Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Ազգային Պետականութիւն…

Յունիս 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ցոյց տանք աշխարհին, որ հայը ազատ, անկախ ապրելու իրաւունք ունի: Այժմ կամ երբե՛ք»:

Ահաւասիկ Արամ Մանուկեանի պատասխանը` թրքական բանակի յարձակումներուն: «Երեւանը չենք դատարկի» գոչելով Արամը կրցաւ կազմակերպել հայկական բանակի ինքնապաշտպանութիւնն ու հակայարձակողականը: Շնորհիւ անհաւասար, սակայն վճռական եւ միասնական Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն` հայ ժողովուրդը իր արեան գնով հիմքը դրաւ իր ազգային պետութեան: Սակայն այս պետութիւնը երկար չդիմացաւ ապազգային պոլշեւիկներուն եւ քեմալական Թուրքիոյ ջանքերուն պատճառով` վերջ դնելու մեր պատմութեան ամենափայլուն էջերէն մէկուն:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն 70 տարի ետք եւ Արցախի ազատագրական պայքարի յաղթանակէն ետք հայ ժողովուրդը դարձեալ մատնուեցաւ նոյնանման ճակատագրական պահի, սակայն այս անգամ պատերազմական ցնցումէ մը ետք Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ մէկ ճիգ խնայեցին հարուածելու մեր ազգային պետականութեան հիմքերը:

Դժբախտաբար վերջին տարիներուն հայրենիքի մէջ ականատես դարձանք այնպիսի քաղաքականութեան մը, որ կը փորձէ մեզ մեր անցեալէն խզել, մեր ներկան խորտակել, փոշիացնել տարիներու աշխատանքը եւ անհեռանկար ապագայ ուրուագծել մեզի ու գալիք սերունդներուն համար: Այդ յանցաւոր քաղաքականութեան աւերիչ հետեւանքները խիստ զայրոյթ ու բողոք կը յառաջացնեն եւ ժամ առաջ զայն կասեցնելու անյետաձգելի պարտաւորութեան տակ կը դնեն իւրաքանչիւրս: Արդ, արտաքին ճակատի վրայ մեր ազգի ու հայրենիքի իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ կ՛աւելնայ ներազգային ջլատիչ, պարտուողական ու ապազգային քաղաքականութեան դէմ անհաշտ պայքար ծաւալելու պարտաւորութիւնը: Այդ կասկածելի քաղաքականութիւնը արդէն մեծ աւերներ գործած է, ուստի նժդեհեան ոգին ու դրաստամատեան կամքը, բոլոր ժամանակներէ աւելի, այսօր ամէն մէկ հայի ու դաշնակցականին համար առաջնորդող ուղեցոյց են եւ մեր ուժերը կրկնապատկելու կոչ` յանուն Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:

1918-ի մայիս 28-ի խորհուրդը կու գայ մեզի յուշելու Նիկոլ Աղբալեանի այնքան այժմէական ու այնքան անհրաժեշտ հետեւեալ խօսքերը. «Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգու սենեակը, խօսէ՛ք ձեր խղճի հետ ու ասէք, արդեօ՞ք աշխատել էք հայ ժողովուրդի համար այնպէս, ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովուրդին, ինչպէ՛ս Արամը»: Հոս հարց կու տանք` արդեօ՞ք մենք արժանի` արժանաւոր ժառանգորդներն ենք Արամի նման քաղաքական գործիչին` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրին:

Այս բոլոր մարտահրաւերներուն դիմաց ԼԵՄ-ը կոչ կ՛ուղղէ լիբանանահայ երիտասարդներուն` ամուր կառչելու իրենց ազգային հիմքերուն, որուն վրայ մեր նախնիները խարսխեցին ազգային պետութիւնը: Ազգային պետութիւն մը, որ հիմնուած էր Դաշնակցութեան ժողովրդավարական եւ ընկերվարական սիւներուն վրայ:

Այսօրուան Հայաստանի քաղաքական իրավիճակի եւ Արցախի շուրջ քաղաքական դաւադրութիւնները եւ սադրանքները մեզի դարձեալ կը յիշեցնեն, որ պետութիւն մը չի կրնար գոյատեւել առանց հզօր պետականութեան, որ հիմնուած է ազգային գաղափարախօսութեան եւ տեսլականի մը վրայ:

Հետեւաբար մեր պայքարը համահայկական պայքար է` ամրացնելու ներքին ճակատը, ըլլայ այդ մէկը սփիւռքի, կամ հայրենիքի մէջ, եւ միւս կողմէ` պատրաստ ըլլալու հակահարուած տալու թշնամիին, որուն հիմնական նպատակն է ոչնչացնել եւ քայքայել մեր ազգային պետականութեան հիմքերը:

ՀՅԴ ԼԵՄ

Նախորդը

«Երիտասարդութիւնը Միայն Ապագան Բնորոշողը Պէտք Չէ Ըլլայ, Այլ` Այդ Բնորոշուածը Ծրագրի Վերածողը, Իրականացնողը» «Ռազմիկ»-ին Ըսաւ Յակոբ Խաչերեան

Յաջորդը

«Լիբանանահայ Երիտասարդը` Լիբանանահայութեան Ապագան» Խորագրով Երիտ-Ուսանողական Խորհրդաժողով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?