Լիլիթ եւ ես զրոյց մը ունեցանք: Որոշեցինք հարցազրոյց ընել, բայց որպէսզի պաշտօնականութենէ դուրս գանք եւ հարազատութիւն մը պահենք ընթերցողին հետ, միասնաբար որոշեցինք պատմողական ձեւով ներկայացնել մեր հարցազրոյցը ձեզի: Մեր զրոյցին նիւթը կը կեդրոնանար իր անձին եւ իր գործին շուրջ, եւ որովհետեւ այս յօդուածը այդ զրոյցին մասին է, ուրեմն պէտք է անդրադառնալ ի՛ր անձին եւ ի՛ր գործին:
Լիլիթ Մովսիսեանը 2022 թուականիս 21 տարեկան է, ծնունդով Գիւմրիէն եւ 16 տարեկանէն տեղափոխուած է Երեւան` ցայսօր ապրելով այնտեղ, ուր ուսանող է Թատրոնի եւ կինոյի պետական հիմնարկի արուեստի կառավարում բաժանմունքին մէջ: Ան մասնագիտութեամբ արտադրող է (producer) եւ ուսման զուգահեռ կը ստեղծագործէ:
Արցախի վերջին 44-օրեայ պատերազմին, շատերու նման, Լիլի՛թ եւս ունէր բարեկամներ ու հարազատներ, որոնք կը գտնուէին սահմանի ու դիրքի վրայ` իրենց կեանքը ի սպաս դնելով հայրենիքի անվտանգութեան պաշտպանութեան:
Ո՞վ չապրեցաւ այն ցաւը. ցաւը կորուստին, կորուստը հողին ու մարդուն, բայց մանաւանդ` մարդուն…
Բայց այդ ցաւը չմնաց իր նախնական վիճակին մէջ, այլ օրերու թաւալումով կերպարանափոխուեցաւ եւ սկսաւ իւրաքանչիւրիս մօտ տարբեր եւ երբեմն նոյնիսկ նոյն ձեւով դրսեւորուիլ:
Լիլիթին ցաւը օրերու ընթացքին դրսեւորուեցաւ գործով, եւ այդ գործը լոյս աշխարհ եկաւ իր «Մօր զրոյցը» գիրքով:
Նախքան մեր խօսիլը գիրքին մասին` ուզեցի գիտնալ Լիլիթին մասին, ուստի մեր զրոյցը ուզեցի սկսիլ շատ պարզ հարցումով մը` «Ինչո՞ւ կը գրես», եւ Լիլիթ պատասխանեց հետեւեալը. «Երկու բանի համար. առաջինը` այդ մէկը կը համարեմ ի վերուստ տրուած շնորհք, որ պէտք չէ անտեսել, իսկ երկրորդը` ես գրելով աշխարհին կը ձգեմ միտք, որ կրնայ նոյնիսկ ապրիլ ինձմէ ետք, եւ այդ գաղափարը մշտապէս յառաջ կը մղէ զիս: Ամենակարեւորը, սակայն, այդ միտքը պէտք է փոխէ աշխարհը»: Լիլիթ գրելով կը հասկնայ, որ իր գոյութիւնը իմաստ մը ունի, ի զուր չէ ծնած ու եկած աշխարհ, այլ ունի առաքելութիւն մը, բայց երբեմն նոյնիսկ ինքնիրմէ եւ իր կարողութիւններէն կը զարմանայ, թէ ինչպէ՛ս կը յաջողի գրել: Մարդիկ յաճախ կը ստորադասեն իրենց կարողութիւնները: Միշտ հաւատք պէտք է ունենալ սեփական անձին հանդէպ:
Բայց ինչպէ՞ս զգացած էր այդ շնորհքը, ինչպէ՞ս դրսեւորուած էին անոր առաջին քայլերը, որո՞նք էին զայն յառաջ մղողները այս ասպարէզին մէջ:
Լիլիթ տակաւին 16 տարեկան էր, երբ սկսաւ բանաստեղծութիւններ գրել, բայց միայն` իրեն համար, այսինքն ոչ մէկ տեղ կը հրապարակէր զանոնք: Այդպէս, ան իր յոյզերը կը կառավարէր եւ ձեւով մը ինքզինք լաւ կը զգար, բայց չէր անդրադառնար, որ այդ մէկը կրնար շնորհ ըլլալ: Անգամ մը, երբ բեմադրիչ իր ընկերներէն մէկը կարդացած էր իր գրածներէն կտոր մը, ըսած էր իրեն, որ պէտք էր շարունակել գրել, բայց ան կը ծիծաղէր ու բնաւ լուրջի չէր առներ այդ մէկը, բայց իր բառերով` «Կեանքը հետաքրքրական բան մըն է, եւ առանց հարցնելու` մեզ կը տանի այնտեղ, ուր պէտք է ըլլանք»:
Լիլիթին հեղինակութեամբ նոր լոյս տեսած «Մօր զրոյցը» գիրքը մենախօսութիւնն է մօր մը իր զաւկին նուիրուած` անոր ապրած ու անմահացած շրջանին: «Զաւակ»-ը 44-օրեայ պատերազմի նահատակ Էտկար Աղապապեանն է, որ տարիներու ընթացքին հայրենասիրութեան ոգին կոփած էր իր մէջ` հայրենի շունչի տակ: Մայրը անդրադարձ մը կու տայ զաւկին ծնած օրէն` անդրադառնալով անոր արժէքին եւ զաւկին հետ ունեցած յիշատակներուն եւ անոնց ունեցած սերտ կապին մասին: Գուրգուրանքն ու մայրական սէրը ներկայ են ամբողջ զրոյցին մէջ:
Լիլիթ գիրքը գրած է 7 ամսուան ընթացքին: Էտկարի մասին այնտեղ յիշուած տեղեկութիւնները տրամադրած են ոչ միայն անոր մայրը եւ ընտանիքը, այլ նաեւ` բարեկամները եւ զինակից ընկերները: Դժուար էր գեղարուեստական լուծումներ գտնելը, որովհետեւ կենցաղային ոճով ու պարզ բառամթերքով կը պատմէին պատահածը: Հիմնականօրէն կը ստեղծագործէր գիշերները. եղած են օրեր, երբ ան ունեցած է կասկած, թէ ուժ չունի շարունակելու եւ չի կրնար աւարտին հասցնել գիրքը:
Գրողը ինքն է, մօր լեզուով կը խօսի, եւ այդ խօսքը միայն մօրը չէ, այլ համայնապատում մըն է Էտկարի մասին` բոլորին կողմէ, մօր հոգիին մէջ զգացուած եւ ապրուած:
Թէեւ յստակ է, բայց ինծի համար հետաքրքրական էր գիտնալ հեղինակին պատասխանը այն հարցումին, որ հակառակ պատմութիւնը հաւաքագրութիւն մը ըլլալուն` ան ընտրած է մօ՛ր լեզուն այդ զրոյցը կատարելու համար:
Պարզեց, որ սկիզբի շրջանին ինքն ալ շուարած էր, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր սկսիլ նիւթը: Ապա, իր բառերով, ըսաւ. «Հասկցայ, որ մենք մեզ կը խաբենք ու չենք գիտեր մօր իրական սէրը մեզի հանդէպ: Եւ չիմանալով ծնողքի սէրը, նուիրումը եւ անձնազոհութիւնը` չենք կրնար գնահատել ոչ միայն զայն, այլ նաեւ մեզ շրջապատող ամէն ինչ: Այդ էր պատճառը, որ ընտրեցի այս ձեւաչափը: Եւ վստահօրէն կրնամ ըսել, որ սա անկեղծ մօր զրոյցն է ո՛չ միայն իր զոհուած որդիին, այլ նաեւ ընթերցողին հետ:
Անդրադարձ մը կատարելու համար գործընթացին` անոր հարցուցի, թէ գիրքը գրելու մտայղացումէն մինչեւ հրատարակութիւն ինչպիսի՞ յիշարժան դէպքեր կային, զորս կ՛ուզէր այսօր հայրենիքէն ներս թէ դուրս ընթերցողը գիտնայ, որովհետեւ շատ անգամ մենք գիրքը կը կարդանք եւ կ՛ուզենք աւելիին մասին գիտնալ, ինչպէս տեսաշար մը դիտելով` կը փորձենք մեր երեւակայութեամբ շարունակութիւն մը տալ անոր` մեր պատկերացումով, բայց կը մոռնանք, որ այդ տեսաշարի ընթացքի՛ն նաեւ կան բաներ, որոնք չեն ըսուած, չեն երեւիր:
Անկեղծօրէն ինծի համար ալ դժուար էր հարցումներ տալը նման նիւթի մը շուրջ, որովհետեւ ուղղակի պատահած իրական նիւթ մըն էր եղածը, եւ այնտեղ հոգեկան աշխարհը գերիշխող է, զգուշ պէտք էր ըլլալ ոեւէ մէկը վիրաւորելէ` որեւէ մէկ ձեւով:
Պատմեց, որ տակաւին կասկածի փուլին մէջ էր ինք, երբ պատահաբար գտնուեցաւ «Վէպից կինօ» քննարկման` «Կինօ Մոսկուա»-ի սրահէն ներս: Այնտեղ ծանօթացաւ գրող Մարկ Առենին: Հոն իրենց միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութիւնը առաւ այնպիսի ուղղութիւն մը, որ Մարկ տեղեկացաւ իր նոր գիրքին մասին: Ժամադրուեցան եւ պայմանաւորուեցան առանձին հանդիպիլ զրուցելու համար այդ նիւթին մասին` գրողին խորհուրդն ու խրատը հայցելու համար: Հանդիպման օրը ինք բացասական տպաւորութեան կամ ըսելիքի ակնկալութիւն մը ունէր, որովհետեւ մեծ ծաւալի գրելու առաջին փորձն էր այս մէկը, իսկ իր անորոշութիւնները` շատ:
Մեր ակնկալութիւնները երբեմն կը տանին մեզ յուսախաբութեան, բայց երբեմն ալ, երբ անոնք մտահոգութեան ձեւ կ՛առնեն, աւարտին ի յայտ կու գան որպէս պատրանք, որուն մենք ի զուր փորձած ենք հաւատալ ժամանակի ընթացքին: Հանդիպման օրը Մարկ ոչ միայն յայտնեց իր հաւանութիւնը գրութեան ու անոր ձեռագիրին մասին, այլ նաեւ առաջարկեց, որ ինք գրէ գիրքին նախաբանը: Լիլիթին համար ձեռքբերում էր այդ մէկը:
Թումանեան իր քառեակներէն մէկուն մէջ կ՛ըսէր.
«Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարեդար,
Երնէ՜կ նրան, որ իր գործով
Կ՛ապրի անվերջ, անդադար»
Ի վերջոյ հեղինակը այս գործով ի՞նչ կ՛ուզէր անմահացնել աշխարհի վրայ: Ընթերցողին ի՞նչ կ՛ուզէր պատգամել այս գիրքին ընդմէջէն: Երբ հարց տուի Լիլիթին այս մասին, ան ըսաւ. «Անկեղծ ըսեմ, որ Թումանեանի այդ խօսքերը միշտ մտքիս մէջ էին, եւ գործ մը ստեղծելը այնուհետեւ դարձած էր իմ ապրելու իմաստը:
Շատ ժամանակ մենք մարդոցմէ կը պահենք մեր իրական եսը եւ յոյզերը եւս կը պահենք մէկ այլ դիմակի կամ զգացմունքներու տակ: Այդ մէկը ինծի համար անընդունելի բան է: Կը ցանկամ, որ իմ բոլոր ստեղծագործութիւններու շնորհիւ մարդիկ աւելի բնական ըլլան եւ աւելի մօտ` իրականութեան: Ինչպէս նշեցի, սա մօր անկեղծ զրոյցն է, եւ ցաւօք աշխարհի մէջ անկեղծ զրոյցներ մեզի շատ կը պակսին, եւ ա՛յս մէկն է, որ պէտք է գիտնայ իմ ընթերցողը»:
ԹՂԹԱԿԻՑ