Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Կարծենք…

Մայիս 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օր պատահաբար Դիմատետրի էջիս վրայ հանդիպեցայ հետեւեալ քանի մը օրինակներուն, որոնք ինծի ինքնաբերաբար տարին չես գիտեր մինչեւ ուրտեղերը:

Արդիւնք. մեր ներկայ կեանքի անօրինակ մթնոլորտին մէջ դարձեալ սկսած էի ես զիս փնտռել: Բայց նախ միտքս պարզեմ: Կարգով յիշեցնեմ:

Ա.- Տարիներ առաջ Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթը սպաննողին դատարանին մէջ հարց տուին.

Դատաւոր.- Ինչո՞ւ սպաննեցիր մեր երկրի նախագահը:
Ոճրագործ.- Նախագահը կարծեմ աշխարհիկ մըն էր:

Դատաւոր.- Է՛հ, ի՞նչ կը նշանակէ «աշխարհիկ»:
Ոճրագործ.- Այդ բառին իմաստը ես ալ չեմ գիտեր:

Բ.- Եգիպտացի յայտնի գրող եւ մտաւորական Նեկիպ Մահֆուզ օր ցերեկով սպաննուեցաւ: Ապա դատարանին մէջ.-

Դատաւոր.- Ոճրագործ, ինչո՞ւ սպաննեցիր մեծ գրագէտը:
Ոճրագործ.- Որովհետեւ ան մեր նոր սերունդին համար անյարմար բաներ կը գրէր:

Դատաւոր.- Արդեօ՞ք կարդացած ես Նեկիպի գործերը:
Ոճրագործ.- Ո՛չ, չեմ կարդացած, լսած եմ:

Գ.- Եգիպտացի մտաւորական Ֆարալ Ֆուտան սպաննելուն համար ոճրագործ մը ձերբակալուեցաւ: Դատարանին մէջ.-

Դատաւոր.- Ինչո՞ւ սպաննեցիր մտաւորական Ֆարաճը:
Ոճրագործ.- Որովհետեւ ան իսլամ չէր եւ անհաւատ մըն էր:

Դատաւոր.- Ուրկէ՞ գիտէիր, որ ան անհաւատ մըն էր:
Ոճրագործ.- Իր գիրքերէն:

Դատաւոր.-  Էհ, դուն իր գիրքերը կարդացա՞ծ ես:
Ոճրագործ.- Ո՛չ, ես կարդալ չեմ գիտեր:

Դ.- Աստուածաշունչէն (Ղկ. 23.34)

Յիսուսի խաչին վրայ, վերջին պահուն իր Հօր հետեւեալը ըսաւ.
«Հայր ներէ ՛անոնց, որովհետեւ անոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ’ընեն»:

Իսկ հիմա ուրկէ՞ սկսիմ: Կ’ուզէ՞ք աւելին շարեմ: Շարունակեմ:

Առաջին իսկ հերթին, պիտի փորձեմ ամփոփել մտածումներս` միաժամանակ  բացայայտելով մտահոգութիւններս: Նաեւ պիտի աշխատիմ դուրս գալ այս անկարգ ու անկանոն վիճակէս ու այս բոլորին մէջ որոշ եզր մը գտնել: Մտքիս մէջ կարծես ամէն ինչ խառնակ է: Վերի օրինակները յստակօրէն կը պարզեն, որ մարդոց մօտ յաճախ արմատացած եւ քարացած մնացած են զանազան մտայնութիւններ ու մտածումներ: Պէտք է գիտնալ, որ կեանքի մէջ ամէնէն վտանգաւոր մարդիկը անոնք են, որոնք իրենց սահմանափակ մտածողութեամբ չեն կրնար ընկալել ճիշդը, իրաւը, դրականը եւ վերլուծել խնդիրներուն էութիւնն ու կուրօրէն կը հետեւին ուրիշներուն եւ կամ կը բաժնեն անոնց կարծիքները:

Անոր համար, վշտահար անցորդի նման, յաճախ կը վախնամ բառերէս:

Ներկայ մեր ապրած կեանքը իրապէս որ ցաւալի է: Յստակօրէն բոլորս ալ ցաւի աշխարհը կ’ապրինք ու այսպէս ալ կ’երթանք, առանց մեր կամքին:

Ամէն «բան» նիւթականացած է: Դրամը դարձած է մարդոց մօտ միակ պաշտելին: Արարք, սէր, բարեկամութիւն եւ խոստում` դարձած են կեղծ, շինծու եւ խաբեբայ: Յարգանքը կորսուած է եւ սուտն ալ` բազմապատկուած: Բարին եւ բարիկամեցողութիւնը մահացած են: Ահա այս է կեանքը:

Ու նման մտահոգ մտքերով միշտ ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք վերակազմել եւ վերակազմուիլ: Յստակ պատասխան մը չունիմ:

Տողերս թէեւ շատ պարզ են, սակայն ոչ մէկ գաղտնիք պահած եմ անոնց ետեւ: Հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս կ‘ուզենք ազգային հաւաքականութեան մը գոյատեւումն ու բարգաւաճումը տեսնել, եթէ նոյն այդ հաւաքականութենէն ներս բացակայ են դրական քննադատողի գրիչն ու խօսքը, անոր ձայնն ու մատնանշումները:

Իրականութիւն է, որ ներկայիս ներքին հարցերու մէջ ճարճատող երկիր մը դարձած է մեր հայրենիքը, որուն գլխաւոր խորհուրդը, այնպէս կ’երեւի, թէ մարդոցմէ հեռացած է: Ե՞րբ մենք տէրն ու տիրականը պիտի ըլլանք մեր միտքերուն: Ե՞րբ պիտի անդրադառնանք եւ զանազանենք էականը միւսէն:

Նախապայման է, որ բոլորս ալ դառնանք անկախ մտքով եւ սրտով հայեր ու մեր պահանջը ճակատաբաց դնենք սեղանին վրայ` առանց ատելութեան:  Քաջութեամբ մօտենանք մեր իրականութեան:

Գուշակ ըլլալու պէտք չկայ: Պարտուած երկիր մը ունինք: Մեր բոլորին մէջ ոխն ու վախը, չարն ու բարին իրար խառնուած են: Կայ կոյր ատելութիւն եւ տագնապ:

Մեր երազները փլած եւ ուղեղներն ալ սառած են: Կարծես հոսանքէն տարուած կ’ապրինք: Ուստի, երկար կը մտածեմ, որ այս օրերուն մեզի եւ անպայման հայ մարդու թա՛փ է պէտք: Իր ազգին գլխաւոր ձգտումներով մտահո՛գ հայ մարդ է պէտք: Միասնական ղեկավարութի՛ւն է պէտք, որպէսզի որոնենք մեր ինքնութիւնը: Ասոնք են պահանջուածները:

Մենք տակաւին ազգովին կը կարծենք, որ ամէն «բան» գիտենք® Չենք անդրադառնար, որ ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած ենք:

Լրջանա՛նք:

 

 

 

Նախորդը

Ճակատագրական Ընտրանքներու Ժամանակներ

Յաջորդը

Ակնարկ. «Զարթի՛ր, Լաօ՛»-էն Անդին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?