Անդրադարձ

Մանկութիւն Չունեցող Մանուկներ

Անորոշ Ժամանակ, Յստակ Նպատակ

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Ամանորը Սիտնիի մէջ նշուեցաւ, ինը ժամ ետք հասաւ Պէյրութ, եօթը ժամ ետք` Թորոնթօ: Նոյնպէս, արեւմտեան երկիրները Սուրբ Ծնունդը 25 դեկտեմբերին նշեցին, հայերը 6 յունուարին, իսկ ռուսերը` 7-ին: Հետաքրքրական է, թէ ինչպէ՛ս երկու տօները, իրենց նշման թուականէն ու միջավայրէն անկախ, յատուկ յոյս մը կը սերմանեն բոլորին սրտերուն մէջ: Ուժ մը, որ մեզ կը մղէ ինքնաքննութեան: Ի վերջոյ, մէկը կեանքի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԴ. Հայկազեանի Հրթիռները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 1968-1969 տարեշրջանին Հայկազեանի նախորդող երկու տարիներու ժամանակաւոր տնօրէնը` ազնուական անձնաւորութիւն մը, որ նաեւ իմ ճանչցած բնագիտութեան լաւագոյն դասախօսն էր` դոկտ. Ճոզեֆ Սփրետլին (Joseph Spradley, 1933-2016) եւ Հրայր Սահակեանը դժբախտաբար մեկնած էին: Իսկ աստուածաբանութեան դոկտոր դարձած թեքսասցի Էտուըրտ Հարթը վերադարձած էր` թէ՛ իբրեւ բնագիտութեան դասախօս եւ թէ՛ ալ իբրեւ ուսանողական արտադասարանային գործունէութեան վարիչ: 1.Դոկտ. Ճոզեֆ Սփրետլի` 2001-ին եւ 1967-ին: ...

Ակնարկ.    Թուրանական Գարուն Կամ Ուքրանիա 2

Ակնարկ. Թուրանական Գարուն Կամ Ուքրանիա 2

Ղազախստանի իրադարձութիւններու քաղաքական տարատեսակ ընթերցումներն ու մեկնաբանութիւնները` յաճախ հակասական, երբեմն  իրար լրացնող, այնուամենայնիւ պատահարներուն բուն շարժառիթները չեն կրնար տեղադրել յստակ շրջագիծի մէջ: Թուրանական գարունի տեսութիւնը կը շրջագայի միջազգային վերլուծաբանութեան մէջ. յետխորհրդային հանրապետութիւններու մէջ գործող եւ չհեռացող ղեկավարներու փոփոխութեան գործընթացին մէջ իրադարձութիւնները մեկնաբանելու երեւոյթները ուշագրաւ են: Ռուսական ազդեցութեան պայքարի ղազախստանեան գործողութիւնը եւս տեսանելի է: Անշուշտ` իշխող հարստապետական կարգերուն դէմ ժողովրդային ընդվզումի...

Սթափելու Ժամանակը

Հզօր Հայաստան Եւ Հզօր Սփիւռք

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական ամանորեան գիրով 2022 տարին կը հռչակէ «Սփիւռքի տարի»: 1988-ին ծայր առած ղարաբաղեան պահանջատիրական շարժումը, որ հետագային վերածուեցաւ Խորհրդային Միութենէն անջատման ու անկախութեան շարժման եւ հնարաւոր դարձուց Արցախի հայութեան ինքնորոշման ու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի տարածքի ընդարձակման, յանգեցաւ հայկական երկու անկախ պետութիւններու ստեղծման: Շատ բնական մղումով մը, պատմակշիռ այս դէպքերը սփիւռքի ազգային...

Հայ Դատի Հետապնդման Մարտավարական Նոր Քայլերու Ճշդում` Հայութեան Համար Բաւական Անորոշ Աշխարհաքաղաքական Պայմաններու Մէջ

Հայ Դատի Հետապնդման Մարտավարական Նոր Քայլերու Ճշդում` Հայութեան Համար Բաւական Անորոշ Աշխարհաքաղաքական Պայմաններու Մէջ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Նոյեմբեր 29-էն 3 դեկտեմբեր 2021-ին, հինգ օր շարունակ, Երեւանը, Գորիսը եւ Ստեփանակերտը եղան հանդիպման վայրերը աշխարհատարած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն: Հայ դատի յանձնախումբերու սոյն խորհրդաժողովին մասնակցած շուրջ 20 կառոյցներէ 50 ներկայացուցիչներ այդ 5 օրուան ընթացքին լսեցին զեկուցումներ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն շուրջ ստեղծուած նոր իրադրութիւններուն, Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքներուն եւ համաթուրանական ներկայ սպառնալիքներուն...

Առաջնորդական Պատգամ.  Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

Փշրուած Ծնունդը

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ «Զի Աստուածն յաւիտենական յերկրի երեւեցաւ, եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ» (Սրբասացութիւն սուրբ պատարագի)   Հրեշտակներու եւ մարդոց համբոյրի դրոշմով ցօղի նման երկինքէն երկիր իջաւ մանանայի նման հոգիներու սափորները յորդեցուց նշխարի նման բաշխուեցաւ եւ առատացաւ Ծնաւ նոր արքան նաեւ Լիբանանի մայրիներու աւերեալ պուրակին մէջ առանց երգի` լացով առանց յոյսի` մութին մէջ առանց հացի` սեւ երազով միայն իր սիրող մօր...

Մահուանդ Տարելիցին`  Սիրելի՛ Գառնիկ, Միշտ Մեզի Հետ Ես

Մահուանդ Տարելիցին` Սիրելի՛ Գառնիկ, Միշտ Մեզի Հետ Ես

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Նոր Տարուան գիշերը շա՜տ սպասեցի: Բազմաթիւ շնորհաւորական հեռաձայններուն եւ մեսեճներուն մէջ, սպասեցի քու հեռաձայնիդ: Սովորութիւն դարձուցած էիր տարեմուտի զանգէն առաջ` ժամը 11:45-ին անպայման հեռաձայնել եւ յատուկ ոճով շնորհաւորել, բարեմաղթութիւններ կատարել եւ ժամադրուիլ յաջորդ օրն իսկ տեսնուելու: Արդէն մէկ տարի է Գառնիկ, մեկնեցար ու առանձին ձգեցիր քու ընտանիքդ, ընկերներդ, ակումբդ, ՀՄԸՄ-ի հսկայ ընտանիքը, Ազգային առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին,...

Նամակ Եղբ. Գառնիկին

Նամակ Եղբ. Գառնիկին

ՎԵՐԱ Տարի մը անցա՞ւ արդէն: Այդքան արա՞գ: Այո՛, արագ, բայց ճնշող: Ճնշող` Գառնիկ Մկրտիչեանը ճանչցող, յարգող, սիրող բոլոր անհատներուն համար: Մահուանդ Ա. տարելիցն է այսօր, եղբա՛յր Գառնիկ: Հոգեհանգստեան արարողութիւն կը կատարուի քու պատկանած շրջանիդ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Այդ շրջանը, որուն համար քու անձէդ եւ ընտանեկան պահերէդ զոհած ես յաճախ: Պատմական պահեր ապրած ես Պուրճ Համուտի մէջ: Սորված եւ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Որքա՜ն Դժուար Է Առանց Քեզի

ԱՆԻ Արդէն իսկ տարի մը անցաւ Գառնի՛կ, քու ֆիզիքապէս բացակայութեանդ. չեմ կրնար բառերով արտայայտել, թէ որքա՛ն դժուար է շնչել առանց քեզի, ապրիլ առանց քեզ տեսնելու եւ հետդ զրուցելու, շարունակել` գիտնալով, թէ դուն այս աշխարհին վրայ մեզի հետ չես այլեւս, պիտի չհանդիպինք քեզի կրկին® Քու կանխահաս մահովդ կեանքիս ընթացքը ամբողջովին փոխուեցաւ, ապրելակերպս այլ ձեւ ստացաւ, որովհետեւ անոր համ ու հոտ տուող...

Մէկ Տարի` Առանց Քեզի, Պա՛պ

Մէկ Տարի` Առանց Քեզի, Պա՛պ

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ 1 տարին արդէն անցաւ, պա՛պ: 1 տարին շատ արագ անցաւ: 1 տարին չեմ գիտեր ինչպէ՛ս անցաւ... Եւ այսօր կը մտածեմ, թէ ի՞նչ կրնամ գրել կամ ի՞նչ կրնամ ըսել այս 1 տարուան մասին... Մեր զգացումները նկարագրելը, բնականաբար,  բաւական դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ երբեք չէինք պատկերացներ, որ մեր կեանքը այսքան շուտ եւ այսքան զօրաւոր ու ծանր փոփոխութեան պիտի ենթարկուի... Երբեք...

