Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երիտասարդութիւնը Միայն Ապագան Բնորոշողը Պէտք Չէ Ըլլայ, Այլ` Այդ Բնորոշուածը Ծրագրի Վերածողը, Իրականացնողը» «Ռազմիկ»-ին Ըսաւ Յակոբ Խաչերեան

Յունիս 28, 2022
| Անդրադարձ, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Յակոբ Խաչերեանին հետ, որ անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան պատմական նշանակութեան եւ երիտասարդութեան` անկէ քաղելիք դասերուն:

«ՌԱԶՄԻԿ».- Ի՞նչ է Հայաստանի Ա. անկախութեան պատմական նշանակութիւնը:

ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԵՐԵԱՆ.- Մայիս 28-ի  խորհուրդը եւ պատմական նշանակութիւնը լաւագոյնս գնահատելու համար պէտք է վերադառնանք անկախութեան նախորդող ժամանակաշրջանին, որպէսզի աւելի լաւ ձեւով կարենանք արժեւորել հայոց պատմութեան անզուգական եւ ամենակարեւոր իրագործումը, առնուազն` վերջին հազարամեակի կտրուածքով իրագործուած: Խօսքը այն ժամանակաշրջանի մասին է, որ կարելի է ըսել` սկիզբ առած էր Իսրայէլ Օրիի քաղաքական նախափորձով, շարունակուած Րաֆֆիի ստեղծագործութիւններու ընդմէջէն արտայայտած ազգային միասնութեան եւ ազատութեան գաղափարներով, հասնելու համար  հայ քաղաքական մտքի կազմաւորման առաջին փուլը` ստեղծումը հայ ազգային կուսակցութիններու` Արմենական կուսակցութեան, ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան:

Կուսակցութիւններու սկզբնական նպատակները` բռնութիւններու վերացում, բարեկարգումներու իրականացում, ինքնավարութիւն ունենալու երազանք… շուտով, կարճ ժամանակի ընթացքին ստացան աւելի ու աւելի ազգային խորք` հասնելով մինչեւ ամբողջական անկախութեան գաղափարախօսութիւն:

Աւելի քան 600 դարու ստրկութենէ ետք, 40 տարիներու ընթացքին ծառայ-ռայա ազգէն յեղափոխակա՛ն ու ազատատե՛նչ նկարագրի տէր ազգի հոգեփոխման, հպատակող ազգէն իրաւո՛ւնք պահանջող ազգի յառաջացման, զէն ի ձեռին թուրքի դէմ մարտնչո՛ղ ժողովուրդ-բանակի կերտման եւ, վերջապէս, ազա՛տ ու անկա՛խ հայրենիքի իրագործման ամբողջական պատմական ընթացքով պէտք է ըմբռնել եւ արժեւորել մայիս 28-ը եւ անոր խորհուրդը:

Առանց մայիս 28-ին` ոչ միայն գոյութիւն չէր ունենար այսօրուան Հայաստանը, այլ ընդհանրապէս անորոշ կը մնար հայ ժողովուրդին գոյութիւնը:

Այս բովանդակութեան մէջ պէտք է տեսնել մայիս 28-ի խորհուրդը` ազգի վերակերտումին մէջ եւ ո՛չ թէ լոկ ու միայն անկախ պետականութեան հռչակման կամ հաստատման մէջ:

«Ռ.».- Ինչպէ՞ս մայիս 28-ը նպաստեց 70 տարի ետք ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին:

Յ. Խ.- Յետ Ա. հանրապետութեան անկումի  70 տարիներու ժամանակաշրջանը եւ մինչեւ Բ. (ո՛չ Գ.) հանրապետութեան իրականացում կարելի է արժեւորել` հիմք ունենալով վերը նշուած վերլուծումը: Եօթը տասնամեակները կարելի է բաժնել ժամանակահատուածներու:

Առաջինը տեւեց մօտաւոր 45 տարի, մինչեւ 1965: Խորհրդային Միութեան դաժան ու բիրտ, ազգակործան բռնապետութեան տակ ապրող հայը կրցաւ մայիս 28-ի ոգին իր հոգիին ու սրտին մէջ պահել: Պահեց կրօն, շշնջաց «Հայր մեր», մոմի լոյսով վերմակի ներքոյ կարդաց Չարենց ու Շիրազ, ու 24 ապրիլ 1965-ին Երեւանի հրապարակներէն ու փողոցներէն հարիւր հազարներով «Մեր հողերը, մեր հողերը» բացագանչելով` յայտարարեց հայ ժողովուրդի պատմութեան նոր ժամանակաշրջան:

Նոյն էին սփիւռքի դաժան 45 տարիները, ուր Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած թափառական հայը մայիս 28-ը վերաիրականացնելու երազով պահեց լեզու, մշակոյթ, ազգային բարքեր, հասակ տուաւ ազգային նկարագրի տէր սերունդներու, որոնք 24 ապրիլ 1965-ին սփիւռքի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ հրապարակային ցոյցերով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջատիրական երթը յայտարարեցին:

Այս էր մայիս 28-ով վերակենդանացած հայը:

Երկրորդը 1965-էն մինչեւ 1988 ժամանակահատուածն է:

Սփիւռքի տարածքին հայ քաղաքական միտքը կը ստանար ձեւաւորում, տարազ, յստակ նպատակ` Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անցնելով հողային պահանջատիրութեան քաղաքական գործնական աշխատանքի փուլ:

Եռագոյնը միշտ ծածանուեցաւ ազգային բոլոր հաւաքներուն, «Մեր հայրենիք»-ով բացումը կատարուեցաւ մեր բոլոր ձեռնարկներուն եւ «Սարդարապատ»-ով կատարուեցաւ այդ համախմբումներու փակումը:

Մայիս 28-ը մեզի հետ էր միշտ:

Նոյնն էր նաեւ հայրենիքի մէջ: Բաւարար է միայն վերյիշել հայրենի մտաւորականներու, բանաստեղծներու, գրագէտներու մտքի արգասիքը` գրիչով արտայայտուած. «Ձորի Միրօ»-ն, «Ռանչպարների կանչը», Շիրազի ազգապահպանման եւ հայրենասիրական պատգամները, ու շարքը երկար է…

Մայիս 28-ը հոն էր միշտ:

Այդ ոգին էր, որ անսանձելի պոռթկումի առաջնորդեց հայ ազգը փետրուար 1988-ին:

«Ռ.».- Ի՞նչ էին 1918-ի հերոսամարտերու այն սկզբունքները, որոնց կարիքը ունինք նաեւ այսօր:

Յ. Խ.- Մարդ էակը կամ մարդոց հաւաքականութիւն մը` ժողովուրդ մը, պէտք է կենսագործէ յարատեւ պայքարի ոգիով: Պայքար` իր տարրական իրաւունքներուն ձեռքբերման, անոնց պահպանման եւ անոնց բարելաւման ու զարգացման համար:

Այդ պայքարը կը յաջողի, երբ պայքարողը որոշ յատկանիշներու տէր է: Ունի` տեսլական, կամք, վճռակամութիւն, ծրագրող միտք ղեկավարելու ձիրք եւ վստահելիութիւն:

Մեր հերոսամարտերը ստեղծեցին մարդիկ, մեր պարագային` ղեկավարներ, որոնք օժտուած էին վերոյիշեալ յատկանիշներով: Ղեկավարներ, որոնք ունէին տեսլականը ազատ հայրենիք ունենալու, ունէին կամքը այդ մէկը իրականացնելու, ունէին վճռակամութիւնը եւ կարողութիւնը այդ ծրագիրը մշակելու, ունէին պայքարը ղեկավարելու ձիրքը եւ, ամենակարեւորը, կը վայելէին ժողովուրդին վստահութիւնը իրենց հանդէպ:

«Ռ.».- Երիտասարդութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնայ մայիս 28-ի դէպքերը: Եւ ինչպիսի՞ մօտեցում պէտք է ունենայ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին հանդէպ:

Յ. Խ.- Երիտասարդութեան կարեւորագոյն առանձնայատկութիւններէն են անվհատութիւնն ու լաւագոյնը կերտելու կամքը: Այդ յատկանիշները զուգորդելով գիտութեամբ, երիտասարդութեան երթը կը դառնայ անխափան:

Լաւագոյն վկաները այս հաստատումին 19-րդ դարու աւարտին հայ քաղաքական միտքը ձեւաւորող, ազատագրական պայքարը կազմակերպող եւ աւելի ուշ Հայաստանի անկախութիւնը կերտող ղեկավարութիւնն էր` Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութիւնը, Ռուբէն Տէր Մինասեանը, Դրաստամատ Կանայեանը եւ շատ ուրիշներ: Անվհատ, կամքի տէր, անկարելի սեպուածը  իրագործելի նուաճումի վերածելու հնարքը ունեցող երիտասարդներ, քսան տարեկան նոր թեւակոխած կամ երեսունը չբոլորած անձնուէր հայեր:

Երիտասարդութիւնը միայն ապագան բնորոշողը պէտք չէ ըլլայ, այլ` այդ բնորոշուածը ծրագրի վերածողը, այդ ծրագիրը իրականացնողը: Քաջութիւնը, ներքին կորովն ու խռովքը ունեցող աղջիկներ ու տղաք:

Այս տրամաբանութեամբ, այսօր հայ երիտասարդութենէն կ՛ակնկալուի ստանձնել հայրենիքը ինքնաքանդումի այս ընթացքէն դուրս բերելու առաքելութիւնը: Բա՛ւ է համայնավար մենատիրութեան փլուզումով անկախացած հայրենիքի կողոպտելն ու կազմաքանդելը, հայ ժողովուրդը պառակտելը, ազգային արժեհամակարգերը չքացնելն ու 30 եւ աւելի տարիներու ձախող եւ ազգակործան պետական ղեկավարումը:

«Խորանը երկրիս ներսից էր քանդւում եւ արդէն վաղուց»: Երիտասարդութիւնը, հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, պէտք է կասեցնէ այս աւերը, քանի կորած չէ տակաւին Հայկ Նահապետի, Գրիգոր Լուսաւորիչի, Արամ Մանուկեանի երկիրը:

Մայիս 28-եր կերտելը յաճախակիօրէն կրկնելի չեն:

 

 

Նախորդը

Ներկայ Գոյապայքարը

Յաջորդը

Դէպի Ազգային Պետականութիւն…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?