Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրայինայի Հակամարտութեան Լուծման Վարկած Մը

Յունիս 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիոյ եւ Ուքրայինայի  միջեւ բանակցութիւնները դադրած են Մայիսի կէսէն ի վեր։ Այժմ շրջանառութեան մէջ դրուած է նշեալ բանակցութիւնները վերականգնելու եւ հակամարտութեան «տարածք՝ խաղաղութեան դիմաց» սկզբունքին հիմամբ լուծում մը գտնելու գաղափարը։ Իրողութիւն մը, որ իր արձագանգը գտաւ ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի 19 Մայիս թուակիր խմբագրականին մէջ, ուր կը նշուէր. «Եթէ հակամարտութիւնը իսկական բանակցութիւններու յանգի, ուքրայինացի  ղեկավարներուն պիտի մնայ որդեգրել տարածքային (զիջումներու) ցաւալի որոշումներ, որոնք որեւէ փոխզիջում պիտի պահանջէ»։

Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըր իր կարգին 23 Մայիսին Տաւոսի մէջ Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի ընթացքին առաջարկեց Ուքրայինայի  ստիպել, որ ընդունի բանակցութիւնները վարել սթաթիւ քօ անթէի՝ հակամարտութենէն առաջ եղող կացութեան վերադառնալու հիմամբ, եւ այդ մէկը իրաւամբ որակեց «իտէալական», որովհետեւ Ուքրայինայի  հարաւային ու արեւելեան շրջաններուն մէջ զինուորական գետնի վրայ ձեռքբերումներ արձանագրած ու արձանագրող ռուսական կողմը դժուար թէ համաձայն ըլլայ վերադառնալու 24 Փետրուարէն` ռուսական զինուորական գործողութեան շղթայազերծումէն առաջ գոյութիւն ունեցած կացութեան:

Մինչ Ուքրայինայի  տագնապին լուծման սկզբունքին շուրջ «մտային մարզանք»-ը կը շարունակուի, զինուորական գետնի վրայ կացութիւնը առայժմ անել չէ. ուքրանական բանակը 24 Յունիսին նահանջեց Ուքրայինայի  արեւելքը գտնուող Սեւերոտոնեցք ռազմավարական քաղաքէն։ Նոյն օրը ռուսական բանակը քանի մը գիւղեր եւ Հիրսքէ քաղաքը գրաւեց։ Զարգացում մը, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը մղեց յայտարարելու. «Եթէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շարունակէ Ուքրայինայի  մէջ իր յառաջխաղացքը երկարատեւ տնտեսական տագնապ տեղի պիտի ունենայ։ Մտահոգ ենք, որ Եւրոպայի մէջ տնտեսական դժուարութիւնները Ուքրայինայի  վրայ ճնշում պիտի բանեցնէ ընդունելու վատ խաղաղութիւն մը»։

Ան նախապէս յայտարարած էր, որ Ուքրայինան պէտք չէ «իր տարածքներէն հրաժարի՝ խաղաղութեան դիմաց»՝ նշելով, որ պէտք է վերադառնալ 24 Փետրուարէն՝ ռուսական ներխուժումէն առաջուան սահմաններուն եւ պաշտպանել երկրին գերիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Այլ խօսքով, ան նախապէս զօրակցած էր Քիսինճըրի առաջարկած «իտէալական» լուծումին, իսկ այժմ կը թուի, թէ «տնտեսական երկարատեւ տագնապ»-ի արդէն իսկ շօշափելի ուրուականը  զինք մղած է ըլլալու աւելի իրապաշտ, եւ ան այժմ կը զօրակցի եւրոպական տեսակէտին։

Արդարեւ, գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին համաձայն, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ ղեկավարներ Օլաֆ Շոլցը, Էմանուէլ Մաքրոնն ու Մարիօ Տրակին 16 Յունիսին Քիեւ իրենց այցելութեան ընթացքին «փակ դռներու ետին» Ուքրայինայի  նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին կոչ ուղղած են վերսկսելու ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններուն: «Պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները «փակ դռներու ետին» ամենայն հաւանականութեամբ համոզած են Զելենսքին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ բանակցութիւններու սեղան նստելու, որովհետեւ իրենց երկիրներուն կրած տնտեսական վնասը հետզհետէ աւելի ու աւելի դժուար կը վերականգնուի», կը նշուի յօդուածին մէջ:

