Անդրադարձ

Հիմա՛ Հայացանք

Հիմա՛ Հայացանք

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Միւռոնօրհնէքի օրը արտասովոր եռուզեռ մը կը տիրէ Անթիլիասի մէջ: Անիկա հայութեան համար յուսապատճառ, սրտամօտ, ուրախառիթ եւ հոգեհարազատ օր մըն է: Այդ օրը Անթիլիասի մայրավանքը հայութիւն կը քաղցրաբուրէ: Ա՛յնքան տիրական կ՛ըլլայ հայութեան բոյրը, որ նոյնիսկ երջանկայիշատակ մեր հսկայ կաթողիկոսներուն շիրիմները կը պայծառափայլին, կը պայծառաշողան ու կը պայծառակերպուին: Յարութեան նախօրինակը կ՛ապրին կարծէք: Հայութեան բոյրին հետ հետզհետէ կը շաղախուի սրբալոյս...

Համազգային երկրորդ հռչակագրին ընդառաջ

Խօսք. Խախտուած Չափանիշների Աղէտալի Հետեւանքները…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր 2018 թուականի ապրիլի թաւշեայ յեղաշրջումից ի վեր խախտուել են բոլոր կարգի ու բնագաւառների ազգային ու պետական չափանիշներն ու քիչ թէ շատ ընկալեալ ստանդարտները ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ աշխարհասփիւռ հայութեան համար... Ահաւասիկ խախտուած գլխաւոր չափանիշները` փաստերով. 1.- Յեղաշրջմանը յաջորդող ամիսներին (նոյնիսկ` շաբաթներին եւ օրերին) ի սկզբանէ խախտուեցին կենցաղային-հասարակական գէթ մինչ այդ ընդունուած չափանիշները. ա.- Փոխադարձ...

Իմ ու Լիլիթին Զրոյցը` «Մօր Զրոյցը» Գիրքին Մասին

Իմ ու Լիլիթին Զրոյցը` «Մօր Զրոյցը» Գիրքին Մասին

Լիլիթ եւ ես զրոյց մը ունեցանք: Որոշեցինք հարցազրոյց ընել, բայց որպէսզի պաշտօնականութենէ դուրս գանք եւ հարազատութիւն մը պահենք ընթերցողին հետ, միասնաբար որոշեցինք պատմողական ձեւով ներկայացնել մեր հարցազրոյցը ձեզի: Մեր զրոյցին նիւթը կը կեդրոնանար իր անձին եւ իր գործին շուրջ, եւ որովհետեւ այս յօդուածը այդ զրոյցին մասին է, ուրեմն պէտք է անդրադառնալ ի՛ր անձին եւ ի՛ր գործին: Լիլիթ Մովսիսեանը 2022 թուականիս...

Կեդրոնականցին Բարձրավանդակի Եւ Բարձրաւանդակի Մասին

Կեդրոնականցին Բարձրավանդակի Եւ Բարձրաւանդակի Մասին

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա Կեդրոնականցին երբ այցի չի գար, միշտ կապ կը պահէ, չի լռեր, նամակ կը գրէ համացանցով: Կը լսէ եւ կը տեսնէ բաներ, որոնց հանդէպ խուլ եւ կոյր են մանրուք բաներով չզբաղող հանգամանաւորները. նախագահ, ատենապետ, խմբագրապետ, ղեկավարներ: Առաւօտեան սուրճէն ետք սեփական կապի նախարարիս` համակարգիչիս դիմեցի: Նամակներու մէջ էր Կեդրոնականցիին ել-նամակը: Թերթերու սովորական ըսած-գրածէն առաջ կարդացի Արմենակի նամակը: «Մակա՛րս, «Գարնան...

Ինքնութեանդ Միւռոնը

Ինքնութեանդ Միւռոնը

ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ Ինքնութի՜ւն... Վեհ անուն, արժէք եւ մարդուն դիմաց դրուած գիտակից պարտականութիւն: Ինքնութի՜ւն... Մարտահրաւէր, ճշմարտութիւն, յաւերժութեան հրամայական եւ երաշխիք: Ինքնութի՜ւն... Հայուն վայել, հայուն պատմութիւնը կերտող բառ եւ առաւել կեանք ապահովող հիմք: Յուլիս մէկին կրկին անգամ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պատմութիւն պիտի կերտուի` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հակառակ Լիբանան երկրի մտահոգ կացութեան, Լոյսը` Սուրբ Հոգին, կրկին անգամ իր ճառագայթները պիտի արձակէ: Յոյսը`...

Դժուա՞ր Բան Է Հայ Ըլլալը (Թարթափումներ)

Գաղթականը

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Ջարդին հարիւր տարին լրանալուն քանի մը տարի մնացեր էր, բայց մենք արդէն մոռցեր էինք արեան հետ մեզի հասած այդ ծանր ապրումը` շնորհիւ մեզ հիւրընկալած Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու պետութիւններուն, բայց մանաւանդ` անոնց բարի եւ հիւրընկալ ժողովուրդներուն ասպնջականութեան: Մեր հայրենիքը եւս, թօթափած լուծերուն ծանրագոյնը, սկսեր էր շնչել ու ապրիլ` փորձելով արժանապատիւ կեանքի մը պայմանները ստեղծել ժողովուրդին համար: Բայց ժամանակը...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Սրբալոյս Միւռոնով Կը Քրիստոնէանանք, Սրբալոյս Միւռոնով Զօրանանք…

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Միւռոն բառը կու գայ յունարէնէ (μύρον), որ կը նշանակէ  անուշաբոյր իւղ: Սուրբ միւռոնի գործածութիւնը հարիւրամեակներու պատմութիւն չէ՛ եւ ո՛չ ալ եկեղեցւոյ կողմէ աւելցուած իրականութիւն, ինչ որ շատեր սխալ կը կարծեն ու դժբախտաբար կը պնդեն: Եթէ Աստուածաշունչը լաւապէս ընթերցենք, այնտեղ պիտի տեսնենք, որ սրբալոյս միւռոնի գործածութիւնը կու գայ Տիրոջ գիրքէն եւ Անոր պատուէրներէն. «Սուրբ օծման իւղ պիտի...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Երանգապնակ` Սեւ Երիզով

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Երէկուընէ ի վեր  սա հատորը ափերս կ՛այրէ:  «Ես եմ, ես կա՛մ» «Պատկերագիրքը ներառում է արցախեան 44-օրեայ պատերազմում նահատակուած քսանհինգ հերոս երիտասարդ արուեստագէտների ստեղծագործութիւնների ընտրանին»:  Նախաձեռնութիւն` Համազգային Հայ մշակութային ու կրթական միութեան: Քսանհինգ են անոնք. ինքնավստահ, ժպտուն, մտածկոտ, վճիտ նայուածքով տղաք, որ կեանքի անդաստանին մէջ իրենց օրերը կերտելու փոխարէն` հաւաքուեր են, Մահը զիրենք փոխադրեր է ալպոմի մը մէջ: Փոքր...

Գարեգին Կաթողիկոսի Վախճանման 23-րդ Տարելիցի Առիթով

Գարեգին Կաթողիկոսի Վախճանման 23-րդ Տարելիցի Առիթով

ԱՇՈՏ ՇԱՐՈՒՐԵԱՆ Արդէն քսաներեք տարիներ անցան 1999 թուականի յունիսի 29-ից, երբ Գարեգին վեհափառը (1977-1995 թուականներին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. եւ 1995-1999 թուականներին` Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոս) հեռացաւ մեզանից: Ահա թէ ինչպիսի՛ գնահատանքի խօսքեր էին հնչում այն ժամանակ լուսահոգի հայրապետի հասցէին. «Գարեգին վեհափառը 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կեանքի ամէնէն շքեղ եւ փայլուն անձնաւորութիւններէն մէկն էր, իմաստուն, խոհեմ, զգաստ,...

Ակնարկ.  6-րդ Կէտը Չէ Նախատեսած Տարածքներու Յանձնում

Ակնարկ. 6-րդ Կէտը Չէ Նախատեսած Տարածքներու Յանձնում

Հայաստանի վարչապետը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պարզ դարձուց, որ Հայաստան-Արցախ կապող Լաչինի միջանցքի փոփոխութեան կը նախապատրաստուին կողմերը: Իր այս հաստատումը հիմնաւորելու համար ան յղում կատարեց 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ներառած համապատասխան կէտին` այլընտրանքային երթուղիի կառուցման համաձայնութեան: Ըստ իրեն, նոր կառուցուող երթուղային ճանապարհը պիտի ըլլայ աւելի յուսալի, եւ անիկա նպատակ ունի ամուր կապ, աւելի որակեալ ճանապարհ ապահովելը: Իբրեւ երաշխիք Փաշինեանը նշած է, որ...

Ակնարկ.  Թուրանական Կամուրջի Կասեցումն ու «Ռեւանշիստական» Ուժերը

Ակնարկ. Թուրանական Կամուրջի Կասեցումն ու «Ռեւանշիստական» Ուժերը

Անգարայէն եւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները  ապաշրջափակման եւ սահմանազատման-սահմանագծման առումներով որոշ շտապողականութիւն կը մատնեն եւ բնականաբար համակարգուած ըլլալու համոզումը կը փոխանցեն: Այսպէս. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարելէ ետք, թէ իրենք կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, կը շեշտէր, որ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կը սպասեն «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման, որ կապ կ՛ապահովէ «Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն» հետ: Չաւուշօղլուն կը վերաշեշտէր, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի...

Ս. Միւռոնի «Յարութեան Գերեզմանին» Առջեւ

Ս. Միւռոնի «Յարութեան Գերեզմանին» Առջեւ

ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Միայն քանի մը օրեր կը բաժնեն մեզ այն պատմական պահէն, որուն համար սպասած ենք եօթը տարիներ: Նոյնիսկ ս. միւռոնի կաթսան, հարսի մը պէս քողարկուած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի խորանին վրայ կը սպասէ այդ երանելի պահուն, երբ ի տես բազմահարիւր ժողովուրդի` պիտի բանայ իր կափարիչը, պիտի «շողարձակէ» իր բուրումնաւէտ զօրութիւնը եւ լեցնէ մեր էութիւնը նոր շունչով մը:...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Ազգին «Դիմադրութիւն»-ը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ազգին «Դիմադրութիւն»-ը

9 նոյեմբեր 2021-էն ի վեր Արցախի ու Հայաստանի անձնատուութեան համաձայնութեան դէմ պայքարող ընդդիմութեան շարժումը քանի մը փուլէ անցաւ: Ընդդիմութեան ռազմավարութիւնը մնաց անփոփոխ` կանխել Արցախի ու Հայաստանի պետականութեանց անկումը, Հայաստանի թրքացումը եւ արծարծել պետութեան ազգայնացման խիստ կարեւոր հարցը: Այս բոլորին համար իշխանափոխութիւնը միջոց էր ու միջոց է, որովհետեւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, հակառակ պետութեան սպառնացող վտանգներուն, չկրցան պաշտպանել այն հիմնական ուղղութիւնը, որուն...

Մեր Խօսքը

Դէպի Ազգային Պետականութիւն…

«Ցոյց տանք աշխարհին, որ հայը ազատ, անկախ ապրելու իրաւունք ունի: Այժմ կամ երբե՛ք»: Ահաւասիկ Արամ Մանուկեանի պատասխանը` թրքական բանակի յարձակումներուն: «Երեւանը չենք դատարկի» գոչելով Արամը կրցաւ կազմակերպել հայկական բանակի ինքնապաշտպանութիւնն ու հակայարձակողականը: Շնորհիւ անհաւասար, սակայն վճռական եւ միասնական Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն` հայ ժողովուրդը իր արեան գնով հիմքը դրաւ իր ազգային պետութեան: Սակայն այս պետութիւնը երկար չդիմացաւ ապազգային...

«Երիտասարդութիւնը Միայն Ապագան Բնորոշողը Պէտք Չէ Ըլլայ, Այլ` Այդ Բնորոշուածը Ծրագրի Վերածողը, Իրականացնողը»  «Ռազմիկ»-ին Ըսաւ Յակոբ Խաչերեան

«Երիտասարդութիւնը Միայն Ապագան Բնորոշողը Պէտք Չէ Ըլլայ, Այլ` Այդ Բնորոշուածը Ծրագրի Վերածողը, Իրականացնողը» «Ռազմիկ»-ին Ըսաւ Յակոբ Խաչերեան

Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Յակոբ Խաչերեանին հետ, որ անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան պատմական նշանակութեան եւ երիտասարդութեան` անկէ քաղելիք դասերուն: «ՌԱԶՄԻԿ».- Ի՞նչ է Հայաստանի Ա. անկախութեան պատմական նշանակութիւնը: ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԵՐԵԱՆ.- Մայիս 28-ի  խորհուրդը եւ պատմական նշանակութիւնը լաւագոյնս գնահատելու համար պէտք է վերադառնանք անկախութեան նախորդող...

