ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Գրագէտ, գրաքննադատ, հրապարակախօս ու մտաւորական տիտան Պօղոս Սնապեանին հետ ծանօթութիւնս ու բարեկամութիւնս սկսաւ 1977-ին, երբ ան, խուսափելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հայաշատ թաղամասերը հրակոծող տարափէն, եկաւ Քեսապ, ուր մնաց կարճ ժամանակ մը:
Ան առանձին չէր, անոր կ՛ընկերանար վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանը, որուն ծանօթ էի Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն` իբրեւ գիշերօթիկի աշակերտ ուսանողութեանս տարիներէն:
Իջեւանած էին ընկերոջս` Միհրան Ա. Մինասեանին հօրենական հնամենի տան մէջ ու տան առջեւ լարած էին վրան մը, ուր հաւանաբար Պետիկ Հերկելեանը կը գիշերէր:
Հազիւ 17-18 տարեկան էի ու ծարաւ` գիր-գրականութեան, իսկ մեր մօտ հիւրընկալուած ընկեր Սնապեանը մեր պապակը յագեցնող, մեր ընդգրկուն մտաւորականն էր:
Անոր` Սնապեանին հետ յաջորդ հանդիպումս եղաւ Հալէպ, ուր եկած էր բանախօսելու Քրիստափոր ուսանողական միութեան կազմակերպած Քրիստափոր Միքայէլեանի մահուան 120-ամեակի տօնակատարութեան:
Ապա ունեցանք քանի մը այլ հանդիպումներ, որոնցմէ` ՀՅԴ-ի 100-ամեակին նուիրուած Հալէպի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Վերջին հանդիպումը եղաւ Քեսապի մէջ, ուր ան եկած էր ներկայ գտնուելու մօրեղբօրս` Երջանիկ Կարպուշեանի մահուան քառասունքի արարողութեան:
Այդ առիթով ունեցանք մտերմիկ խօսակցութիւններ, երբ արդէն հասունութեան դռները բախելու տարիքին հասած էի:
Այդ հանդիպումին ան ինծի նուիրեց գրքոյկ մը` «Ինչպէս հայհոյեմ» խորագիրով: (Յաջորդին միշտ իր հրատարակութիւնները կ՛առաքէր ինծի):
Գրութեանս խորագիրը ընտրեցի` Պ. Սնապեանի վերոյիշեալ գրքոյկէն ներշնչուած:
Սիրելի ընթերցողներէս կը խնդրեմ անպայման կարդան այդ գրքոյկը, մանաւանդ անոր շահեկան յառաջաբանն ու առաջին գրութիւնը` «Անձիս սատանայացումը»…
Համառօտ թւումով ըսեմ, որ գրքոյկը հաւաքածոյ մըն է հեղինակին 1955-էն սկսեալ մինչեւ 1986 թուականը զանազան պարբերականներու մէջ ցրուած յօդուածներու («Նայիրի», «Բագին», «Ազդակ» օրաթերթ, «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»…):
Վերոյիշեալ երկու գրութիւններուն մէջ պիտի գտնէք ՀՅԴ-ի, դաշնակցական, դաշնակցականամէտ անձնաւորութիւններու ու նոյնիսկ դաշնակցականաշունչ երիտասարդ-պատանիներուն դէմ սրսկուած թունոտ արարքներու, ցեխարձակումներու, բանեցուած ճնշումներու… եւ այլն, համայնավար, համայնավարամիտ, խաւարամիտ, թոյն-թարախ հոգիներով ու սրտերով լեցուած մարդուկներու, հակադաշնակցական գաճաճներու ու ոչնչութիւններու «սխրանքները», կամ` այդպիսի յորդաներու կատարած խաչակրութիւններու, արշաւներու գորշ ու ժահրագոյն երանգները:
Խուսափելով երկարաբանութիւններէն` միայն նշեմ, որ Սնապեան կը պատմէ իր ուսուցիչին` Յակոբ Օշականին (Երուսաղէմի դպրեվանքին մէջ) դէմ կիրարկուած ճնշումներուն ու խաչակրութիւններուն մասին:
Այսպէս` Օշական կ՛ըսէ.
