք ունեցողը: Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութիւնները վստահեցուցած էին, որ աֆղան բանակը 90 օր կրնայ դիմադրել թալեպաններուն: Ի՞նչ պատահեցաւ: Ինչո՞ւ պատահեցաւ: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ: Փտածութեան արդիւնք չէ՞ այս...

Page 309 of 807 1 … 308 309 310 … 807

Արխիւներ