Երբ Հողն Կորսնցնէք…

Հարուստ Էշեր Ենք

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ Կը մաղթեմ, որ այս Նոր տարուան մթնոլորտին մէջ ամէ՛ն մանուկ առաւել կամ նուազ չափով նուէր մը ստացած ըլլայ իր ծնողներէն ու սիրելիներէն, որովհետեւ նուէրին ներկայացուցած արժէքէն աւելի անոր պատճառած հոգեկան ու բարոյական հրճուանքն ու ցնծութիւնն է, որ առ յաւէտ կը մնայ մանուկին ներաշխարհին մէջ: Նուէրը մանուկի մը համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ յաճախ ան կարողութիւնը չ՛ունենար ընտանիքի տնտեսական...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Քաղաքակրթութիւններու Բախման Ենթադրեալ Կամ Իրաւ Վտանգին Դիմաց

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Խօսուեցաւ քաղաքակրթութիւններու բախման մասին, անցեալին կ՛ըսէինք Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութիւն, ոմանք կը խօսին կրօնական պատերազմի մասին: Ժամանակակից քաղաքակիրթ աշխարհը, ՄԱԿ-ի անդամ 191 երկիրները, որոնք կը թուին միացած ըլլալ համերաշխութեան եւ համագործակցութեան համար, թատրոն կը սարքեն, եւ բարեմիտ-միամիտներ կ՛ուզեն հաւատալ: Կիրքի, մերժումներու, ատելութեան եւ ոճիրներու մթնոլորտ ստեղծուած է, ուր կրօնական եւ-կամ գաղափարախօսական մոլեռանդութիւնը փոխարինած է արտայայտուելու եւ կրօնի ազատութիւնները` սպառնալով մշակութային...

Դէպի Ո՞ւր. Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Դէպի Ո՞ւր. Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Զ. Լ. Աւելի քան տարի մը ետք կ՛ուզեմ անդրադառնալ 2020 սեպտեմբեր-նոյեմբեր պատերազմին` հարցը դիտելով աւելի լայն դիտանկիւնէ: Արդ, աւելորդ է անգամ մը եւս ըսել, որ երբ դիւանագիտութիւնը կը լռէ, հրանօթները կը գոռան: Աւելորդ է ըսել նաեւ, որ դիւանագիտութիւնը, ինչպէս պատերազմը եւ ընդհանուր համակարգը քաղաքական նպատակներու կը ծառայեն: Առանց քաղաքական յստակ նպատակներու` դիւանագիտութիւնը կը ճապաղի, կը խարխափէ, անորոշութեան կը մատնուի: Փաստօրէն...

Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ

Գնայուն Անցորդներ Եւ Մնայուն Համակիրներ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Կուսակցութեան մը հիմնական ուժը իր անդամները կը հանդիսանան, սակայն անոր ներուժը իր համակիրներն են: Ահա անոնց է, որ կ՛ուզեմ անդրադառնալ այստեղ նախքան «անցորդներուն» մասին ալ խօսիլս: Ճիշդ է` ամէն մարդ չէ, որ կրնայ կուսակցական ըլլալ: Չի բաւեր ընդունիլ կուսակցութեան մը ծրագիրն ու կանոնագիրը, հաշտ ըլլալ անոր գործելակերպին, ենթարկուիլ անոր որոշումներուն, տակաւին` ամէն ջանք ալ ընել, իսկ Դաշնակցութեան պարագային` երդնուլ...

Ս․ Ծնունդի Խթումը Եւ Ղըդդասի Խիթամը

Ս․ Ծնունդի Խթումը Եւ Ղըդդասի Խիթամը

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ Հայ եկեղեցին Յունուարի 6-ին Սուրբ պատարագէն ետք կը կատարէ Ջրօրհնէք, որ կը խորհրդանշէ Յորդանան գետին մէջ Քրիստոսի մկրտութիւնը։ «Խաչով եւ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած հրաշագործ ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին՝ ի բժշկութիւն հոգեւոր եւ մարմնաւոր ախտերու»։ Ս․ Ծնունդի տօնը կը ներառէ թէ՛ Քրիստոսի ծնունդը, թէ՛ մկրտութիւնը։ Անտիոքի շրջանի հայերը իւրայատուկ սովորութիւններ ունէին Ծնունդի խթման գիշերով, երբ կ՛աւարտէր եօթնօրեայ պահեցողութիւնը։ Քեսապի...

ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի  Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը.  Փրկութեան Յոյսն Ու Շնորհը` Խռովայոյզ Աշխարհի Վրայ

ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Փրկութեան Յոյսն Ու Շնորհը` Խռովայոյզ Աշխարհի Վրայ

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն: «Փառք ի բարձունս մեծիդ Աստուծոյ, որ եկիր եւ փրկեցեր զտիեզերս Քոյով յայտնութեամբ» (Շարական Սուրբ Ծննդեան): Սիրելի՛ հաւատաւոր ժողովուրդ, Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» երկնաձայն աւետիսով Մեր սէրն ու բարեմաղթանքներն ենք բերում ձեզ` եկեղեցում համախմբուած բարեպաշտ հաւատացեալներիդ, համայն մեր ժողովրդին եւ Աստուածորդու առջեւ խոնարհուած հովիւների ու հրեշտակների...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը.  Բեթղեհէմ`  Աղբիւր Յաւիտենական Կեանքի

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Բեթղեհէմ` Աղբիւր Յաւիտենական Կեանքի

Յովհաննէս առաքեալ իր Առաջին ընդհանրական նամակը կը սկսի վկայելով, թէ` Որդին, Բանը, որ նոյնինքն կեանքն էր, Բեթղեհէմի ճամբով յայտնուեցաւ մարդուն (1.1-2): Այս գծով անհրաժեշտ է հետեւեալ ընդգծումները կատարել.- - Աստուած` ստեղծիչը կեանքին: Աստուածաշունչը կը հաստատէ, որ Աստուած ստեղծիչն է կեանքին: Տիեզերքի մէջ ոեւէ գոյութիւն ինքնագոյ չէ, իր գոյաւորիչը ունի: Աստուած ոչինչէն ստեղծեց տիեզերքը իր բանական եւ ոչ բանական արարածներով` ստեղծագործութեան...

Ի Խնդիր Մարդկային Գոյութեան Նորոգութեան`  Ս. Ծննդեան Լոյսը Ընդունինք Մեր Հոգիներուն Մէջ

Ի Խնդիր Մարդկային Գոյութեան Նորոգութեան` Ս. Ծննդեան Լոյսը Ընդունինք Մեր Հոգիներուն Մէջ

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ. հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս, տան աւետիս աշխարհի»: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Ահաւասիկ, անհունին լուսամուտը դարձեալ կը բացուի մեր դիմաց, որպէսզի կեանքի նորոգութեան բաղձանքով, Նոր տարի մը դիմաւորենք մեր առօրեային մէջ, եւ ի խնդիր մարդկային գոյութեան նորոգութեան` Ս. Ծննդեան լոյսը ընդունինք մեր հոգիներուն մէջ: Արդարեւ, երբ ամբողջ աշխարհը կ՛անցնի արտասովոր հարցերու ու խնդիրներու բովէն, երբ...

Ուրախութեան Աւետիս` Փոփոխութեան Աւետիս

Ուրախութեան Աւետիս` Փոփոխութեան Աւետիս

«Մի՛ վախնաք, վասնզի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ: Վասնզի այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ,  որ օծեալ Տէր է»: Ղուկ. 2.10-11 Այս մեր օրերուն դժուար է մտածել, թէ ուրախութեան առիթ կրնայ ըլլալ մեզի համար: Վախը աւելի իրական է մեր ապրած այս երկիրներուն մէջ, քան ուրախութիւնը: Եւ իրական է ա՛յն,...

Բոլոր Ժամանակներու Հայ Ազգային Քաղաքական Հանգանակին Խտացումը` Դաշնակցականութիւնը

Յիսուսի Ծննդեան Տօնը Անորոշութեան Եւ Յուսաբեկութեան Ժամանակներուն Յոյս Ներշնչող Աւետիսն Է

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Մարդկութիւնը կը գտնուի մեծ անորոշութեան եւ յուսաբեկութեան կացութեան մը մէջ: Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր «Քորոնա» ժահրի համավարակը կը շարունակէ կեանքեր հնձել, վարակուողներուն թիւերը օրէ օր նոր նշաձողեր կ՛արձանագրեն, եւ յստակ չէ, թէ վերջ ի վերջոյ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս մարդկութիւնը պիտի կարենայ իր վերահսկողութեան տակ առնել համավարակը: Միեւնոյն ժամանակ ժահրին կազմուածքին մէջ ներքին փոփոխութիւններու պատճառով նոյն ժահրէն...

Page 283 of 807 1 … 282 283 284 … 807

Արխիւներ