Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Միւռոնի «Յարութեան Գերեզմանին» Առջեւ

Յունիս 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Միայն քանի մը օրեր կը բաժնեն մեզ այն պատմական պահէն, որուն համար սպասած ենք եօթը տարիներ: Նոյնիսկ ս. միւռոնի կաթսան, հարսի մը պէս քողարկուած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի խորանին վրայ կը սպասէ այդ երանելի պահուն, երբ ի տես բազմահարիւր ժողովուրդի` պիտի բանայ իր կափարիչը, պիտի «շողարձակէ» իր բուրումնաւէտ զօրութիւնը եւ լեցնէ մեր էութիւնը նոր շունչով մը:

Հայ եկեղեցւոյ գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն եւ աստուածաշնչական տուեալներու վրայ հիմնուած, Ս. Միւռոնը քառասուն օրեր կը մնայ սուրբ խորանին վրայ` առ ի պատրաստութիւն այն մեծ օրուան, երբ նորին սրբութիւն վեհափառ հայրապետի ձեռամբ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի մասունք-աջով պիտի օրհնուի: Թէեւ ս. միւռոնը խորանին վրայ լուռ կերպով հանգչած կը լսէ մեր աղօթքները, սակայն այդ լռութեան մէջ ս. միւռոնի աւելի քան չորս տասնեակ բոյսերով, արմատներով եւ ծաղիկներով պատրաստուած իւղը հոգեւոր եւ անտեսանելի կրակով մը կ՛եփուի: Կարծես ս. միւռոնի կաթսային արգանդանման ամանին մէջ նոր աշխարհ մը եւ կամ նոր կեանք մը կը գոյանայ մեր տեսողութենէն վեր` խորհրդաւոր կերպով: Այս մէկը  կարելի է տեսնել միայն հաւատքի աչքերով եւ զայն զգալ աղօթական սրտով: Սակայն անիկա մեզի ալ` միաբաններուս եւ հաւատացեալներուս, կը յիշեցնէ, որ մենք ալ պատրաստուինք աղօթքով եւ երկիւղածութեամբ` ընդունելու համար Ս. Հոգիին լիառատ շնորհքները:

Որքան օրերն ու ժամերը տակաւ առ տակաւ կը մօտենան յուլիս մէկին, այնքան աւելի կ՛արագանան սրտիս զարկերը: Ս. միւռոնի կաթսային առջեւ աղօթքի կեցած պահուն կը պատկերացնեմ այդ վայրկեանը, երբ հարսի մը պէս, կաթսան, մեզ ու Եկեղեցին խորհրդանշելով, պիտի բանայ իր քողը, պիտի ընդունի Ս. Հոգիին խորհրդաւոր օրհնութիւնը եւ պիտի դառնայ բոլորովին նոր ու կենարար նիւթ: Այդ առիթը այնպիսի պահ մը պիտի ըլլայ բոլորիս համար, որ մեր մարմնին վրայ արդէն իսկ կնքուած ս. միւռոնին նշանը «պիտի շարժի», ու մենք պիտի վերանորոգուինք: Պիտի յիշենք անգամ մը եւս, որ ս. եկեղեցւոյ աւազանի արգանդէն ծնած ըլլալու առընթեր, ծնած ենք նաեւ ս. միւռոնի կաթսային ամանէն, ուրկէ դուրս «կը բխի» Ս. Հոգիի նշանը` միւռոնը: Միւռոնով վերածնած հոգեւորականներս առաւել եւս «պիտի ցնցուինք», որովհետեւ նոյն այս նշանն է, որ մեզ դարձուց նոր մարդ եւ սպասաւորներ Հայ եկեղեցւոյ: Հոգեւոր կապով պիտի վերաշնչենք մեր պատկանելիութիւնն ու հաւատարմութիւնը` ամրօրէն ագուցելով զայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին հետ: Ահաւասիկ, մեր սուրբ աթոռը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ այսօր, Մովսէս մարգարէին պէս այս հոգեւոր ժայռին կը զարնէ իր ծառայութեան ասան, որպէսզի աստուածային շնորհքը հեղու իր անգին ժողովուրդին վրայ:

