Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքնութեանդ Միւռոնը

June 30, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Ինքնութի՜ւն…

Վեհ անուն, արժէք եւ մարդուն դիմաց դրուած գիտակից պարտականութիւն:

Ինքնութի՜ւն…

Մարտահրաւէր, ճշմարտութիւն, յաւերժութեան հրամայական եւ երաշխիք:

Ինքնութի՜ւն…

Հայուն վայել, հայուն պատմութիւնը կերտող բառ եւ առաւել կեանք ապահովող հիմք:

Յուլիս մէկին կրկին անգամ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պատմութիւն պիտի կերտուի` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հակառակ Լիբանան երկրի մտահոգ կացութեան, Լոյսը` Սուրբ Հոգին, կրկին անգամ իր ճառագայթները պիտի արձակէ: Յոյսը` Սուրբ Հոգին, կրկին անգամ իր ջերմութեամբ պիտի սփոփէ բազմահազար սրտեր: Զօրութիւնը` Սուրբ Հոգին, կրկին անգամ իր էջքով իրեն հետ պիտի բերէ աստուածային օրհնութիւններն ու բարեբեր աւետիսը, թէ ահա Հոգին Սուրբ կը հանգչի տառապեալ կաթսային մէջ` բուժելու, խրախուսելու եւ ի վերջոյ հայուն իսկական ինքնութիւնը կրկին անգամ դէպի անմահութիւն առաջնորդելու:

Յուլիս մէկին սուրբ միւռոնի մէկութեամբ պիտի միաւորուինք մենք բոլորս, պիտի նոյնանանք նոյն արժէքին հետ, նոյն արժէքին համար, հին պատմութեան հետ նոր պատմութիւն կերտելու համար: Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռէն լսուող աղօթքը, պաղատանքն ու աղաչանքը վստահաբար պիտի լսուին, եւ անոր ընդառաջ պիտի վերահաստատուի հայուն ուխտը` հանդէպ Մեծ Վարդապետին` Քրիստոսի: Կիլիկիոյ տառապեալ, սակայն աննահանջ կաթողիկոսութիւնը կրկին անգամ պիտի դրոշմէ օրհնեալ եւ բուրումնաւէտ անուշաբոյր իւղին սեփականութիւնը, շարունակականութիւնը եւ պատկանելիութիւնը` Լուսաւորիչ հայրապետին թողած ժառանգին:

Յուլիս մէկին կրկին անգամ պիտի վերյիշենք այն ցաւոտ օրերը, երբ մեր նախահայրերը տեղահանուելով` հասան Հալէպ եւ Լիբանան: Այդ պատմութեան մէջ կան ցաւն ու արցունքը, կայ միւռոնի թաղման դէպքը, որ այսօր իւրաքանչիւրս  կը դնէ մեծ պարտաւորութեան դիմաց` որպէս քաղցր լուծ, պահելու աւանդը կիլիկեան եւ առաջնորդուելու մեր սրբազան հայրապետներու օրինակին:

Յուլիս մէկին Կիլիկիոյ բռնագրաւեալ պատերն անգամ պիտի վկայեն, որ ահաւասիկ պայքարը կը շարունակուի, որ` ահա այն հաւատքի հայրապետը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, հինգերորդ անգամ ըլլալով, կու գայ հին միւռոնը նորին խառնելու, անոր օրհնեալ ձեռքերով օրհնելու հայ ազգը եւ վերանորոգելու հաւատարմութեան ուխտը` հանդէպ մեր պահանջատիրութեան:

Որքան չարչարանք տեսաւ հայ ազգը, մանաւանդ` վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին, որքան յուսալքութիւն, դժուարութիւն ապրեցաւ հայ ազգը,  որքան զոհեր տուաւ հայրենիքի փրկութեան համար: Դժբախտութիւններու ցանկը կրնայ երկար թուիլ, սակայն մենք չենք գիտեր ընկրկիլ, չենք գիտեր յուսահատիլ, չենք գիտեր տկարանալ: Յուլիս մէկին վերանորոգ հաւատքով մեր այժմու պատմութեան վէրքերը կը կապենք, բուժելու նպատակով ոտքի կը կանգնինք Անթիլիաս մայրավանքին մէջ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին առջեւ, Լուսաւորչի սուրբ աջով սրբալոյս միւռոնի օրհնութեամբ կ՛ուխտենք շարունակել մեր հաւատքի առաքելութիւնը` հանդէպ մեր հողին եւ մեր իրաւունքներուն:

Երկար սպասուած յուլիս մէկը ահաւասիկ կը մօտենայ:

Միւռո՜ն… Ինքնութի՜ւն… Հաւատքի զէ՜նք:

Սիրելի՛ հաւատացեալ,

Յուլիս մէկին դո՛ւն ականատեսը պիտի դառնաս այդ էջքին, դո՛ւն պիտի ապրիս այն զգացումը ու պիտի վերածես համոզումի, համոզում մը, որ քեզ պիտի առաջնորդէ կառչած մնալու`

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆԴ ՄԻՒՌՈՆԻՆ:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Մշակութային «Երկինքը Մեր Աստղազարդ»-ող «Գուսան» Երգչախումբին Համերգը` Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. «Կը Խաղամ Կը Սորվիմ Կը Մեծնամ» Մանկապարտէզի Դասագիրքի Ներկայացում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.