Ներկայ Գոյապայքարը

Ներկայ Գոյապայքարը

ՇԱՀԱՆ-ՃՈՐՃ ՀԱՒԱԹԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ 28 մայիս 1918-ին հիմնուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Ազգ մը, որմէ դարեր շարունակ խլուած էր պետականութիւնը, գտաւ իր յոյսի նշոյլը` նորահաստատ պետութեան սեմին: 1918-ին, Մեծ եղեռնի վէրքերը տակաւին բոլորովին չդարմանուած, արեւմտահայը մտադիր էր վերադառնալ իր պապենական տունը` Արեւմտահայաստանի մէջ: Այս մէկը պարզապէս Ցեղասպանութեան խոցի խելագարման արդիւնքի պատրանք մը չէր: 1915-1917 տարիներու միջեւ թրքական բանակը մեծ...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Զօրակցական Երթը` Հայաստանի  «Դիմադրութեան» Շարժումին

ԼԵՄ-ի Առօրեայէն

- 29 ապրիլ 2022-ին Ֆանարի «Է. Ակնունի», իսկ 30 ապրիլ 2022-ին Ռաուտայի «Շուշի» ժողովրդային տուներուն մէջ  տեղի ունեցաւ երիտասարդական հաւաք` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին: - 6 մայիս 2022-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ը եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ծաղկեպսակ զետեղեց Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` իբրեւ յարգանք Լիբանանի անկախութեան ճամբուն վրայ ինկած նահատակներու յիշատակին: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ժողովուրդը Կրնա՛յ Վերջ Տալ Հին Օրերէն Եկող Պատուհասներու «Շքերթին»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երբ նախակրթարանի մէջ կրօնի առաջին դասերը կ՛առնէինք, արարչագործութեան ու անոր հետեւած բազում իրադարձութիւններուն շարքին կար բաժին մը, որ միաժամանակ ահ եւ ակնածանք ստեղծած էր մեր մանուկ ուղեղներուն ու հոգիներուն մէջ: Սա Եգիպտոսի մէջ գերիի վիճակին մատնուած հրեայ ժողովուրդին փրկութեան ճիգերու շարքն էր: Փարաւոնը մերժած էր արտօնութիւն տալ, որ հրեաները վերադառնան իրենց դաւանած հայրենիքը: Եւ ահա Աստուած զայրացած էր...

Քաղաքական Անդրադարձ.  Փաշինեանի Կառավարութեան Աշխարհաքաղաքական Սխալները

Փայլան Եւ Օրուչ Այցելեցին Պէյրութ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Երկուշաբթի, 20 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին Համրայի «J Hotel» այցելեցին Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երկու երեսփոխաններ` Կարօ Փայլանը  եւ Թուլայ Հաթիմօղուլլարի Օրուչը: Անոնք հանդիպում մը ունեցան խումբ մը լիբանանցի, քիւրտ, պաղեստինցի եւ հայ մտաւորականներու, հետազօտողներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ: Երեսփոխանները անոնց հետ քննարկեցին` Թուրքիոյ քաղաքական իրավիճակը, յառաջիկայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան դիրքորոշումը...

Ուքրայինայի  Հակամարտութեան Լուծման Վարկած Մը

Ուքրայինայի Հակամարտութեան Լուծման Վարկած Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ռուսիոյ եւ Ուքրայինայի  միջեւ բանակցութիւնները դադրած են Մայիսի կէսէն ի վեր։ Այժմ շրջանառութեան մէջ դրուած է նշեալ բանակցութիւնները վերականգնելու եւ հակամարտութեան «տարածք՝ խաղաղութեան դիմաց» սկզբունքին հիմամբ լուծում մը գտնելու գաղափարը։ Իրողութիւն մը, որ իր արձագանգը գտաւ ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի 19 Մայիս թուակիր խմբագրականին մէջ, ուր կը նշուէր. «Եթէ հակամարտութիւնը իսկական բանակցութիւններու յանգի, ուքրայինացի  ղեկավարներուն պիտի...

Page 252 of 807 1 … 251 252 253 … 807

Արխիւներ