– «Կ՛ուզեն, որ Դաշնակցութեան հայհոյեմ: Ինչպէ՞ս հայհոյեմ Դաշնակցութեան: Չէ՞ որ Վարուժանը այդ կուսակցութեան անդամ էր: Չէ՞ որ Սիամանթոն, Սեւակը անդամ էին: Երուխանին, Զարդարեանին, Գեղամին կուսակցութեան ինչպէ՞ս հայհոյեմ ես»:
– «Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներուն թափօրն է: Իմ բերանս վարժ չէ սրբապղծութեան»:
– «Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներուն թափօրն է: Ինչպէ՞ս հայհոյեմ Դաշնակցութեան»:
* * *
Վերոյիշեալ տողերը կը վկայեն այն անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան, սրսկուած թոյն-թարախին մասին` այդ օրերու «յեղափոխական» յորջորջուած համայնավար պոլշեւիկ-կոմունիստներուն կողմէ, որոնց «յեղափոխական սխրանքները» երկրագունդը վայելեց աւելի քան 70 տարիներ, եւ մանաւանդ հայութիւնը, մասնաւորաբար` Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցականները:
Բազմատասնեակ հատորներ կան գրուած վերոյիշեալ «սխրանքներուն» մասին, որոնք շատ սուղ արժեցին համայն հայութեան ու Հայաստանին:
Կարծես պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Երէկ անոնք կոչուած էին համայնավարներ, իսկ այսօր լեւոնականներ-նիկոլականներ, ՔՊ-ականներ… նոյն թոյնով սնանած, անունները փոխած ու մեթոտները արդիականացուցած:
2018-ին կատարուած «յեղափոխութիւն» կոչուած իշխանափոխութեան մեղրամիսին անձամբ ականատես եղայ Սարդարապատի մէջ մայիս 28-ի անկախութեան տօնակատարութեան առիթով պատրաստուած ողբերգութիւն-կատակերգութեան, որ աւելի շատ Կարմիր բանակին նուիրուած էր (Բ. Աշխարհամարտի), քան` 1918-ի հայկական պետականութեան վերականգնման տօնին:
Այդպէս սկսաւ ու անընդհատ շարունակուեցաւ ու կը շարունակուի այսօր:
Ականատես ու ականջալուր եղանք բազմապիսի խեղկատակութիւններուն «ողբերգութիւններու», տեսակաւոր, երանգաւոր…
Ալ` «նախկիններ», «սեւ ու ճերմակ», «ասֆալթին փռել», «Դաշնակցութեան դրօշը վառել»… եւ այլն. տեսակ-տեսակ զառանցանքներ, զրպարտութիւններ, խեղաթիւրումներ, ստախօսութիւններ, օրինազանցութիւններ, կեղծումներ… ու այսպէս շարունակ:
Կենսական նախարարութիւններ կը փակուէին, կը կրճատուէին, կը լիցքաթափուէին, կը չարափոխուէին իրենց առաքելութեամբ… Մէկ խօսքով, մեր նորակազմ` հազիւ 30 տարուան թերահաս ու մանուկ մեր հայրենիքի պետականութիւնը ներսէն կը հարուածուէր ու իր էութենէն կը դատարկուէր «յեղափոխական» յորջորջուած նոր իշխանութիւններուն կողմէ, մանաւանդ` իր գլխուն կանգնած նոր կասեաններուն ու աւիսներուն կողմէ ու ձեռամբ:
Կը վերացուէին սփիւռքի, մշակոյթի նախարարութիւնները, կրթութեան, արդարադատութեան նախարարութիւնները կը խորտակուէին, կամ կը մոլորէր անոնց ազգային ու արդարադատական ընթացքը:
Օրերը շատ արագ թաւալեցան: Եւ անցնող երեք տարիները ողբերգական եղան հայ ազգին, Հայաստանին ու մանաւանդ Արցախին համար:
27 սեպտեմբեր` 44-օրեայ պատերազմ, 9 նոյեմբեր, 2020 թուական` պարտութիւն, անձնատուութիւն ու դաւաճանութիւն, որոնք կը շարունակուին ցայսօր. մէկ խօսքով` ազգային աննախընթաց ողբերգութիւն:
Ցայսօր կը շարունակուին` խաբէութիւնը, իրականութեանց նենգափոխումն ու քողարկումը, գաղտնի համաձայնութիւններ ու պայմանաւորումները` իշխանութեան բուրգին վրայ գտնուող հտպիտներուն կողմէ, պատուհասներուն համար չքմեղանքի ինքնարդարացման ու զանգուածները խաբելու ծիծաղելի փորձեր, ապա նաեւ` պատասխանատուութիւնը աջ ու ձախ բաժնելու «նախկիններուն», ընդդիմութեան ու նոյնիսկ պետութիւններուն:
Ամբարտաւանութեան ու անամօթութեան աննուաճելի մէկ այլ գագաթը հանդիսացաւ ըմբշամարտի դաշտի վերածուած Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ (դիտմամբ «Ազգային ժողով» եզրը չեմ գործածեր) հայհոյանքը քրէականացնելու ծիծաղելի որոշումի որդեգրումը: Քրէական աքթ պիտի նկատուէր մեր ողբերգութիւններուն պատճառ հանդիսացող խունթային ու անոր պարագլուխին հայհոյելը:
Երեւի այդ «երեսփոխանները» իրենք զիրենք անձեռնմխելի մարգարէներ, սուրբեր, թէ առաքեալներ եւ կամ նազովրեցի Յիսուս-Քրիստոսը կը համարէին:
Անշուշտ որ կրթեալ անձի մը անվայել ու անյարիր է հայհոյելը, սակայն` հայհոյելը քրէականացնե՞լ…
Կանխաւ յայտնեմ ու ընդգծեմ, որ ո՛չ գրութեանս մէջ, ո՛չ այլ տեղ պիտի հայհոյեմ: Հայհոյանքներով բերանս պիտի չպղծեմ` օրինակը առնելով Յակոբ Օշականէն ու վերոյիշեալները չեն արժեր նոյնիսկ իրենց համար բերանս պղծեմ:
Որպէս դաշնակցական` իմ բերանս ատակ է միայն ազգս, հայրենիքս, եկեղեցիս ու Դաշնակցութիւնը (ու նաեւ` ազգային արժէքներ…) փառաբանելու:
Կը յիշեմ այստեղ բանաստեղծութիւն-երգին բառերը.
«Ու պոէտներ որ չեն պղծել
Իրենց շուրթերն անէծքով…»
Մանաւանդ դաշնակցականին անվայել է հայհոյել: Անոր պատկանած կուսակցութեան Կանոնագիրին առաջին տողը կը սկսի` «Դաշնակցութեան անդամ կրնան դառնալ բարոյական նկարագրի տէր ամէն…»:
Բայց…
Բայց ինչպէ՞ս չհայհոյեմ…
Ինչպէ՞ս չհայհոյեմ`
– Երբ հայրենիքիս վերականգնումի 30 տարուան անգին ճիգերով կառուցուած պետականութեան հիմերը անցնող 3 տարիներուն (2018-2021) ընթացքին ծրագրուած ու համակարգուած քայքայուեցան ու կը շարունակուին քայքայուիլ…
– Երբ հայրենի քաջարի ու ռազմունակ բանակը, որ մեր ազգային հպարտանքն է, ծրագրուած ձեւով եւ գիտակցաբար քայքայուեցաւ ու այդպէս ալ կը շարունակուի, իսկ պարտուած-անձնատու հանդիսացած իշխանութիւնը իր մրուրը կը փորձէ անպատկարօրէն անոր ճակտին սրբել…
– Երբ այսօր, ի գին բիւրաւոր նահատակներու արեամբ նուաճուած Արցախ հայրենիքիս տարածքին 70 առ հարիւր տոկոսը գիտակցաբար պարգեւուած է թշնամիին` Ազրպէյճանին կամ Թուրքիոյ (ի՞նչ է տարբերութիւնը), անոր` Արցախի ամէն տեսակի իւրայատկութիւններով ու հարստութեամբ (ռազմական-ռազմավարական դիրք, ընդերքի ու մակերեսի աննկարագրելի հարստութիւններ…): Իսկ աւելի սարսափելին այն է, որ մեր օրերուն շնականօրէն կը համարձակին հրապարակաւ հարցականի տակ առնել, յայտարարել, թէ Արցախը հայկակա՞ն է, թէ՞ ազրպէյճանական…
– Երբ այսօր փորձ ու ճիգ կը թափուի Սիւնիքն ու Զանգեզուրը, Գորիսն ու Մեղրին յանձնել նոյն թշնամիին:
– Երբ այսօր տնտեսական սին ու տնտեսական պատրանքալից շահերու ու բարօրութեան ունայն խոստումներուն դիմաց այս վրիպանք իշխանութիւնները պատրաստ են զիջելու այն, ինչ որ ազգային ու հայկական է, կամ հայրենական, Հայաստանն ու Արցախը վերածելու համար վասալ պետութեան մը, կամ Թուրքիոյ մէկ նահանգը դարձնելու…
Խնդրեմ` ըսէք, ինչպէս չհայհոյեմ`
– Երբ Արցախի տարածքի անհետ կորսուած զինուորներ… 75 առ հարիւրի յանձման «առիթով» տմարդօրէն ու ձրիաբար մատաղ հանդիսացած են աւելի քան 5000 երիտասարդ ու մատղաշ մարտիրոս երիտասարդներ ու անոնց հետ մէկտեղ` տասնեակ հազարաւոր վիրաւորներ ու անյայտ կորսուած զինուորներ…
– Երբ թշնամիին ձրիաբար ու դաւաճանութեամբ յանձնուած են Արցախի`
6 քաղաքներ,
187 գիւղեր,
107 դպրոց,
17 մանկապարտէզ
161 վանքեր, եկեղեցիներ,
97 բերդեր, ամրոցներ,
591 խաչքարեր (յիշեցէ՛ք Նախիջեւանի հազարաւոր խաչքարերու ջարդը),
4000 պատմամշակութային յուշարձան, ու 12 թանգարան…
– Երբ տեղահան ու անտուն դարձած են աւելի քան 9500 ընտանիք` իրենց բախտին լքուած.
