Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայ Գոյապայքարը

Յունիս 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ-ՃՈՐՃ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

28 մայիս 1918-ին հիմնուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Ազգ մը, որմէ դարեր շարունակ խլուած էր պետականութիւնը, գտաւ իր յոյսի նշոյլը` նորահաստատ պետութեան սեմին:

1918-ին, Մեծ եղեռնի վէրքերը տակաւին բոլորովին չդարմանուած, արեւմտահայը մտադիր էր վերադառնալ իր պապենական տունը` Արեւմտահայաստանի մէջ: Այս մէկը պարզապէս Ցեղասպանութեան խոցի խելագարման արդիւնքի պատրանք մը չէր: 1915-1917 տարիներու միջեւ թրքական բանակը մեծ կորուստներ կրած էր կովկասեան ճակատին վրայ: Ռուսական բանակն ու հայ կամաւորական գունդերը իրենց բազմաթիւ յաղթանակներուն շնորհիւ ազատագրած էին Արեւմտահայաստանի զանազան շրջաններ: Այս յառաջխաղացման ընթացքը կը հասնի իր աւարտին, երբ պոլշեւիկներու յեղաշրջման պատճառով Ռուսիա դուրս կու գայ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն: Ռուս զօրքերը տուն վերադառնալով, հայը կը ձգեն առանձին` ընդդէմ օսմանեան բանակի ռազմական հզօրութեան:

Թրքական զօրքերը, Վեհիպ փաշայի հրամանատարութեամբ, կը գրաւեն Արեւմտահայաստանի նոր ազատագրուած հողերը եւ կը ներխուժեն Արեւելահայաստան: 1918-ի մայիսին հասած էին Ղարաքիլիսա, ուր 20 մայիսին փաշան զօրք կ՛ուղարկէ Սարդարապատ եւ Բաշ Ապարան: Ահա՛ ոսոխը կ՛արշաւէր Երեւանի ուղղութեամբ: Մեր ազգի ճակատագիրը կախեալ էր թուրքի ախորժակէն, որ յստակ էր` ոչնչացնել նախօրօք ցեղասպանուած հայ ժողովուրդը:

Ո՞րն էր այն դարձակէտը, որ մեզ փրկեց ամենասարսափելի վայրկեաններուն եւ հնարաւոր դարձուց մեր անկախութեան կերտումը: Արդեօք հրա՞շք մըն էր, որ տեղի ունեցաւ: Ո՛չ, հրաշքի չսպասելն էր, որ մեզ փրկեց ոչնչացումէ: Ահա՛, այսպէս, Արամ Մանուկեան համախմբեց ժողովուրդը, զայն դարձուց մէկ բռունցք եւ առաջնորդեց դէպի պատերազմի դաշտ, ուր անպարտ հոգիով եւ վճռականութեամբ պայքարեցան բոլորը անխտիր` կինն ու տղամարդը, աղքատն ու հարուստը, ծերն ու երիտասարդը, արհեստաւորն ու մտաւորականը…

Ճիշդ է, որ թուրքը կը վայելէր ռազմական գերադասութիւն, սակայն հայը պայքարեցաւ մինչեւ իր արեան վերջին կաթիլը, որովհետեւ ան ամէնէն վատը կ՛ակնկալէր ցեղասպանին արիւնոտ ձեռքերէն: Ան գիտէր, որ պարտութեան պարագային, այն հողը, որուն սիրոյն պատրաստ էր իր կեանքը նուիրելու, պիտի դառնար աճիւններու անապատ մը, եւ ժամանակի ընթացքին աճիւնները պիտի դառնային հող, այսպիսով պիտի անհետանար հայութեան հետքը:

Այս ոգեւորութեամբ ու միասնականութեամբ, երեք ճակատներու վրայ` Սարդարապատ, Ղարաքիլիսա եւ Բաշ Ապարան, յաղթական դուրս եկանք: Եւ վերջապէս, մայիսի 28-ին հռչակեցինք մեր անկախութիւնը:

Ներկայիս կրկին կը գտնուինք ճակատագրական փուլի դիմաց: Եթէ 104 տարիներ առաջ Սարդարապատը, Ղարաքիլիսան ու Բաշ Ապարանն էին պաշտպանութեան վերջին գիծերը, այսօր Արցախն է: Եւ թէեւ աշխարհագրականօրէն հակառակորդը Թուրքիան չէ, սակայն ան ու Ազրպէյճանը կը գործեն միասին` ի շահ իրենց հասարակաց ծրագիրներուն: Յստակ է, որ մենք գոյապայքարի դիմաց ենք, Արցախը գրաւելէ ետք թշնամին պիտի անցնի Հայաստան: Հետեւաբար պայքարը, որ կը մղուի, ո՛չ միայն Արցախի համար է, այլ ան կը նպատակադրէ փրկել ազգը անհայրենիք մնալէ: Հարցը գոյաբանական է եւ ո՛չ պարզապէս հողային:

Ճիշդ է, որ մարդկութիւնը օրէ օր կը դառնայ աւելի անձնասէր, սակայն չմոռնանք այն պատմական յատկանիշները, որոնք հաստատած են մեր գոյատեւումը ամէնէն դժուար պահուն` հայրենասիրութիւնն ու միասնականութիւնը: Հարկ է, որ ըլլանք մէկ բռունցք` ի սէր ազգի ու ազատութեան, ինչպէս եղան մեր նախահայրերը մայիսեան հերոսամարտերուն: Այդ է մեր փրկութիւնը:

Անցեալն ու ներկան կը դառնան յենարան յաջորդ սերունդներուն: Երբ մեզի հարց տուին` ո՞վ է հերոսդ, պատիւը ունեցանք ըսելու` Արամ Մանուկեան, Դրօ, Գարեգին Նժդեհ… Եթէ կտոր-կտոր յանձնենք մեր հողը թշնամիին, որո՞նք պիտի ըլլան մեր յաջորդներուն հերոսները: Արդեօք անոնք մեզի պիտի կրնա՞ն ներել այդպիսի սեւ պատմութեան մը պատճառ դարձած ըլլալու համար:

 

 

Նախորդը

ԼԵՄ-ի Առօրեայէն

Յաջորդը

«Երիտասարդութիւնը Միայն Ապագան Բնորոշողը Պէտք Չէ Ըլլայ, Այլ` Այդ Բնորոշուածը Ծրագրի Վերածողը, Իրականացնողը» «Ռազմիկ»-ին Ըսաւ Յակոբ Խաչերեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?