Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան
Թեմակալ առաջնորդներուն,
հոգեւոր դասուն,
Ազգային իշխանութեանց եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն,
2022 տարուան սեմին Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Ազգային Ընդհանուր ժողովը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, միաբանութիւնը, թեմակալ առաջնորդներն ու Ազգ. իշխանութիւնները, մեր կեանքին մէջ գործող քաղաքական, կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ համայնքային բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ` մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բացուող Նոր տարին մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ լեցուի առողջութեան, յաջողութեան եւ երջանկութեան երկնային բարիքներով:
Սեպտեմբեր-նոյեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միացեալ ուժերով Արցախի վրայ կատարուած անարգ յարձակումին հետեւանքով մեծ թիւով հայորդիներու նահատակութիւնը ու գերեվարումը, հսկայ տարածքներու գրաւումը, հոգեւոր ու մշակութային կառոյցներու քանդումը ու բազմահազար հայորդիներու տեղահանումը խոր ցաւ ու ընդվզում յառաջացուցին մեր ժողովուրդին մօտ: Մեր ողջ ժողովուրդը զանազան կերպերով հակազդեց ստեղծուած այս ողբերգական կացութեան ու իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին: Մեր կարգին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան ծիրին մէջ լուսարձակի տակ բերելով Արցախը, 2021 տարին Հայրապետական Գիրով հռչակեցինք «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»: Մեր մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները լայն արձագանգ գտան յատկապէս մեր թեմերուն մօտ: Արցախի նախագահը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց Մեզի եւ Մեզ հրաւիրեց այցելելու Արցախ: Արդարեւ, Արցախի անկախութեան ու անվտանգութեան նկատմամբ Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը շարունակուի` որպէս մեր Սուրբ Աթոռին համազգային առաջնահերթութիւններէն մէկը:
* * *
Վերջին տարիներուն սփիւռքին առնչուած զանազան խնդիրներուն ու երեւոյթներուն շուրջ գիտաժողովներ տեղի ունեցան, ուսումնասիրութիւններ կատարուեցան ու յօդուածներ ստորագրուեցան: Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն սփիւռքի ներկայ իրավիճակը, մեր ղեկավար մարմինները ու մտաւորականները պէտք է մղէ իրապաշտ ոգիով ու պատասխանատու մօտեցումով տագնապելու, մտածելու, քննելու, խորհրդակցելու, սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու եւ ապագան հունաւորող ճամբաներ ու միջոցներ որոնելու:
Հետեւաբար, նկատի ունենալով սփիւռքի պարզած ներկայ պատկերը ու հայ կեանքէն ներս անոր ունեցած առանցքային կարեւորութիւնը, այսու Հայրապետական Գիրով 2022 տարին կը հռչակենք
ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ
Հայերէն լեզուով հրատարակած Մեր վերջին գիրքին տուած ենք «Նոր հորիզոններու դիմաց» խորագիրը: Պատահական չէ այս խորագիրը: Հայ ժողովուրդը իր երեք թեւերով` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք բազմաթիւ ու բազմազան մարտահրաւէրներ ու վտանգներ կը դիմագրաւէ. իսկ հայօրէն մաշումի ենթակայ սփիւռքը` աւելի՛ն: Տեղ մը ան անորոշութեան ալիքներու մէջ կ՛օրօրուի, այլ տեղ փոթորիկներու դէմ կը պայքարի. տեղ մը` նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է, այլ տեղ` տեղայնացումի արագ ընթացքին մէջ: Արդ, սփիւռքի վերակազմակերպումը ու վերակենսաւորումը հրամայական անհրաժեշտութիւն են: Այս բազմատարած ու բազմերես ծրագիրը իր գործնական ընթացքը կրնայ առնել սփիւռքի ինքնաքննութեամբ, ինքնարժեւորումով եւ ազգի համայնական կեանքին մէջ անոր իւրայատուկ տեղին ու դերին յստակեցումով: Այս հսկայածաւալ աշխատանքին հարկ է լծուիլ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ` աշխարհի արմատական ու արագ փոփոխութիւններու յորձանուտին մէջ ապրող սփիւռքին համար:
Ա) ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՐԷԿ – ԳՈՅԱՒՈՐՈՒՄ ՈՒ ՀՈԼՈՎՈՅԹ
Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքին բերումով յաճախ ենթակայ եղած է յարձակումներու ու բռնագրաւումներու եւ կորսնցուցած` իր պետականութիւնն ու անկախութիւնը: Հետեւաբար արտագաղթը մնայուն երեւոյթ եղած է հայոց պատմութեան մէջ:
Բիւզանդական կայսրութեան եւ Հայաստանի միջեւ շփումը եղած է անմիջական ու մնայուն, եւ հին ժամանակներէն ի վեր հայեր հաստատուած են կայսրութեան սահմաններէն ներս: Հայաստանէն դուրս հայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով հաւաքական ու կազմակերպ ներկայութիւն դարձած է Կիլիկիոյ մէջ եւ նոյնիսկ` պետականութիւն հաստատած: Կիլիկիոյ հայոց պետութեան (14-րդ դար) եւ Բիւզանդիոնի կայսրութեան (15-րդ դար) անկումէն ետք հայերը հետզհետէ ուղղուած են դէպի Պալքանեան երկիրներ, ուր ժամանակի ընթացքին գաղութներ կազմաւորուած են: Առաւելաբար տնտեսական պատճառներով հայեր յարաբերութեան մէջ եղած են Ծայրագոյն Արեւելքի հետ, հոն հաստատած են նաեւ փոքր համայնքներ: Պարսկաստանը Հայաստանի դրացի երկիր ըլլալով, հին դարերէն սկսեալ մեծ թիւով հայեր հաստատուած են հոն: Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Հայաստանի բաժանումէն ետք (16-րդ դար) հայերը յիշեալ երկիրներէն ներս դարձած են կազմակերպ ներկայութիւն:
Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայկական հողերու վրայ ապրող հայեր պարտադրաբար արտագաղթած են դէպի Միջին Արեւելք եւ ապա, քաղաքական ու տնտեսական մտահոգութիւններէ մղուած, տարիներու ընթացքին դէպի Եւրոպա, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկա ու մինչեւ Աւստրալիա: Ափրիկէի մէջ հայեր ներկայութիւն դարձած են յատկապէս Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք: Համաշխարհայնացման ստեղծած պայմանները նոր թափ տուած են հայ ժողովուրդի զաւակներու երկրէ երկիր տեղափոխութեան, նոյնիսկ` ցամաքամասէ այլ ցամաքամաս գաղթին: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, նախկին սովետական երկիրներէն արտագաղթի նոր ալիք մը սկսած է դէպի արեւմտեան երկիրներ: Վերջապէս, տարօրինակ ու ցաւալի էր Հայաստանի անկախացումէն ետք ծայր առած արտագաղթը հայրենիքէն:
Սփիւռքի յառաջացման հոլովոյթին վրայ նետուած այս հպանցիկ ակնարկի լոյսին տակ հարկ է ընդգծել հետեւեալ կէտերը.
ա) Լայնատարած Սփիւռքի գոյաւորումը իր պատմական պատճառները ու հանգրուանները ունի: Հայերու արտագաղթը Հայաստանէն յաճախ եղած է պարտադրաբար: Այս ուղղութեամբ հարկ է յիշել Հայաստանէն Կիլիկիա մեծ գաղթը` պարտադրուած Բիւզանդական կայսրութեան կողմէ, եւ Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Քաղաքական ու ապահովական ազդակներու կողքին, նաեւ տնտեսական պատճառներ հայերը մղած են արտագաղթի: Այսպէս կարելի է բնորոշել նաեւ վերջին տասնամեակներուն Հայաստանէն արտագաղթը:
բ) Հայերը, ուր որ հաստատուած են, փորձած են համայնք կազմել` իր ազգային, հոգեւոր, կրթական եւ այլ կառոյցներով եւ գերագոյն ճիգ թափած` պահելու իրենց ազգային դիմագիծը, լեզուն, հաւատքն ու աւանդութիւնները: Եկեղեցին առաջնորդողի դեր է ունեցած գաղութներու կազմաւորման ու հայապահպանման մէջ:
գ) Իրենց հաստատուած երկիրներուն մէջ հայեր մեկուսացած չեն ապրած: Անոնք մասնակից դարձած են ընկերութեան կեանքին, եւ նոյնիսկ` կարեւոր դիրքեր գրաւած:
դ) Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ գաղութները իրենց կազմակերպ կեանքով եւ բազմաթիւ կառոյցներով կեդրոնական դեր ունեցած են սփիւռքի մէջ, յատկապէս` հոգեւոր, մշակութային, բարեսիրական ու քաղաքական մարզերէն ներս:
ե) Պայմաններու բերումով, կորսնցնելով իրենց անմիջական կապը մայր հայրենիքին հետ, կարգ մը գաղութներ, յատկապէս Պալքանեան երկիրներու մէջ ժամանակի ընթացքին ձուլուած են` միայն աղօտ կերպով պահելով իրենց հայկական ծագումը:
Բ) ՍՓԻՒՌՔԸ ԱՅՍՕՐ – ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Անհրաժեշտ կը նկատենք ամփոփ գիծերով լուսարձակի տակ բերել ներկայ սփիւռքը բնութագրող կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ.