– Երբ փանթուրանականութեան ու նոր-օսմանեան թշնամի Թուրքիոյ առջեւ բացուած են նոր կայսրութիւն մը կազմելու դարպասները, մերօրեայ նոր վեստ-սարգիսներու փաղանգին կողմէ.
– Երբ անոնք` իշխանաւորները, խաբած ու ոտքով աքացի տուած են մեր ռազմավարական դաշնակիցներուն, դրացիներուն ու այլ պետութիւններուն` ձեռք մեկնելով մեր ժողովուրդէն աւելի քան 1,5 միլիոն նահատակ խլող ու մեր հայրենիքը բռնագրաւող թշնամիին, փոխան փոր մը հացի՞…
– Երբ անտեսելով տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները, Հայաստանը նետած են քաղաքառազմավարական լուսանցքի մը մէջ` զայն անորոշ ապագայի մը դիմաց շպրտելով:
– Երբ իրենց ազգակործան քայլերով խախտած են մեր ազգային միասնականութիւնը, որ մեր բնական ու բնազդային ամենակարող ու անյաղթ դիմադրական զէնքն էր վաղուց…
– Երբ… երբ… երբ…
* * *
Սիրելի՛ ընթերցողներ, բարեկամնե՛ր, հարազատնե՛ր, հայե՜ր… ըսէ՛ք. խնդրեմ ըսէ՛ք` ինչպէ՞ս չհայհոյեմ…
* * *
ՀՅԴ-ի 100-ամեակի տօնակատարութեանց առիթով Սուրիա` Հալէպ ժամանած էին ( կը յիշեմ) Սօս Սարգսեանը, Հենրիկ Իգիթեանը, Ռազմիկ Դաւոյեանը եւ ուրիշներ:
Առաջին երկուքը տակաւին չկազմալուծուած Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւորներ էին:
Հանդիսութիւնը կը զուգադիպէր Իրաքի կողմէ բռնագրաւուած Քուէյթի Էմիրութեան` ամերիկացիներուն կողմէ ազատագրութեան օրերուն:
Հենրիկ Իգիթեան պատմեց.
– Հարցուցի Խ. Միութեան օրուան արտաքին գործոց նախարար Է. Շեւերնատծէին. «Արդեօ՞ք Քուէյթի մէջ, եթէ, փոխան քարիւղի, կաղամբ գտնուէր, ամերիկացիք պիտի փութայի՞ն Քուէյթը ազատագրելու: Այսօր (1990-ին) Հայաստան միայն կաղամբ կայ»:
Իսկ այսօ՞ր. կը կասկածիմ, թէ Հայաստան «կաղամբ» կայ. քաղաքական կամ ռազմավարական կաղամբ. վասն ապիկար իշխանութիւններուն:
Վերի տողերուն մէջ ըսի ու կրկնեցի, որ հայհոյելով բերանս պիտի չպղծեմ: Վերոյիշեալները երակներուս մէջ գտնուող արիւնը կ՛եռացնեն, ուստի վերստին հարց կու տամ.
– Ինչպէս Հայ Հոյ Եմ:
Ինչպէս չհայհոյեմ:
27 դեկտեմբեր 2021
Քեսապ