Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարեւորը՝ Հաւատա՛նք Սփիւռքի Ներուժին

Յունուար 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

2022 տարին Սփիւռքի տարի հռչակուեցաւ: Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտութիւնը զգացինք զօրաւոր, կազմակերպ ու ներուժ ունեցող սփիւռք մը ձեւաւորելու:

44-օրեայ պատերազմը, անկախ պարտութենէն, հողատարածքէն, զոհերէն եւ բարոյալքումէն, հաստատեց, որ սփիւռքը տկար է իր կառոյցներով: Սփիւռքը անկազմակերպ է իր նորօրեայ ցանցերով: Սփիւռքը այդ չէ, ինչ որ կը սպասուէր:

Անշուշտ փակագիծը կարելի է բանալ յանցաւորներ գտնելու, փնտռելու, դատապարտելու, սակայն իրականութիւնը այն է, որ սփիւռքը իր նոր դիմագիծով փաստօրէն ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի ոչ մեծապետական քաղաքականութեանց ծալքերուն, ոչ լրատուամիջոցներու, ոչ ներքին, եւ ոչ արտաքին ազդեցութիւններուն: Սփիւռքը միայն օգտակար է բարեսիրական, մարդկային, հոգեբանական, նիւթական, առողջապահական, կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային հարցերով:

Անշուշտ պէտք է շեշտել, որ անցնող երեսուն տարիներուն մենք մեր ուշ­ադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցու­ցինք Հա­յաս­տա­նի վրայ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ առանց զօրաւոր Հայաստանի եւ Արցախի, սփիւռքը տկար կ՛ըլլայ:

Սակայն այսօր, պատերազմէն ետք, եկանք այն իրականութեան առջեւ, որ տկար, սպառած սփիւռք ունինք եւ պարտուած Հայաստան:

Այս իմաստով սփիւռքը վերակազմակերպելը կարեւոր է: Սփիւռքի ներուժը աշխուժ ուժի վերածելը առաքելութիւն պէտք է ըլլայ հզօր Հայաստան եւ Արցախ ունենալու համար:

Պատմութիւնը ինքնին դպրոց է: Սորվելիք բաներ շատ կան: Անցեալ երեսուն տարիներուն տարբեր սփիւռքի գաղութներ ձեւաւորուեցան, կերպարանափոխուեցան, մեծ գաղութներ փոքրացան, նոր գաղութներ ունեցանք մեծամասնութեամբ արեւելահայեր: Ռուսիոյ մէջ արդէն Հայաստանի բնակչութենէն աւելի հայկական գաղութ ունինք: Միացեալ Նահանգներու մէջ հս­կա­յա­կան գա­ղութ ու­նինք: Մի­ա­ցե­ալ օրա­կար­գե­րով հա­մախմ­բու­ե­լու անհ­րա­ժեշ­ու­թիւ­նը կայ:

Կարեւոր է, որ սփիւռքի դերակատարութիւնը օժանդակէ Հայաստանի պետութեան հզօրացման: Ոչ թէ օրուան իշխանաւորին, իշխանութեան: Իշխանութիւնները մնայուն չեն, պետութիւնը մնայուն է եւ այդ իմաստով սփիւռքի դերն ալ այս սկզբունքով պէտք է գործէ: Հայաստանի պետութիւնն ալ պէտք է նկատի առնէ սփիւռքի աւանդական եւ նուրբ դրուածքը եւ ըստ այնմ շարժի: Պէտք չէ ամէն բան նորի պիտակին տակ  անտեսուի. հարկ է նկա­տի ու­նե­նալ տասնեակ տարիներու վաստակ եւ պատմութիւն ունեցող կառոյցներու աշխատանքը: Օգտակար է բոլորիս համար միջին եզրեր գտնել կացութիւնը փրկելու համար: Սփիւռքը իր կառոյցներով եւ կարգ մը գաղութներու մէջ կառոյցներու բացակայութեամբ ընելիք ունի: Անցնող երեսուն տարիներուն Հայաստանի պետութիւնը իր արտաքին գործով սփիւռքի եւ սփիւռքի յատուկ յանձնակատարով որեւէ գաղութի մը մէջ կրթական, մշակութային, բարեսիրական թէ ընկերային կառոյց մը հիմնա՞ծ է: Ծրագրած է անտէր գաղութներուն մէջ աշխատանք տանի՞լ, թէ՞ պատրաստ գաղութներէն օգտուելու քաղաքականութիւն որդեգրած է:

Պատասխանը բոլորս ունինք: Ոչ ալ հարցումս մթնոլորտ կամ նախատրամադրութիւն ստեղծել է: Ըսելիքս այն է, որ ընելիք ունինք. մէկը միւսին գործը խանգարելու փոխարէն զի­րար պէտք է ամ­բող­ջաց­նեն:

Փաստօրէն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը համասփիւռքեան կեդրոն է:

Փաստօրէն լեզուներու օրակարգը չենք քններ եւ չեմ գիտեր ինչու:

Ուրեմն անկեղծանալու պահը եկած է: Սփիւռքը գլխագիր Ս-ով սփիւռք ըլլալու համար, ինչպէս Վահէ Օշականը կ՛ըսէր, պէտք է հաւատք ունենանք սփիւռքի ներուժին վրայ:

 

Նախորդը

Գոյժ Մահուան` Տաղանդաւոր Եւ Զգայուն Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի

Յաջորդը

Լիբանանահայ Աշակերտներ` Արցախցիներուն Կողքին

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?