Ա. Ա.
Խորհրդային Միութեան վարչատարածքային կառոյցին մէջ քաղաքական իւրայատուկ նշանակութիւն ունին «կղզեակ»-ները,որոնք թէեւ հանրապետութեան տարածքներով շրջապատուած էին, սակայն կը պատկանէին այլ հանրապետութեան մը եւ կը բնակուէին այդ հանրապետութեան քաղաքացիներով:
«Եղբայր» հանրապետութեան մը բնակիչներով բնակուած կղզեակներ այլ հանրապետութեան մը սահմաններուն մէջ ստեղծելով` Ստալին կը հետապնդէր սատանայական ծրագիր մը, որուն ահաւոր հետեւանքները ի յայտ եկան խորհրդային կարգերու փլուզումով: Քսաներորդ դարու մեծագոյն ոճրագործը համարուող Ստալին կղզեակներու միջոցով միջցեղային գրգռութիւններ եւ բախումներ ստեղծելով` ջանաց տուեալ երկիրներուն ներքին կայունութիւնը միշտ խախուտ պահել, որպէսզի կարենայ տիրել եւ իշխել: 1920-ական թուականներուն նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն միջեւ սահմանագծման ստալինեան ծրագիրը կը ստեղծէր փոքրամասնութիւններ, որոնք խորհրդային հանրապետութիւնները անկայուն պիտի պահէին:
Խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ Կեդրոնական Ասիան առիւծի բաժինը կը խլէ կղզեակներու թիւով, սակայն բնաւ արհամարհելի չէ Հայաստանի պարագան: Նախկին Խորհրդային Հայաստանի սահմաններուն մէջ գոյութիւն ունէին ազրպէյճանական չորս կղզեակներ` Վերին Ոսկեպար, Քարքի, Սոֆուլու եւ Բարխուդարլու:
Ազրպէյճանի մէջ ալ գոյութիւն ունէր Արծուաշէնը, որուն բնակչութիւնը արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն բռնագաղթուեցաւ:
Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք կղզեակներու կապուած բազմաթիւ հարցադրումներ եւ տեսակէտներ հրապարակ նետուեցան եւ կացութիւնը առաւել բարդացուցին, որովհետեւ իրավիճակը առաւելաբար խճճուած է մայրուղիներու ցանցին եւ ճանապարհներու բաւական կնճռոտ լաբիւրինթոսի մը պատճառով:
Նախ` Վերին Ոսկեպարի պարագան: Այս կղզեակը,որուն տարածութիւնը 25,5 քառակուսի քիլոմեթր է եւ կը գտնուի Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ` Վարին Ոսկեպարի հարեւանութեամբ: Շրջանը ներկայիս դատարկ է եւ իբրեւ արօտավայր կը ծառայէ Վարին Ոսկեպարի անասնապահներուն համար:Անիկա նաեւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար: Քառասուն չորսօրեայ պատերազմին պատճառով Վերին Ոսկեպարը ուշադրութեան առարկայ դարձաւ, երբ հինգ օգոստոս 2021-էն ետք տարածուեցան տեղեկութիւններ, թէ ռուս սահմանապահներ Վերին Ոսկեպարի մէջ տեղակայուած են: Օրին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց այս տեղեկութիւնը: Քաղաքական թէ հասարակական շրջանակներ մտավախութիւն յայտնեցին, որ ռուսերու տեղակայման կրնայ հետեւիլ Վերին Ոսկեպարի Ազրպէյճանին յանձնումը:
Վերին Ոսկեպարը յստակ օրինակ մըն է ստալինեան հրէշային ծրագրին: Հայաստանի ծայրամասը տրուած է Ազրպէյճանի,որպէսզի Հայաստանի միջպետական մայրուղիներէն մին անցնի Վերին Ոսկեպարէն, որ ազրպէյճանական կղզեակի մը վերածուած էր: Այլ խօսքով, Ազրպէյճանի ամբողջական հակակշիռին տակ կը պահուի հայկական միջպետական մայրուղիի մը մէկ կարեւոր հատուածը: Դաւադրութիւնը շատ կը յստականայ, երբ նկատի ունենանք, որ Վերին Ոսկեպարէն կ՛անցնի Հայաստանի միջպետական M-16 մայրուղին, որ Վարին Ոսկեպարը Նոյեմբերեանին կը կապէ: Այս հատուածը նաեւ Հայաստանը Վրաստանին կը կապէ M-6 մայրուղիին միջոցով:
Հոս անմիջապէս պէտք է նշել, որ ցամաքային կապի քաղաքականութեան վառ օրինակ մըն է Սիւնիքի մարզի Գորիս- Կապան մայրուղին, որուն որոշ հատուածները ազրպէյճանական տարածքներէ կ՛անցնին: 25 օգոստոս 2021-ին ազրպէյճանական զօրամասեր փակեցին M-2 մայրուղիին Գորիս-Որոտան-Շուռնուխ- Կարմրաքար հատուածը:Ապա ոստիկանական եւ մաքսային անցակէտեր հաստատուեցան եւ ազրպէյճանցիները սկսան տուրք գանձել իրանական բեռնատարերէն: Իսկ 11 նոյեմբեր 2021-էն սկսեալ ազրպէյճանական անցակէտեր սկսան Գորիս-Կապան մայրուղիին վրայ սահմանային եւ մաքսային հսկողութիւն կատարել` ստուգելով հայաստանեան բեռնատարները եւ ինքնաշարժները:
Ըստ քաղաքական որոշ մեկնաբաններու, այս կարգադրութիւնները կրնան արդիւնքը ըլլալ համաձայնութիւններու, որոնց մասին հայկական կողմը քար լռութիւն կը պահէ: Ասիկա, սակայն, կը մնայ ենթադրութիւններու սահմաններուն մէջ, եւ պաշտօնական ոչ մէկ կեցուածք գոյութիւն ունի, թէ Գորիս-Կապանի կապակցաբար համաձայնութիւն գոյացա՞ծ է, թէ՞ ոչ:
Ինչ կը վերաբերի Սոֆուլուի եւ Բարխուդարլուի, ապա Աղստեւ գետին երկու ափերուն գտնուող այս կղզեակները, որոնց տարածութիւնը 10,1 քառակուսի քիլոմեթր է, 1990-ական թուականներէն սկսեալ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ են: Երկու շրջաններն ալ ամայի են: Անոնք ներկայիս Տաւուշի մարզի սահմնամերձ գիւղերու անասնապահներուն համար արօտավայրեր են: Այս երկու շրջաններուն կարեւորութիւնը պայմանաւորուած է անոնց դիրքով, որովհետեւ կը գտնուին Հայաստանի միջպետական M-4 մայրուղիին վրայ, որ դէպի Հայաստան- Ազրպէյճան միջպետական սահման կը շարունակուի:
Քարքի-Տիգրանաշէնի պարագան, սակայն, բաւական յստակ կը դարձնէ Ստալինի ծրագիրը: 8,4 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ այս շրջանը կը գտնուի Հայաստանի Արարատի մարզի Պարոյր Սեւակ համայնքին կազմին մէջ, որ Արարատ միաւորուած համայնքին մաս կը կազմէ:
Ըստ 2011-ի մարդահամարին, Պարոյր Սեւակ համայնքը ունի 516 բնակիչ: Պարոյր Սեւակ գիւղ` 365, Տիգրանաշէն գիւղ` 151:
Տիգրանաշէնը 1920-ական թուականներուն իրաւականօրէն մաս կը կազմէր Խորհրդային Հայաստանի: Պատմաբաններ կը հաստատեն, որ Անդրկովկասեան Դաշնութեան Կեդրոնական Գործադիր Կոմիտէի սահմանագծային յանձնախումբի նիստերուն ընթացքին Տիգրանաշէնի շուրջ քննարկումներ չեն եղած, որովհետեւ անոր հայկական պատկանելիութիւնը շատ յստակ էր: Բայցեւայնպէս Տիգրանաշէն 1938-ին վերածուեցաւ ազրպէյճանական կղզեակի մը եւ անցաւ Նախիջեւանի ենթակայութեան տակ:1990-ական թուականներուն, ինչպէս հիւսիսային կղզեակներէն, նաեւ Քարքիէն ազրպէյճանցիներ փոխադրուեցան Նախիջեւան, իսկ Պաքուէն բռնագաղթուած հայեր վերաբնակուեցան Քարքիի մէջ, որ հայկական Տիգրանաշէնն է,ուրկէ անցնող M-2 միջպետական մայրուղին, որ Հայաստանի մատակարման չորրորդ կարեւորագոյն գիծն է, կառուցուեցաւ 1990-ական թուականներուն, եւ այսպիսով Տիգրանաշէնի ռազմավարական կարեւորութիւնը առաւել շեշտուեցաւ: Մայրուղին նախապէս կ՛անցնէր Վեդիէն:Այս ճանապարհը տարանցիկ ուղի է եւ Հայաստանը կը կապէ Սեւ ծովուն եւ եւրոպական երկիրներուն: Անիկա նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ցամաքային կարեւոր կապ է, եւ եթէ Տիգրանաշէնը Ազրպէյճանին յանձնուի, Հայաստան պիտի կտրուի Իրանի հետ ցամաքային ուղիէն: Պէտք է նաեւ նշել, որ M-2 մայրուղին իր համանուն մէկ ճիւղաւորումով Հայաստանը կը կապէ Արցախին:
Հիմա, որ Ազրպէյճան անդադար կը խօսի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ճիգերը արգելակող գործօններու մասին, նկատի ունի այս կղզեակներու պատկանելիութեան խնդիրը, որ բանակցութիւններու բաւական բարդ նիւթի կրնայ վերածուիլ, եթէ հայկական կողմը լաւապէս չպատրաստուի եւ առարկայական տուեալներու հիմամբ չպաշտպանէ Հայաստանի համար այնքան կենսական հիւսիսային եւ հարաւարեւելեան այս շրջաններուն հայկական պատկանելիութիւնը: Ասիկա ոչ մէկ կապ եւ առնչութիւն ունի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման անխուսափելի հոլովոյթին հետ: Խնդիրը կը վերաբերի ստալինեան քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք Ազրպէյճանին յանձնուած հայկական շրջաններու իսկական պատկանելիութիւնը հաստատելու եւ զանոնք չյանձնելու պետական կեցուածքներու: