Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայլան Եւ Օրուչ Այցելեցին Պէյրութ

June 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, 20 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին Համրայի «J Hotel» այցելեցին Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երկու երեսփոխաններ` Կարօ Փայլանը  եւ Թուլայ Հաթիմօղուլլարի Օրուչը: Անոնք հանդիպում մը ունեցան խումբ մը լիբանանցի, քիւրտ, պաղեստինցի եւ հայ մտաւորականներու, հետազօտողներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ: Երեսփոխանները անոնց հետ քննարկեցին` Թուրքիոյ քաղաքական իրավիճակը, յառաջիկայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան դիրքորոշումը եւ Սուրիոյ նկատմամբ Անգարայի ռազմական ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը:

Նախ ելոյթ ունեցաւ Ատանայի ալեւի երեսփոխան Օրուչը, որ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական ճնշումներ կան ընդդիմութեան եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, եւ այժմ Թուրքիան իր դրացիներուն հետ զերօ խնդիրներ ունենալու փոխարէն` ունի զերօ յարաբերութիւններ: Երեսփոխանը շեշտեց, որ Թուրքիան պէտք է դրական դեր խաղայ Սուրիոյ մէջ:

Օրուչի համաձայն, շրջանին մէջ մեծ պետութիւններու միջեւ մրցակցութիւն կայ, եւ Թուրքիան գործիք է այս մեծ պետութիւններուն համար: Ան նաեւ ըսաւ, թէ որքան նաւթ եւ կազ կայ այս հողին տակ, նոյնքան ալ արիւն կայ: Ուստի ան յոյս յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի երկիրները կը կարողանան խաղաղօրէն եւ երկխօսութեամբ լուծել իրենց տարակարծութիւնները: Ան նաեւ ըսաւ, որ այսօր Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պաղեստինեան հարցը կ՛օգտագործէ իբրեւ ներքին սպառման եւ շրջանային օրինականութեան խաղաքարտ: Ան նաեւ դատապարտեց Թուրքիոյ ռազմական միջամտութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

Կարօ Փայլանը խօսեցաւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան գաղափարախօսութեան մասին եւ յայտնեց, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քրտական կուսակցութիւն չէ, այլ «համազգային» կուսակցութիւն է, որուն մէջ կան` թուրքեր, քիւրտեր, հայեր, ալեւիներ եւ այլ ցեղեր: Ան նաեւ ըսաւ, որ 2013-2015 թուականներու բանակցութիւնները թրքական կառավարութեան եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) միջեւ ձախողեցան, որովհետեւ Էրտողանը ռազմական ճանապարհ բռնեց եւ դաշնակցեցաւ ծայրայեղ ազգայնական Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ: Այժմ Էրտողան ամէն ջանք կը թափէ փակելու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որովհետեւ կուսակցութեան դէմ դատական հոլովոյթ մը կայ, եւ Փայլան մտահոգուած էր, որ մինչեւ յառաջիկայ ընտրութիւնները կուսակցութիւնը կրնայ փակուիլ: Ան նաեւ ըսաւ, որ մնացեալ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հակաժողովրդավարական եւ ազգայնական են, հետեւաբար Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը երրորդ ճանապարհն է:

Ան մտահոգութիւն յայտնեց, թէ ինչ որ պատահեցաւ 106 տարի առաջ հայերուն նկատմամբ, այսինքն` Հայոց ցեղասպանութիւնը, այսօր կրնայ կրկնուիլ քիւրտերուն նկատմամբ, եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը սպասէ առիթին: Ան ըսաւ, որ այն ժամանակ հայերը կը պահանջէին արդարութիւն եւ հաւասարութիւն  օսմանեան բոլոր քաղաքացիներուն համար: Այսօր ալ քիւրտերը կը պահանջեն նոյնը, հետեւաբար Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը անջատողական կուսակցութիւն մը չէ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կը կարենա՞յ միանալ ընդդիմութեան հետ` Էրտողանը հեռացնելու համար, ան ըսաւ, որ այս հարցումին տակաւին կանուխ է պատասխանել, եւ կուսակցութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ: Փայլան աւելցուց, որ յունիս 2021-ին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը առաջարկած էր ընդդիմութեան հետ բանակցիլ, սակայն տակաւին պատասխան չէ ստացած:

Ան եզրափակեց իր խօսքը` նշելով, որ Թուրքիան կ՛օգտագործուի մեծ տէրութիւններուն կողմէ, եւ հակառակ որ 2020-ի Արցախի պատերազմին Թուրքիա նեցուկ կանգնեցաւ Ազրպէյճանին, սակայն ի վերջոյ բուն յաղթանակը Ռուսիոյ էր: Նոյնպէս ալ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ, ուր ամէն անգամ, երբ Թուրքիա ռազմական գործողութիւն կը կատարէ, կը տեսնենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը կը հզօրանայ այդ երկրին մէջ: Փայլան աւելցուց. «Նայեցէ՛ք Յունաստանին, ամէն անգամ, երբ Էրտողան կը սպառնայ գրաւել յունական կղզիները, յոյները կը խնդրեն ամերիկացիներէն նոր ռազմակայաններ կառուցել իրենց երկրին մէջ: Այսպիսով, Էրտողանի քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ կը ծառայէ միայն Միացեալ Նահանգներու կայսերապաշտութեան»:

 

 

 

Նախորդը

Ուքրայինայի Հակամարտութեան Լուծման Վարկած Մը

Յաջորդը

Ժողովուրդը Կրնա՛յ Վերջ Տալ Հին Օրերէն Եկող Պատուհասներու «Շքերթին»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.