Անդրադարձ. 2022 Սփիւռքի Տարի – Դ. Ինչո՞ւ Արեւելահայ Վրացեանին Եւ Արեւմտահայ Հօրս Սփիւռքը Վտանգուած Չէր Բ.
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սիմոն Վրացեանին ընտանիքը Նոր Սալա` իրենց գիւղը կը վերադառնայ, ուր Սիմոն թեմական վարժարանը կը յաճախէ, եւ այնտեղ դասընկերոջ մը հրաւէրով կուսակցական կը դառնայ: Սակայն, առաջին անգամ ժողովատեղիին հասցէն սխալելով, փոխանակ հնչակեան գործիչին դուռը զարնելու` դաշնակցականին դուռը կը զարնէ, հոն ալ կը մնայ եւ այդպիսով դաշնակցական կը դառնայ: Եթէ ռուսական Տիմաշովկա գիւղը մնային, Սիմոն իր պատանեկութեան երկուստեք առաջին սիրոյն`...



