Ուքրայինայի  հակամարտութեան պատճառով ամբողջ աշխարհի տարածքին ուժանիւթի եւ սննդեղէնի գիները ոստում կ’արձանագրեն։ Ուքրայինայի  հակամարտութեան տնտեսական վնասը մեծապէս զգալի է նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ։ Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ 24 Յունիսին զգուշացուց. «Առանց ռուսական եւ ուքրանական արտադրութիւններուն, սննդեղէնի տագնապին ազդու լուծում գոյութիւն չունի»։ Միջազգային դրամատունը 7 Յունիսին զգուշացուց. «Համաշխարհային տնտեսութիւնը անգամ մը եւս վտանգուած է»՝ ընդգծելով, որ բարձր սղաճի եւ տնտեսութիւններու դանդաղ աճի երեւոյթը կրնայ տարիներով շարունակուիլ։ Տնտեսական համագործակցութեան ու զարգացման կազմակերպութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը Ուքրայինայի  պատերազմին պատճառով պիտի վճարէ «նկատառելի գին» մը, որ կրնայ ներառել Եւրոպայի մէջ ռուսական մատակարարումներու յանկարծակի ընդհատում եւ պարտքի բարձր համեմատութիւններու ու բարձր գիներու պատճառով ելեւմտական շուկաներու խանգարում։

Նկատի ունենալով գետնի վրայ զինուորական զարգացումներէն մինչեւ տնտեսական ոլորտ երկարող վերոնշեալ բոլոր ժխտական ազդակները՝ բոլոր կողմերն ալ խորքին մէջ կը փափաքին շուտով բանակցութեան սեղան վերադառնալ եւ հակամարտութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ լուծել։

Ճիշդ է, որ արեւմուտքցի եւ ռուս պաշտօնատարներ շարունակ կը կրկնեն, թէ պատերազմը երկարատեւ պիտի ըլլայ, այդպիսով հակառակորդ կողմին փոխանցելով երկարատեւ պատերազմ մղելու իրենց պատրաստակամութեան պատգամը, սակայն իւրաքանչիւր կողմ կը գիտակցի պատերազմին ունեցած գինին սրընթաց բարձրացումին վերջ տալու հակառակորդ  կողմի մօտ փափաքի գոյութիւնը, ուստի անոնք կը խաղան այն խաղը, զոր ամերիկացիք կը կոչեն «հաւու խաղ» (Game of Chicken երկու ինքնաշարժեր նոյն ճամբուն վրայ իրարու վրայ կը սուրան՝ տեսնելու համար, թէ որ վարորդին ջիղերը առաջինը տեղի պիտի տան եւ ճամբէն պիտի շեղի)։ Երկարատեւ պատերազմ մղելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ սնամէջ  «պոռոտախօսութիւնները» աւելի հակառակորդը խուճապի մատնելու եւ բանակցային դիրքի ամրապման փորձեր են քան՝ իսկական պատրաստակամութեան ընդգծում։

Միւս կողմէ՝ Ռուսիան պիտի չուզէ Ուքրայինան գրաւելով պիւռոսեան յաղթանակ արձանագրել, իսկ Ուքրայինան ու անոր աջակիցներն ալ անկարող են ազատագրել գրաւուած ու գրաւուող տարածքները։ Բանակցութիւններու սեղան վերադարձը միակ ողջամիտ ընտրանքն է, սակայն ժամանակը ի վնաս ուքրայինական կողմին է (քանի ժամանակ անցնի աւելի տարածք պիտի կորսնցնէ)։ Ուստի կարելի է եզրակացնել, որ ռուսական կողմի բանակցային դիրքը մասամբ աւելի լաւ է։ Ներկայ կացութեան մէջ Արեւմուտքի առաւելագոյն ձեռքբերումը զինուորական գետնի վրայ անել կացութիւն ստեղծելով Ռուսիոյ ունեցած այդ համեմատական առաւելութիւնը վնասազերծելն է։

Նկատի ունենալով, որ Մոսկուան նոր տարածքներ գրաւելով կը շարունակէ գետնի վրայ իրերայաջորդ կատարուած իրողութիւններ ստեղծել՝ Եւրոպական խորհուրդը 23 յունիսի երեկոյեան, միաձայնութեամբ Ուքրայինայի  շնորհեց Եւրոպական Միութեան անդամակցելու թեկնածուի կարգավիճակ՝ այդպիսով Ռուսիոյ համար ստեղծելով կատարուած իրողութիւն մը։ Կարելի է ենթադրել, որ Ուքրայինայի  հակամարտութեան լուծումը, այս երկու կատարուած իրողութիւններուն վրայ է, որ պիտի հիմնուի. Ուքրայինան Ռուսիոյ պիտի զիջի իր տարածքներէն մաս մը, որուն դիմաց Ռուսիան պիտի ընդունի Ուքրայինայի ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը։

«Հայրենիք»

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Փայլան Եւ Օրուչ Այցելեցին Պէյրութ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?