Սփիւռքի Տարի` 2022
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թեմակալ առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 2022 տարուան սեմին Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Ազգային Ընդհանուր ժողովը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, միաբանութիւնը, թեմակալ առաջնորդներն ու Ազգ. իշխանութիւնները, մեր կեանքին մէջ գործող քաղաքական, կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ համայնքային բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս...
















