Ո՞ւր Սկսանք, Ո՛ւր Հասանք
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ 1968 յուլիս 14-ին «Սփիւռք»-ի այն էջին մէջ, ուր տպուած էր անյաջող բանաստեղծութիւն մը ինձմէ, էջին լայնքին-երկայնքին խոփ-խոշոր գիրերով Պարոյր Մասիկեան գրած էր. «Չեղա՜ւ, չեղա՜ւ, չեղա՜ւ, Վեհանուշ, ինծի ասանկ «ռեզի՞լ» պիտի ընէիր, ես, որ առտու-գիշեր, հոս-հոն, եկողին-չեկողին, Գահիրէ-Պէյրութ, ամէն տեղ, ամէնուն Վեհանո՜ւշ, Վեհանո՜ւշ, Վեհանո՜ւշ կ՛աղաղակէի զերթ Պեթհովենի 9-րդ սենֆոնիի Recitatif-ը, եւ Recitatif-ը դարձաւ` Չայքովսքիի Chanson triste-ը: Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ինծի...




