- Ներկայ սփիւռքը աւանդական, սովետական ու հայաստանեան սփիւռքներու աններդաշնակ խառնուրդ մըն է: Ցեղասպանութեան վերապրողներու բեկորներով գոյաւորուած սփիւռքը կազմակերպման յարաբերաբար արագ ընթացք ունեցաւ: Եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ վճռորոշ դեր ունեցան սփիւռքի կազմաւորման ու անոր ինքնութեան պահպանման մէջ: Սփիւռքը գոյատեւեց համախմբուելով իր ստեղծած կառոյցներուն շուրջ ու դարձաւ արդարութիւն պահանջող եւ ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի երազով ապրող ու պայքարող գաղութներու ամբողջութիւն: Աւանդական սփիւռքին եկան միանալու սովետական երկիրներէն դէպի Արեւմուտք գաղթած հայորդիներ եւ կարճ ժամանակի ընթացքին շաղուեցան իրենց ազգակիցներուն հետ: Հայաստանի վերանկախացումով շատեր կարծեցին թէ կրնայ ներգաղթ սկսիլ եւ սփիւռքը շուտով շնչասպառ դառնալ: Պատահեցաւ հակառակը: Տնտեսական պատճառներէ մղուած եւ արտասահմանի լայն կարելիութիւններէն հրապուրուած` Հայաստանը սկսաւ պարպուիլ իր բնակչութենէն: Թուային աճին առընթեր, սփիւռքը նաեւ ընդարձակուեցաւ միջգաղութային տեղաշարժերու հետեւանքով: Վերոնշեալ երեւոյթները շարունակուելու բազմաթիւ պատճառներ ունին: Սփիւռքը կայուն իրականութիւն մը չէ, ան մնայուն փոփոխութեան մէջ է:
- Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ, ի՞նչ են հայ ըլլալու արժեչափերը: Ցեղասպանութեան յիշողութեամբ կազմաւորուած աւանդական սփիւռքը իր իւրայատուկ ինքնաճանաչումը ունէր: Նոր սփիւռքներու յառաջացումը եւ սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացումը նոր նկարագիր տուաւ սփիւռքին. իսկ համաշխարհայնացումը նոր իրականութիւններու եւ հորիզոններու դիմաց դրաւ սփիւռքը` զայն մղելով ինքնաճանաչման տարբեր մօտեցումներու, շեշտաւորումներու ու նոյնի՛սկ արժեչափերու: Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է պատմական տարբեր հոլովոյթ ունեցած, տարբեր փորձառութեամբ թրծուած եւ տարբեր մտածելակերպ, գործելակերպ ու կենցաղակերպ ունեցող սփիւռքներուն միջեւ, յաճախ նոյն գաղութին մաս կազմող, գոյակցութենէ անդին ներքին ներդաշնակում ու համալրում յառաջացնել: Ցարդ այս ուղղութեամբ ծրագրուած ու հետեւողական քայլեր չեն առնուած. կը թուի, թէ կամեցողութեան պակաս կայ: Բայց նման ճիգ անխուսափելի անհրաժեշտութիւն է: Ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի հայուն ինքնաճանաչումը սահմանել` հաւաքական արժեչափերու ճշդումով, առանց անտեսելու համաշխարհայնացումին ստեղծած նոր իրականութիւնները ու տեղական պայմանները:
- Հայաստանի մէջ հայ մնալը բնական երեւոյթ է. սփիւռքի մէջ հայ մնալը նախընտրութեան հարց է եւ, հետեւաբար, ամէնօրեայ տագնապ ու պայքար: Մօտիկ անցեալին սփիւռքի մէջ ուրիշէն տարբեր ըլլալը չափանիշ էր ու ազդու միջոց` հայապահպանման: Համաշխարհայնացած աշխարհի բազմացեղ, բազմամշակոյթ ու բազմակրօն միջավայրերու մէջ ապրող հայը, ուր այլեւս զինք ուրիշէն բաժնող ցանկապատեր գոյութիւն չունին, ուր ուրիշը իր դրացին է, ընկերը, գործակիցը եւ երբեմն նոյնիսկ` տան անդամը, ինչպէ՞ս կրնայ իր ինքնութիւնը պահել անվթար: Հարկ է ըլլալ իրապաշտ: Սփիւռքահայը ինքզինք այլեւս գաղթական եւ օտար չի նկատեր. ան իր ապրած երկրին լիիրաւ քաղաքացին է` միաձուլուած միջավայրին ու շաղախուած տեղւոյն մշակոյթին հետ: Հայու ինքնութիւնը տակաւին կը շարունակէ ինքզինք շեշտակի կերպով արտայայտել հոն, ուր հայ կեանքի հաւաքական ու կազմակերպ ներկայութիւն գոյութիւն ունի: Սակայն հոն, ուր հայաբոյր միջավայր գոյութիւն չունի, հայապահպանման ճիգերը սկսած են իրենց ուժականութիւնը կորսնցնել հետզհետէ տեղայնացող ինքնութեան դիմաց: Արդ, հայու արմատները առողջ պահելու հեռանկարով ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի հայուն մէջ լեզուն, հայրենիքը, կրօնը, աւանդութիւնները, պատմական վճռորոշ դէպքերը, պահանջատիրութիւնը առաւելագոյն չափով եւ նոր մօտեցումով դարձնել մէկ ազգի պատկանելիութեան ամուր յենարանները:
- Սփիւռքի կառոյցները ճշդորոշիչ դեր կատարեցին սփիւռքի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ մեր հոգեւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու կենսագործման գծով: Այսօր, սակայն, մեր կառոյցները իրենց հմայքն ու ազդեցութիւնը կորսնցնելու եւ ժամանակավրէպ դառնալու վտանգին դիմաց կը գտնուին: Իրենց ինքնակեդրոն մօտեցումներով, աւանդական գործելաոճերով ու ոչ այժմէական օրակարգերով անոնք այլեւս չեն կրնար գոհացնել նոր սերունդներուն պահանջները: Այլ խօսքով, գաղութներ չեն կրնար իրենց կազմակերպչական ուժականութիւնը ամուր պահել եւ հայօրէն շնչել շնչասպառ դարձած եւ ներկայ իրականութիւններուն անհաղորդ կառոյցներով: Արդ, կառոյցներուն վերանորոգումը ու այժմէականացումը աւելի քան հրամայական է` նկատի ունենալով անոնց կեդրոնական տեղն ու առանցքային դերը հայ կեանքէն ներս:
- Արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է: Անոր գործածութեան հետզհետէ շեշտուող նուազումն ու աղաւաղումը դարձած են համատարած ու ակնյայտ երեւոյթներ: Պատճառները յստակ են` իսկ հետեւանքը` վտանգալից: Լեզուն ազգի մը ինքնութեան զօրեղ կռուաններէն մէկն է, մանաւանդ` փոքր եւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ ապրող ազգի մը համար: Արեւմտահայերէնի նահանջին առաջքը առնելու յանձնառութենէն մղուած` մեր Սուրբ Աթոռը դիմեց գործնական քայլերու: Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է նոր մղում տալ այս յոյժ կարեւոր ծրագրին եւ գործնապէս մասնակից դարձնել հայակերտումի առաքելութեան լծուած մեր կրթական ու մշակութային կառոյցները ու մտաւորականները:
- Մեր կառոյցներուն կողքին, մեր մտածելակերպերն ու գործելակերպերը եւս սկսած են ժանգ կապել: Մեր շուրջ տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն ու յառաջացող մարտահրաւէրներուն անտեսումը մեր գաղութները կրնան առաջնորդել դէպի ինքնամեկուսացում: Սփիւռքը այլեւս չի կրնար գործել կարծրատիպերով: Հայապահպանման գործիքները եւ չափանիշները, փաստօրէն, չեն համապատասխաներ ներկայ աշխարհի պայմաններուն եւ նոր սերունդի մօտեցումներուն ու սպասումներուն: Նոր սերունդը սկսած է հեռանալ մեր կառոյցներէ, եւ նոյնիսկ անոնց կողմէ ծով զոհողութեամբ պահուած եւ սակայն հոն բանտարկուած մեր արժէքներէն ու աւանդութիւններէն եւ իր հայութիւնը ապրիլ տարբեր մօտեցումներով ու կերպերով: Նոր սերունդին մօտ հայու ինքնութիւնը ենթակայ է աղօտելու վտանգին: Հո՛ս է տագնապը, որովհետեւ նոր սերունդն է, որ նոր շունչով պիտի վերակենսաւորէ Սփիւռքը եւ կերտէ անոր ապագան: Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել հայու ինքնութեան երեք տարածքներուն` տեղայնականին, հայկականին ու համաշխարհայինին միջեւ, խուսափելով հակասութիւն ու բեւեռացում յառաջացնող մտածելակերպերէ ու կենցաղակերպերէ: Յաճախ շեշտած ենք նոր սերունդը մեր շուրջ համախմբելու եւ լուրջ երկխօսութիւն ունենալու կարեւորութիւնը:
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 յունուար, 2022
Անթիլիաս, Լիբանան
(Շար. 1)