Կը դիտեմ աւելի երկար ս. միւռոնի կաթսան եւ պահ մը կը պատկերացնեմ, որ կարծես անիկա Ս. Յարութեան գերեզմանը ըլլայ` հսկայ ժայռով մը փակուած: Երեք օրուան փոխարէն` քառասուն օրերէ ի վեր Քրիստոսի մարմինը կը հանգչի անոր մէջ, որպէսզի յարութեան կեանքը բանայ մեր առջեւ: Ս. հաղորդութեան խորհուրդին հետ ս. միւռոնն ալ կը պատարագուի իր նիւթեղէն իւղով կաթսային խորհրդաւոր խորութեան մէջ, որպէսզի երբ յուլիս մէկին կափարիչը բացուի, Ս. Յարութեան գերեզմանին պէս, հոնկէ ժայթքէ նոր յարութեան եւ կեանքի «լուսէ բոյրը»: Նոր էջ, նոր օր եւ նոր սկիզբ մը պիտի մեկնարկէ ս. միւռոնի կաթսային կափարիչին վերացումով: Եւ մենք, ինչպէս յարութեան օրուան իւղաբեր կիները եւ կամ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խոնարհ մոգերը, հին միւռոնը, Էջմիածնայ ս. միւռոնը, բալասանն ու վարդի իւղի շիշերը մեր ձեռքերուն, պիտի մօտենանք «Ս. Յարութեան գերեզմանին», որպէսզի մեր ընծաներն ու մեր բաժինը նուիրենք Քրիստոսի: Այլ խօսքով, մեր հինն ու ամբողջ էութիւնը պիտի խառնենք նոր կեանք բուրող ս. միւռոնին մէջ, որպէսզի նոր կեանքի եւ յարութեան շողարձակումը մեր սրտին մէջ առած` զայն կրենք նոր եօթը տարիներ եւս:

Հայոց հայրապետը` արժանընտիր գահակալ նորին սրբութիւնը, հայ ժողովուրդին ձայնն ու աղաղակը մարմնաւորելով` պիտի ձայնէ սուրբ խորանէն կենդանանար Ս. Հոգիին, որպէսզի իջնէ Անթիլիասի կաթողիկոսանիստ մայրավանք եւ «շարժէ» քառասուն տեսակէ աւելի բոյսերու եւ ծաղիկներու նիւթը պարունակող իւղը ու դարձնէ զայն սուրբ միւռոնի, որով պիտի ծնին նոր մանուկներ ու սերունդներ, նոր զինուորագրեալ եկեղեցականներ, պիտի բարձրանան նորակառոյց եկեղեցիներ ու սպասներ: Ապա հայոց մեծ սուրբին` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին բարեխօսութեան պիտի դիմենք, որպէսզի իր հրաշագործ աջը ս. միւռոնին խորը թափանցելով, Աստուծոյ ամենակալ զօրութեան ընդառաջ, երկնքի բարձունքներուն մէջ, իր հայրապետական ձեռքերը բանայ եւ Արարիչին ողորմութիւնն ու շնորհքը խնդրէ իր զաւակներուն համար: Հայոց սուրբը պիտի խնդրէ, որ Քրիստոս` Բարի Սամարացին, հասնի վիրաւորուած, սակայն հաւատքը չկորսնցուցած հայ ժողովուրդին, որպէսզի նոր միւռոնով լուայ մեր վէրքերը ու մեզ իր ուսին առնելով` հասցնէ իր բարձունքներուն` մեր ազատօրէն ու անկախ ապրելու իրաւունքը վերադարձնելով մեզի…

Շունչս կը բռնեմ եւ աղօթքով կը նայիմ ս. կաթսային: Որքա՜ն կ՛ուզեմ, որ այն  յոյսերը, որոնք աղօթքի ծրարին մէջ դրուած եւ խնամքով պահուած են այս կաթսային խորերը, Ս. Գերեզմանին դուռին հետ բացուին եւ ս. միւռոնի օրհնութիւնը ստանան: Որքա՜ն կ՛ուզեմ, այս նոր բոյրը Ծննդեան կամ Յարութեան աւետիսի պէս ամէն հայ օճախի դուռը զարնէ, մտնէ ու բնակի հոն` իր սրբութիւնն ու օրհնութիւնը ճրագի պէս վառելով ու լուսաւորելով: Որքա՜ն կ՛ուզեմ, որ ս. միւռոնի այս հզօր բոյրը, թափանցէ իւրաքանչիւր հայ անհատի էութեան ու թոքերուն մէջ, ու հաւաքէ մեզ Հայ եկեղեցւոյ սուրբ ամպհովանիին տակ, որպէսզի ոչ ոք զրկուի հաւատքի լոյսէն եւ ազգային պատկանելիութենէն: Որքա՜ն կ՛ուզեմ տեսնել այն պահը, որ այնպէս ինչպէս Քրիստոսի յարութեան լոյսը մահուան խաւարը պատռեց եւ մահը խորտակեց` նոր կեանքի բոյրը լեցնելով մեր աշխարհը, նոյնպէս չքացնէ հայրենիքը շրջապատող սեւ ամպերը…

Ահա կը լսուի ս. միւռոնի եռացող իւղին ձայնը` հաւատացեալներու աղօթքի կրակին վրայ: Ս. միւռոնի կաթսային կափարիչին հետ մեր սիրտն ալ բաց` կը սպասէ յուլիս մէկի պատմական ու խորհրդաւոր օրուան: Այո՛ պատրաստ ենք անգամ մը եւս վկաներն ու նուիրեալները դառնալու սրբալոյս միւռոնի յարութեան շնորհքին… «Բա՛ց մեզ, Տէ՜ր, զդուռն ողորմութեան, որ ողբալով կարդամք առ քեզ»:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ազգին «Դիմադրութիւն»-ը

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Սկսան

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Փոխան Գրախօսականի.  «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան
Անդրադարձ

Փոխան Գրախօսականի. «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?