Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոյժ Մահուան` Տաղանդաւոր Եւ Զգայուն Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի

January 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յարութիւն Թորոսեան (1933-յունուար 2022)

Լիբանանի գեղանկարչական աշխարհին մէջ յայտնի դէմք էր Յարութիւն Թորոսեան:

10 յունուարին, փարիզեան շրջանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած է Յարութիւն Թորոսեան:

Ծնած էր 1933-ին, Պէյրութ: Մաս կը կազմէր հայ արուեստագէտներու սերունդի մը: Բազմաշնորհ արուեստագէտ էր: Միաժամանակ կը սիրէր գրել: Հետաքրքրական է իր «Անկարելի սէր» գիրքը: Իր գեղանկարչական ուսումը ստացած էր Լիբանանի Գեղարուեստից վարժարանը, ապա` Փարիզի Գեղարուեստից ազգային բարձրագոյն դպրոցը, նկարչութիւն, փորագրութիւն (gravure) եւ որմնանկարչութիւն (fresque):

Ունի հայերէնով հրատարակութիւններ եւ իր գեղանկարներու ներկայացման գիրքեր:

Անդամ էր Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու միութեան եւ Ֆրանսայի Արուեստագէտներու պալատին:

Յարութիւն Թորոսեանի ստեղծագործական ներշնչման ենթահողը երրեակ է. ծննդավայր Լիբանանը, արմատներու եւ սիրոյ հայրենիք Հայաստանը եւ Ֆրանսան` իր արուեստի մեծութիւններով:

Վերջին տարիներուն քանի մը անգամ միասին գտնուեցանք Պէյրութի ցուցահանդէսներուն եւ նուագահանդէսներուն: Ֆրանսա յաճախ իրարու հանդիպեցանք Մոնթրէօյի իր տունը եւ արձակուրի օրերուն` Նորմանտի, Վիլլեր-սիւր-մեր կամ Տովիլ ծովափնեայ քաղաքները: Կարօտով կը խօսէր Լիբանանի եռուն  կեանքին մասին, ինչպէս` իր ընկերներուն:

Յարութիւն Թորոսեանէն որպէս յիշատակ կը պահեմ երեք մերկուհիներու գեղանկարներ, որոնք գեղեցիկի եւ կեանքի մասին կը վկայեն:

Անոնք մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլան գիրքերուս կողքին` շարունակելով Նորմանտիի մեր զրոյցները, որոնք կը մեղմէին կարօտներ եւ աքսորի տխրութիւնները:

Արուեստ, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն ԲԱՆՆ իսկ են` մեզմէ առաջ սկսած, մեզմով շարունակուող եւ դէպի գալիքները ընթացող: Ինչե՜ր ըսած է գեղեցիկը: Յարութիւն Թորոսեանի մերկուհիները ի՞նչ կ’ըսէին իրեն, ի՞նչ կ’ըսեն արուեստասէրին, ի՞նչ պիտի ըսեն վաղը:

Կը դիտեմ: Ինք կը խօսի իր զգացումներով:

Կը մնայ ներկայութիւն:

Այդպէս է Բանի եւ Արուեստի բաց պատուհանը:

Լիբանանի արուեստի կեանքին եւ անոր զարգացման մէջ իր տեղը ունէր Յարութիւն Թորոսեան, ինչպէս` իրմէ առաջ շիջած Զաւէն Խտըշեանը, Լիւսի Թիւթիւնճեանը եւ շատեր: Իր սերունդէն ուրիշներ, հակառակ Լիբանանի եւ լիբանահայութեան ապրած խոր տագնապին, կը շարունակեն ստեղծագործել եւ կենդանութեան շունչ տալ հայ կեանքին:

Իր ետին տաղանդաւոր արուեստագէտի պայծառ յիշատակ կը թողու Յարութիւն Թորոսեան:

Օր մը, յաղթահարելէ ետք ներկայի բարդութիւնները, սփիւռքի հայ արուեստագէտներու թանգարան կը ստեղծուի՞ Հայաստանի մէջ, որպէսզի հայկական ժառանգութիւնը պահուի: Այդ կ’ըլլայ օտար երկինքներու տակ տարածուած հայ միտքի լոյսին հայրենիքի տուած տիրութեան եւ սիրոյ տուրքը:

Յարութիւն Թորոսեանի հետ արուեստասէրներ իրենց անաւարտ զրոյցները պիտի շարունակեն իր նկարներուն հետ:

11 յունուար 2022, Նուազի-լը-Կրան

 

Նախորդը

Ինչպէս Չհայհոյեմ

Յաջորդը

Կարեւորը՝ Հաւատա՛նք Սփիւռքի Ներուժին

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.