Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կատակի պէս բան մը. Հայաստանի մէջ շշուկներ շրջան կ՛ընեն (եղեր), որ Արարատ Միրզոյեանը պիտի ըլլայ ամէնէն կարճատեւ արտաքին գործոց նախարարը:
Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ան երկուշաբթի, 30 օգոստոսին յականէ-անուանէ եւ հրապարակաւ հերքեց վարչապետին այն հաւաստիքը, թէ` «Թուրքիայէն դրական նշաններ կան», եւ թէ` «Հայաստան պատրաստ է դրական քայլերով փոխադարձելու»: Ա. Միրզոյեան, առանց բառերը ծամծմելու, յայտարարեց, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ Հայաստանի դէմ թշնամական գիծը, գերիներն ու պատանդները չի վերադարձներ, բանտարկութեան կը դատապարտէ գերի ինկած հայեր: Ան այս բոլորը յանձնեց միջազգային հանրային կարծիքին ու Հայաստանի աղերսակից երկիրներու ուշադրութեան: Ողջունելի կեցուածք մը` անկասկած (որ յամենայն դէպս աննախընթաց չէ արտաքին գործոց նախարարութեան պատուհանէն):
Յիշեալ (կատակասէրներու) շշուկներուն համաձայն, Փաշինեան զայրացած է Միրզոյեանի այս խօսքերէն, հեռաձայներ է եւ սպառնացեր է զայն անցընելու Մնացականեանի եւ Այվազեանի ցանկին` իր բարի տրամադրութիւններուն հակասող կեցուածք ցուցաբերելուն համար: Միրզոյեանն ալ չքմեղանքի դիմեր է` ըսելով. «Ի՞նչ կրնայի ընել. երկուշաբթին Անհետ կորսուածներու յիշատակման միջազգային օր էր` ՄԱԿ-ի հռչակած օրը: Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութեան ղեկավարը նման դատապարտանքով հրապարակ եկաւ, խորհրդարանին մէջ աթոռս գրաւողն ալ գերիներու եւ անհետ կորսուածներու ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն հետ ժողով գումարեց: Ի վերջոյ ես ալ պէտք էր բան մը ընէի…»: Ոմանք կը փսփսան, որ Միրզոյեան նաեւ բացատրած է, թէ ինք Թուրքիոյ դէմ չէ խօսած, այլ` Ազրպէյճանի…
***
Իրենց քաղաքական մտածողութիւնն ու իրականութիւնը ճիշդ ձեւով տեսնելու ունակութիւնը չկորսնցուցածներ (նաեւ` անկէ կամովին չհրաժարողներ) անգամ մը եւս յիշեցուցեր են, որ Ազրպէյճանը վաղո՜ւց մէկ մասնիկն է Թուրքիոյ, իսկ 44-օրեայ պատերազմը եկաւ այս իրականութիւնը ծածկող թզենիի վերջին տերեւն ալ այրելու: Հակառակ այս ճշմարտութեան, Հայաստանի մէջ եւ անդին, կան մտածողներ, որ Թուրքիան «դրական նշաններ» կ՛ուղղէ Հայաստանին, որպէսզի յարաբերութիւնները բարելաւուին, եւ դիւանագիտական, առեւտրական ու տնտեսական կապեր հաստատուին-զարգանան:
Թուրքիոյ (եւ անոր Ազրպէյճան կոչուած պոչիկին) նորագոյն «դրական նշաններ»-էն են հետեւեալները.
– Սիւնիքի ճամբաներուն փակումն ու բացումը. ճամբաներուն վերաբացումէն առաջ Փաշինեան հաւաստեց, որ վերաբացումը բարի տրամադրութեան արտայայտութիւն պիտի ըլլայ: Անոնք վաղն ալ կրնան փակել-բանալ որեւէ ճամբայ(*):
– Ազերիները Սոթքի եւ մօտակայ այլ շրջաններու մէջ դիտումնաւոր կերպով հրդեհներ յառաջացուցած են: Սահմանային գիւղեր եւ քաղաքներ, իբրեւ ընկալեալ սովորութիւն, սկսած են ընդունիլ հրացանաձգութիւնը, արձակազինութիւնը, գողութիւնները…
– Քանի մը տեղէ Հայաստան ներթափանցումն ու ամրանալը դրական ուրիշ նշան են:
– Արցախի մէջ հայկական կոթողներու եւ հետքերու քանդում-ջնջո՞ւմը… (Մարդիկը կ՛ուզեն «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»-ն երջանկացնել):
– Դրական նշանները սկսած էին ցոյց տրուիլ աւելի քան տարի մը առաջ (նախընթացները պահ մը «հիներու շրջան»-ին վերագրենք) Տաւուշի վրայ յարձակումով: Յետոյ, մեծագոյն դրական նշանները տրուեցան 44-օրեայ պատերազմին, երբ հայապատկան ընդարձակ հողեր գրաւուեցան, մահ ու աւեր սփռուեցան, աւազակ-ահաբեկիչներ պատերազմի բերուեցան, արգիլեալ զէնքեր գործածուեցան առատօրէն (ցոյց տալու համար, թէ որքա՜ն դրական են թրքական տրամադրութիւնները): Այլ խօսքով, վերջին քանի մը օրերու դրական նշանները պէտք չէ երախտամոռ ընեն հայկական կողմը եւ մոռացութեան մատնեն մօտիկ անցեալի «բարիքները»:
– Եթէ կարկինը քիչ մը աւելի լայն բանանք, կրնանք Թուրքիոյ «դրական նշաններ»-ը տեսնել (եթէ ուզենք վերջ դնել ջայլամի վարքագիծին) նա՛եւ մինչեւ Կիպրոս, Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Ծոցի երկիրներ եւ… Աֆղանիստան տարածուող գօտիին մէջ:
***
Էրտողան դարձեալ բարի տրամադրութիւն ցուցաբերած է օգոստոսի վերջին շաբաթավերջին: Յայտարարեր է, որ պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու, սակայն «քաղաքավար» կերպով պայմաններ դրած է (Փաշինեան աւելի՛ դրական տրամադրուած էր, ի՜նչ խօսք, եւ նախապայմաններ չէր դրած): Ան, դիւանագիտական բառամթերք գործածելով (եթէ նման բառամթերք հասկցող կայ Հայաստանի իշխանութեան եւ անոր «տեսութիւններ»-ով հմայուողներուն մէջ), վերահաստատած է հետեւեալ նախապայմանները. Ա.- Երկիրներու հողային տարածքներու ամբողջականութեան ճանաչում (սա` թուրքեւազերի «բարբառ»-ով կը նշանակէ Արցախը ընդունիլ իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ մասը, ընդունիլ, որ «Արցախի հարցը լուծուած է» 44-օրեայ պատերազմին ճամբով եւ այլն), Բ.- Նոր դարաշրջանը դիտել` թշնամական նկատառումներէն հրաժարելով (սա կը նշանակէ մոռացութեան մատնել Ցեղասպանութիւնն ու անկէ բխող մեր արդար պահանջները), Գ.- Շրջանին մէջ ճամբաները վերաբանալ եւ լծուիլ տնտեսական զարգացումի (այս ալ կը նշանակէ իյնալ թրքական-ազերիական իրողապէս աւելի մեծ կարողականութեամբ օժտուած տնտեսական ոլորապտոյտին մէջ` իր բոլոր հետեւանքներով):
Նման տրամաբանութիւն ի զօրու էր Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ, նոյնը` անցեալ երեք տասնամեակներուն, մասնաւորաբար տխրահռչակ փրոթոգոլներու օրերուն (որոնք յետ երկար ու բուռն պայքարի` մերժուեցան հայ ժողովուրդին կողմէ…): Ընթերցողիս կը մնայ հետեւցնել, թէ ինչպիսի՜ բարեշրջում տեղի ունեցած է Հայաստանի իշխանութեան վարիչներուն տեսողութեան եւ տրամաբանութեան մէջ, որ անվիճելիօրէն մերժելին ու դատապարտելին հիմա մեզի կը հրամցուին իբրեւ «դրական նշաններ»:
***
… Առիթով մը, ամիսներ առաջ, արձանագրած էինք, որ Հայաստան մտած է պատմական նոր փուլ մը, ուր պէտք է վերատեսութեան ենթարկել մեր պատմութեան ու աշխարհագրութեան մասին բոլոր գիտելիքները, դարաւոր թշնամիին հանդէպ (ան)արդար կեցուածքը, եւ տոգորուինք թուրքին ու ազերիին հետ եղբայրական, գործակցական զգացումներով: Անկէ ասդին, սահեցան ամիսներ. Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ամէն օր «դրական նշաններով» հարստացուցին մեր յարաբերութիւնները:
Ու պէ՞տք է զարմանալ, երբ նման բարի նշաններ տեսնող ՔՊ-ական պատգամաւոր մը խորհրդարանի բեմէն կը յայտարարէ, թէ ընդդիմադիր պատգամաւոր մը ինչո՛ւ ոճրագործ ու դատապարտելի կը նկատէ Էրտողանը, երբ կայ… անմեղութեան կանխավարկածը: Թուրքիոյ նոյնիմաստ տրամաբանութեան արդիւնքը չէ՞ր Թալէաթի, Էնվերի եւ միւս ցեղասպաններուն հերոսացումը, Ազրպէյճանի մէջ` Սաֆարովի մը հերոսի պատուանդանին բարձրացումը (զարմանալին այն է, որ հայ զանգուածը անկարող է Փաշինեանի պէս «ռահվիրայի» մը տեսածները տեսնելու, կը մերժէ մուտք գործել 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակը… Փաշինեան «փրկիչը» ե՞րբ պիտի բանայ բոլորիս աչքերը):
30 օգոստոս 2021
——————-
(*) Ծանօթ խօսք է, չէ՞. «Եթէ Աստուած ուզէ աղքատը ուրախացնել, օր մը անոր էշը կորսնցնել կու տայ, յաջորդ օրն ալ կ՛օգնէ, որ վերագտնէ»: