Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գիրքը

January 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Մօտիկ անցեալին տուներու մէջ կը հանդիպէինք փոքր թէ մեծ գրադարաններու, որոնք տարուէ տարի կը հարստանային քանի մը նոր գիրքերով: Գիրքեր, որոնց էջերուն մէջ կար պատմութիւն, իսկ գրադարանին մէջ անոնց տեղադրուիլը ինքնինք ունէր այլ պատմութիւն մը:

Երբեմն ընթերցասէր հասարակութիւնը կը պարծենար, եթէ յատուկ գիրքեր լեցուցած ըլլար իր գրադարանին մէկ անկիւնը, կամ հոն ըլլային քանի մը հատ, որոնք մակագրուած կ՛ըլլային գրագէտին կողմէ: Պատանի թէ երիտասարդ, տեսնելով իրենց շուրջ իրենց ծնողներուն ընթերցասիրութիւնը, իրենք եւս կ՛ունենային այդ սովորութիւնը եւ, այդպիսով, կը շարունակուէր կեանքը` այս սովորութիւնը փոխանցելով սերունդէ սերունդ:

Եւ յանկարծ կանգ առաւ ամէն բան. գիրքը մնաց գրադարանին մէջ` անշարժ, տարուէ տարի ան կը շարժէր միայն մաքրութեան պատճառով: Համակարգիչն ու բջիջային հեռաձայնը գրաւեցին ամէն ինչ եւ փոխարինեցին շատ բաներ:

Երբ կը դիտէի հօրս տան հիւրասենեակին մէկ անկիւնը տեղադրուած գրադարանին մէջ շարուած գիրքերը, աչքս ինկաւ մէկ անկիւնը դրուած փոքր գրքոյկի մը վրայ: Դուրս քաշեցի զայն եւ գացի յիսուն տարի ետ`1972 թուական: Այդ գիրքը ունէր պատմութիւն:

Արաբերէն լեզուով Անդրանիկ Պէօճէքեանի «Լեռնորդի» ծածկանունով տասներեք բանաստեղծութիւններէ կազմուած գիրքն էր:

«Սարխաթու տամ», հայերէն թարգմանութեամբ` «Արեան կանչը»:

Փոքր էի, չէի հասկնար, թէ ի՛նչ էր այն եռուզեռը, որ կար մեր տան մէջ: Զբաղած էին բոլորը, եւ ահա բոլորին դէմքին ժպիտ, մտան տուն` ձեռքերնին շալկած ծրարներ: Գիրքերն էին, որոնցմէ ոչ մէկը ինծի բան մը կ՛ըսէր. չէի հասկնար: Երբ հարցուցի հօրեղբօրս անոր մասին, ան պատմեց, որ այդ բանաստեղծութիւնները կը խօսին ջարդի, հայրենիքի եւ կարօտի մասին, իսկ նպատակն է` ծանօթացնել Հայ դատը օտարներուն: Կը կարդայի մէջի բոլոր բանաստեղծութիւնները, որոնց մեծ մասը դժուար թէ հասկնայի: Քանի մը տարի անց դարձեալ սկսայ զայն կարդալ եւ որոշ ատեն ետք այդ բոլորը հասկցայ: Ըմբռնեցի նաեւ, թէ անոր նպատակը ի՛նչ էր, եւ ի՛նչ է այսօր կարեւորութիւնը` Հայ դատը օտարին ծանօթացնելու:

Յիսուն տարի առաջ չկար այն հնարաւորութիւնը, որ օտարը ծանօթանար թուրքի բարբարոսութիւններուն: Կեանքը դանդաղ էր եւ կ՛ընթանար կամաց: Բայց այսօր ունինք արագ միջոցներ, որոնք բոլորիս տրամադրութեան տակ են, բոլորս ունինք Դիմատետրի վրայ օտար ընկերներ, որոնցմէ շատեր չեն գիտեր մեր պատմութիւնը` ջարդ, տարագրութիւն եւ այլն: Պատմենք անոնց այն, ինչ որ պատմած են մեզի մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, չըսենք` այդ բոլորը ապարդիւն են, այլ հաւատանք այդ աշխատանքին եւ պիտի հասնինք մեր նպատակին «վաղ թէ ուշ»:

 

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 51

Յաջորդը

Ստալինեան Քաղաքականութեան Ժխտական Հետեւանքներու Վերացումը` Կենսական

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.