Մեր Սերունդը Եւ Մեր Նախորդները Երազեցին «Միութիւն» Եւ Չգտան. Կը Գտնե՞նք
Յ. ՊԱԼԵԱՆ Համայնագիտարան մը հաւանօրէն պիտի չբաւէ մեր գրականութեան եւ մամուլին մէջ ՄԻՈՒԹԵԱՆ մասին գրուածները հաւաքելու: Երբ այսքան խօսուած է եւ կը խօսուի ՄԻՈՒԹԵԱՆ մասին, կը նշանակէ, որ ԲԱԺԱՆՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆը եւ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄը մնայուն ախտեր են: Այլապէս չէինք խօսեր: Բաժանուած հայաշխարհ, պառակտուած ժողովուրդ: Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդ մը, որուն հայրենիքին մեծ մասը բռնագրաւուած է, եւ «մնացորդաց»-ը տեւաբար վտանգի ենթակայ է, պատերազմի...



















