Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Բարձրավանդակի Եւ Բարձրաւանդակի Մասին

July 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Կեդրոնականցին երբ այցի չի գար, միշտ կապ կը պահէ, չի լռեր, նամակ կը գրէ համացանցով: Կը լսէ եւ կը տեսնէ բաներ, որոնց հանդէպ խուլ եւ կոյր են մանրուք բաներով չզբաղող հանգամանաւորները. նախագահ, ատենապետ, խմբագրապետ, ղեկավարներ:

Առաւօտեան սուրճէն ետք սեփական կապի նախարարիս` համակարգիչիս դիմեցի: Նամակներու մէջ էր Կեդրոնականցիին ել-նամակը: Թերթերու սովորական ըսած-գրածէն առաջ կարդացի Արմենակի նամակը:

«Մակա՛րս,

«Գարնան տօթէն եւ հեղեղներէն ետք հիմա երբ օրացուցային ամառ է, բայց կարծես ձմեռնամուտ է: Մոլորակ եւ կլիմայ մարդոց պէս շուարած են:

«Բնապահպանները կ’ըսեն, որ մարդը խանգարած է բնութեան կարգը:

«Խանգարուելու համար խանգարող պէտք է: Այդպէս է հայ կեանքը, ուր կանոն է կամաւոր բանգիտական անտիրութիւնը:

«Հայ քաղաքներու մասին հետաքրքրական գիր մը ստացայ: Բնավայրեր: Հայոց պատմութիւն` ժողովուրդին կառուցած քաղաքներով: Գիրքը արեւելահայերէն էր, անոր աբեղեանական ուղղագրութիւնը վերածուած էր մեսրոպեան հարազատի:

«Ուշադրութիւնս վրիպեցաւ եւ գնաց անտիրացած հայերէնի: Այլեւս անզօր ենք եւ պարտուած` աբեղեանական կոչուած աբեղ-ցփեղ ուղղագրութեան աւերին դէմ: Գէթ արեւմտահայերէնը պէտք է պաշտպանել անոր վարակին դէմ, որ փոխած է հայերէն բառերու տեսքը եւ սխալագրութեան հետեւանքով` իմաստները:

«Ուշադրութիւնս գրաւեց ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿ բառը, որ այդպէս կը գրեն աբեղեանականները: Դպրոցի աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի հասկնան, որ ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿ-ի ՎԱՆԴԱԿ-ը իրենց տան պատշգամի գունաւոր փետուրներով թութակի վանդակը չէ, Հայաստան լեռնադաշտն է:

«Բառերու ստուգաբանութենէն անտեղեակ եւ աշխարհագրութիւն չգիտցողը անմիջապէս կը հասկնայ, որ բարձր տեղ մը վանդակ կայ: Եւ կ’եզրակացնէ, որ հայկական քաղաքները ԲԱՐՁՐ ՎԱՆԴԱԿ-ի մէջ են:

«Հրատարակիչները ներածականին մէջ գործածած են ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿ-ը: Ի՞նչ պիտի հասկնայ ընթերցողը: Մի՞թէ բարձր վանդակի մը մէջ պիտի բանտարկենք հայոց արծիւը:

Այնպէս` ինչպէս վասն արդիականութեան հայերէնի հարազատ ուղղագրութիւնը «վանդակեցուած է»:

Բազմանդամ խմբագրական կազմը ինչպէ՞ս չէ անդրադարձած սխալագրութեան պատճառով ստեղծուած իմաստի անհեթեթութեան եւ մեր լեզուի ԱՆԴ-ը յայտնուած է ՎԱՆԴԱԿ-ի վիճակի մէջ: Միայն այս զարտուղութիւնը բաւարար չէ՞, որ կրկին մտածուի հարազատ ուղղագրութեան վերականգնումի մասին:

Զոյգ աշխարհաբարներու մերձեցման փո՞րձ է ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿ-ի մուտքը արեւմտահայերէնի մէջ:

Արեւմտահայերէն գրող խմբագիրներ, բանաստեղծներ, հրատարակիչներ եթէ երբեմն բառարան բանան, կը տեսնեն, որ հոն կան ԱՆԴ, ԱՆԴԱՍՏԱՆ, ԲԱՐՁՐԱՒԱՆԴԱԿ եւ զանազան այլ բառեր, նաեւ` ԶԵՂՉ եւ ԶԻՂՋ:

Այսպէս ալ կ’ըլլայ, այնպէս ալ կ’ըլլայի (չ)իմաստութեան աւերի առաջքը ո՞վ պիտի առնէ եւ ինչպէ՞ս:

«Մակա՛ր, գրէ՛ ընկեր բարեկամներուդ, որ մեծ ու պզտիկ քայլերով կը նահանջենք եւ կ’երթանք դէպի վերջնական պարտութիւն:

«Ի քաղցր տեսութիւն`

«Քոյդ` Արմենակ Կեդրոնականցի»

Նամակի ընթերցումէն ետք մտածեցի, որ եթէ վերջին կեդրոնականցիներն ալ լռեն, ի՞նչ պիտի մնայ բազմահազարամեայ հայ ազգէն եւ անոր ինքնութենէն: Ծակպտուկ իմաստուն մը օր մը կ’ըսէր, որ նման իրարանցում «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած էր»:

28 յունիս 2022

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (30 Յունիս 2022)

Յաջորդը

Իմ ու Լիլիթին Զրոյցը` «Մօր Զրոյցը» Գիրքին Մասին

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.