Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ազգին «Դիմադրութիւն»-ը

June 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 նոյեմբեր 2021-էն ի վեր Արցախի ու Հայաստանի անձնատուութեան համաձայնութեան դէմ պայքարող ընդդիմութեան շարժումը քանի մը փուլէ անցաւ: Ընդդիմութեան ռազմավարութիւնը մնաց անփոփոխ` կանխել Արցախի ու Հայաստանի պետականութեանց անկումը, Հայաստանի թրքացումը եւ արծարծել պետութեան ազգայնացման խիստ կարեւոր հարցը:

Այս բոլորին համար իշխանափոխութիւնը միջոց էր ու միջոց է, որովհետեւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, հակառակ պետութեան սպառնացող վտանգներուն, չկրցան պաշտպանել այն հիմնական ուղղութիւնը, որուն համաձայն, բանակցութիւններուն մէջ հարկ էր պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, Հայաստանի սահմաններուն ապահովութիւնը եւ առիթ չտալ,  որ ազրպէյճանական կողմը, խախտելով 9 նոյեմբերի համաձայնագիրն անգամ, համարձակի նոր տարածքներ բռնագրաւել Արցախէն ու Հայաստանի սահմաններէն եւ սպառնալ Արցախի բնակչութեան:

Հայաստանի վարչապետը 44-օրեայ պատերազմի նախօրէին բանակցութիւնները զերոյէն սկսելու տրամաբանութեամբ արտաքին լսարանին ուղերձներ կը յղէր` առաւելաբար Ազրպէյճանը պատերազմի մղելու յաւակնութեամբ, իսկ պատերազմի աւարտով ու բանակցութիւններու ձախող ընթացքին բերումով, օրերս, խորհրդարանի նիստին ելոյթ ունենալով, կրկին կը յենի նախկին բանակցութիւններուն վրայ, բանակցելու իր ճկունութեան բացակայութիւնը բարդելու նախորդ տարիներու բանակցային գործընթացին վրայ, դիմադրութիւնն ու դիմադրողները նսեմացնելու կիսատ-պռատ տեղեկութիւններով, առանց մտածելու իր խօսքերուն անդրադարձին մասին անգամ ազրպէյճանական ու թրքական շրջանակներուն մօտ:

Աւելի՛ն. Փաշինեան կը յայտարարէ, որ խաղաղութեան իր սկսած գործընթացը չ՛երաշխաւորեր Հայաստանի ապահովութիւնը:

Անյաջող բանակցութիւնները այլոց վրայ բարդելն ու ոչ մէկ յաջողութիւն երաշխաւորելը կրաւորական մօտեցում է պարզապէս, յանձնառու ղեկավարէն այս չի պահանջուիր Հայաստանին ու հայութեան սպառնացող վտանգալից այս օրերուն:

1 յուլիսին կը նախատեսուի նաեւ Բերձորի յանձնումը` որպէս շարունակութիւն իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան: Բերձորի յանձնումով Արցախը վերջնականապէս կը կորսնցնէ իր կապը Հայաստանին հետ, փոխարէնը` Հայաստան Ազրպէյճանին ու Թուրքիոյ կը շնորհէ բաց սահմաններ, յանուն ինչի՞ սակայն…

Երեւելի չե՞ն Սուրիոյ հետ բաց սահմաններէն ետք Թուրքիոյ սանձազերծած յարձակումներն ու Սուրիայէն իսկ տարածքներ բռնագրաւելով` թուրանական իր ծրագիրները իրականացնելու նկրտումները:

Հայաստանի պարագային ինչպէ՞ս պիտի կանխուի Արցախի հայաթափումը, Հայաստանի թրքացումը, եթէ չկան ազգային քաղաքականութիւն վարող իշխանութիւն, ազգային պետականութիւն:

«Դիմադրութիւն» շարժումով սկսած այս պայքարը ազգային հիմնաւորուած պայքար է: Այդ պայքարը նախկիններու եւ նորերու պայքար չէ, ազգային լինելութեան, գոյութեան պահպանման պայքար է:

Այս շարժումն է, որ պիտի կանխէ արտաքին ուժերուն պարտադրած հետագայ զիջումները: Շարժումը, որուն միացան նաեւ արցախահայեր, պարզեց իր նպատակը, արտաքին լսարանին հասցուց Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու մերժման ձայնը, կոտրեց տատամսոտ քաղաքականութեան ու նախկիններու սխալներով արդարանալու խաբէութիւնը ու բացաւ պայքարի յստակ, բայց երկար ուղի, որուն վախճանական նպատակը պիտի ըլլայ ազգային տեսլականով օժտուած իշխանութեան ձեւաւորումով առկայ մարտահրաւէրներու դիմակայումն ու հիմնահարցերու լուծումը:

«Դիմադրութիւն»-ը երկարատեւ պայքարի ուղին ընտրած է` որպէս հայոց պետականութեան ու հայ ժողովուրդի փրկութեան միջոց ու արտաքին աշխարհի ճնշումներուն դիմաց համախմբուելու ազդակ:

Նախորդը

«Լիբանանահայ Երիտասարդը` Լիբանանահայութեան Ապագան» Խորագրով Երիտ-Ուսանողական Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Ս. Միւռոնի «Յարութեան Գերեզմանին» Առջեւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.