Կը Կարծենք…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այդ օր պատահաբար Դիմատետրի էջիս վրայ հանդիպեցայ հետեւեալ քանի մը օրինակներուն, որոնք ինծի ինքնաբերաբար տարին չես գիտեր մինչեւ ուրտեղերը: Արդիւնք. մեր ներկայ կեանքի անօրինակ մթնոլորտին մէջ դարձեալ սկսած էի ես զիս փնտռել: Բայց նախ միտքս պարզեմ: Կարգով յիշեցնեմ: Ա.- Տարիներ առաջ Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթը սպաննողին դատարանին մէջ հարց տուին. Դատաւոր.- Ինչո՞ւ սպաննեցիր մեր երկրի նախագահը: Ոճրագործ.- Նախագահը...




















