Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Ֆրեզնոյի Հայկական Մատենաշարի Հրատարակած «Աշխարհի Կինը» Հատորը` Պարուհի Եւ Գրագէտ Արմէն Օհանեանի Մասին

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Ֆրեզնոյի Հայկական Մատենաշարի Հրատարակած «Աշխարհի Կինը» Հատորը` Պարուհի Եւ Գրագէտ Արմէն Օհանեանի Մասին

Ֆրեզնոյի Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչատան հայկական մատենաշարը լոյս ընծայեց իր 16-րդ հատորը` Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի «Աշխարհի կինը. Արմէն Օհանեան` «շամախեցի պարուհին» (A Woman of the World: Armen Ohanian, the «Dancer of Shamakha»): Հեղինակները կը ներկայացնեն արտասովոր հայուհիի մը` պարուհի եւ գրագէտ Արմէն Օհանեանի (1888-1976) հետաքրքրական կենսագրութիւնը: Կովկաս ծնած այս կինը ծանօթ էր կէս տասնեակ լեզուներու եւ իսկապէս «աշխարհի...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Սփիւռքահայը Կը Մեղանչէ՞ Հայրենի Պետութեան Եւ Իշխանութեան Դէմ, Երբ Կը Քննադատէ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Քաղաքականութիւնը հայրենիքի սէր է, եւ ոչինչ աւելի»: ՖԷՈՏՈՐ ՏՈՍԹՈԵՒՍՔԻ, ռուս գրող, ԺԹ. դար Ժողովրդավարական կարգ են այլակարծութիւն, քննադատութիւն, բողոք եւ ցոյց: Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ իշխանութիւնները կը լսեն բողոքը, կ՛ընդունին իրենց դէմ եղած ցոյցերը եւ քննադատութիւնները: Այնպէս է մեր ժողովուրդի կացութիւնը, որ հայեր կան հանրապետութեան մէջ եւ իրենք զիրենք յանձառու հայ համարողներ` երկրէն դուրս, սփիւռքի մէջ, անոնք ըլլան հայրենահանուածներու...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Ներգրաւման Գործողութիւններու Նոր Փուլ Մը

Ակնարկ. Ամերիկեան Ներգրաւման Գործողութիւններու Նոր Փուլ Մը

Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական բաժանմունքի տնօրէնին այցելութիւնը Երեւան անհրաժեշտ լուսաբանումը չունեցաւ: Ենթադրութիւններ, մեկնաբանութիւններ անշուշտ հրապարակուեցան, այդուհանդերձ պաշտօնապէս ի՛նչ նպատակ ունէր այցելութիւնը, պարզաբանում չունեցաւ: Այն երեւոյթը, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը կ՛այցելէր Թիֆլիս, Երեւան եւ Պաքու, կը խօսի հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը շեշտելու մասին: Ի վերջոյ Թիֆլիս-Երեւան-Պաքուն 3+3-ի երկրորդ բաղադրիչն է, եւ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենար զուգահեռ 3+3-ի առաջին բաղադրիչին` Անգարա-Թեհրան-Մոսկուա...

Մանօ Շէկեանի Քառասունքին Առիթով

Մանօ Շէկեանի Քառասունքին Առիթով

ՆՇԱՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Շատ կանուխ հեռացար, սիրելի՛ ընկերս: Քառասուն տարի միասին անցուցինք, ընկերութիւն ըրինք լաւ թէ գէշ օրերու, մտքով եւ հոգիով եղանք իրարու զօրակից, ամէն պարագաներու եւ բոլոր ժամանակներու մէջ կրցանք պահպանել համաձայնութիւն եւ ամուր համերաշխութիւն` ամէն նիւթի շուրջ իրարու հանդէպ եղանք յարգալիր, հանդուրժող, սիրով եւ անշահախնդիր` բառին ամբողջական իմաստով: Այս պահուս աչքիս առջեւ կը տողանցեն կեանքիդ իրադարձութիւնները` սկսեալ մանկութենէդ: Կը...

Սթափելու Ժամանակը

Ով Կը Յարատեւէ, Ի Վերջոյ Կը Յաղթէ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երկու շաբաթներու դադարէն ետք ուրբաթ, 29 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքն ու քայլերթը: Այս հանրահաւաքին, կարգ մը պարզաբանութիւններու կողքին յայտարարուեցաւ, որ շարժումը աւելի քան վճռական է շարունակելու իր գործունէութիւնը, մինչեւ ճշդուած նպատակի իրագործումը` վարչապետի հրաժարումը եւ ազգային նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Զանց կ՛առնեմ մանրամասնութիւնները, որոնք լրատուութեան միջոցով հանրայնացած են արդէն: Յաջորդ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 2-ին եւ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Անփոխարինելի Կառոյց Մը, Որ Կը Քայքայուի Օր Ըստ Օրէ (Լիբանանեան Բանակի Օր)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Լիբանանի մէջ սրիկան մտահոգ չէ երբեք, իսկ ազնիւ մարդը` վախի մէջ: ԺԱՄԻԼ ՍԱՅԵՏ (պետական երեսփոխան) Շատ անգամ գրիչի մարդու մտքին մէջ կը ծագի հետեւեալ հարցադրումը. ի՞նչ եւ որո՞ւ համար գրել, մանաւանդ երբ տուեալ նիւթը մեր առօրեային կ՛առնչուի, հաւաքական մտածումներուն առանցքը կը կազմէ, ներկայի ու գալիքի հաշուոյն` մեզ առաջնորդելու եւ կողմնորոշելու կոչուած է: Նախկին բարձրաստիճան զինուորականին վերեւ յիշուած տողերը,...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Նախագահին Այցելութեան Ուղերձները

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Նախագահին Այցելութեան Ուղերձները

«Հալէպը Սուրիոյ դէմ ծաւալած ահաբեկչական պատերազմի տարիներուն ամէնէն շատ տուժած նահանգն էր, որովհետեւ ահաբեկիչներուն նպատակը թէ՛ Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքի` Հալէպի, արժէքը նսեմացնել, թէ նահանգի մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը նենգափոխել եւ թէ՛ Հալէպի բնակչութեան դիմագիծը քայքայել էր»: Սուրիոյ նախագահին Հալէպ այցելութեան առիթով արտասանած այս խօսքերը լոկ մարդասիրական ապրումներէ բխած արտայայտութիւններ չէին, այլ քողազերծումն էին բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք դաւադրաբար ի գործ կը...

Երկու Բեմագրութիւն

Երկու Բեմագրութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը յուլիս 11-ին հաղորդեց, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին ան շնորհաւորած է Թուրքիոյ ղեկավարը Ատհայի տօնին առթիւ, իսկ Էրտողան իր կարգին Փաշինեանը շնորհաւորած է յուլիս 24-ին նախատեսուած Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ: Էրտողանի քայլը զաւեշտակա՞ն է, թէ՞ Վարդավառի տօնը հեգնելու կանխամտածուած քայլ: Արդեօ՞ք այդ...

Անցեալ Կատարեալ… Եւ Ներկայ Ժամանակ  (Զ. Գիրէջեանի Յիշատակին)

Անցեալ Կատարեալ… Եւ Ներկայ Ժամանակ (Զ. Գիրէջեանի Յիշատակին)

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Տերեւաթափ եւ ամառ... Այս անգամ տերեւաթափը իրեն հետ տարաւ իննսունամեայ Զօհրապ Գիրէջեանը: Հրաչ Քաջարենց բանաստեղծն ու խմբագիրը այսպէս ուզած էր, որ ստորագրէր Զօհրապ իր պատմուածքները «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ: Զօհրապ անսացած էր թելադրանքին մինչեւ վերջ: Այդպէս ալ շարունակած էր ստորագրել Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի», «Բագին»¬ի, «Շիրակ»¬ի եւ հուսկ` «Կամար»¬ի մէջ լոյս ընծայած գրութիւնները: Վերջին տասնհինգ տարիներուն Զօհրապին պատմուածքներուն միակ հասցէն...

Թանկագին Մեծ Մօրս Անթառամ Յիշատակին

Թանկագին Մեծ Մօրս Անթառամ Յիշատակին

Կեանքի դաժան իրականութիւնը` մահը, կը թակէ մեր, հարազատի մը կամ սիրելիի մը դուռը, վաղ թէ ուշ...  Լոյս աշխարհ գալով` կը նմանինք վառուող մոմի մը, որուն կայծ կու տանք ու հալուող կաթիլներով կը կարճնան մեր կեանքի օրերը: Ոմանց կ՛ընծայուի աւարտել զայն, իսկ ոմանք կը մնան անաւարտ... Եւ այդպէս, քառասուն օրեր առաջ մեծ մօրս` Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանին մոմը շիջեցաւ ու հասաւ իր աւարտին:...

Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերոսներուն  Յիշատակը Եւ Ոգեկոչեց Անոնց Նուիրաբերումով  Արձանագրուած Գործողութեան 39-Ամեակը

Լիզպոնի Գործողութեան 39-Ամեակի Ոգեկոչման Օրուան Բանախօս Անի Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Անի Բագրատունի 39 տարիներ մեզ կը բաժնեն ձեզմէ, սիրելի՛ Սիմոն, Վաչէ, Սագօ, Արա եւ Սեդօ... Տարիներ առաջ դո՛ւք ալ, մե՛նք ալ երիտասարդ էինք, բայց այսօր մենք հասած ենք հասուն տարիքի, իսկ դո՞ւք... Դուք յաւիտեան պիտի մնաք 19-21 տարեկան երիտասարդներ: Մենք ընտանիք կազմեցինք, զաւակներ ունեցանք, իսկ դուք միշտ պիտի մնաք երիտասարդ, ամուրի... Բայց պիտի մնա՛ք: Պիտի մնաք եւ գոյատեւէք մեր մահէն...

Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերոսներուն  Յիշատակը Եւ Ոգեկոչեց Անոնց Նուիրաբերումով  Արձանագրուած Գործողութեան 39-Ամեակը

Լիզպոնի Գործողութեան 39-Ամեակին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Արամ Սոմունճեանի Արտասանած Խօսքը

Արամ Սոմունճեան 27 յուլիս 1983-ին Լիզպոնի 5-ը` Սագոն, Սիմոնը, Սեդրակը, Վաչէն եւ Արան, հայոց պատմութեան էջերուն մէջ ոսկեայ տառերով եւ հայրենիքին, ազգին ու Դատին համար թափած արեամբ գունաւորած են պանծալի էջ մը... Էջ մը, որ կը պոռթկայ դարերու ստրկութեան դէմ եւ կը ճեղքէ բռնակալութեան շղթաները, էջ մը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ, էջ մը, որ յանձնառութիւն եւ յարգանք կը պարտադրէ: Լիզպոնի...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք

Մանրապատումներ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ (135) Հիւսիսային Ամերիկայի մեր քահանայ հայրերէն մէկն է պատմողը. «Հանգստեան կոչուած ծխական մը ունիմ, որ յաճախ օրուան ընթացքին եկեղեցիի գրասենեակը կու գայ եւ ի միջի այլոց կ՛ըսէ. «Տէ՛ր հայր, երբ որ մեռնիմ, դո՛ւն զիս պիտի թաղես եւ աղուոր դամբանական մըն ալ պիտի խօսիս: Ուիլիս (կտակ) մէջ գրած եմ եւ մեծ գումար մըն ալ ձգած եմ ասոր համար»:...

Մեծ Իրաքէն Փոքր Հայաստան

Սփիւռքը` Մնայո՞ւն, Թէ՞ Անցողակի Ներկայութիւն

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Հայկական սփիւռքը, գէթ` դասականը, Ցեղասպանութեան հետեւանք է: Այդ պարտադրուած իրականութիւն մըն է, երբ ազգովին տեղահան եղանք մեր  պապենական հողէն եւ կազմեցինք փոքրիկ հայաստաններ: Դասական սփիւռքին վրայ եկան աւելնալու Հայաստանէն դուրս ելլող հայորդիները` վերջին երեսուն տարիներուն: Այս բոլորէն առաջ կարգ մը երկիրներու մէջ կային նաեւ հայկական գաղութներ, որոնք արմատ նետած են միջին դարերէն սկսեալ, եւ որոնց մէկ կարեւոր...

Արեւմտահայերէնն ու Համշէնի Բարբառը Միասնաբար Կը Հնչեն «Լուսի Հատիկ» Երգի Մէջ

Արեւմտահայերէնն ու Համշէնի Բարբառը Միասնաբար Կը Հնչեն «Լուսի Հատիկ» Երգի Մէջ

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ, որ երաժշտասէրներուն ծանօթ է արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն երգերու իր գեղեցիկ կատարումներով, եւ Այշէնուր Քոլիվար, որ երկար տարիներէ ի վեր կ՛ուսումնասիրէ Սեւ ծովու արեւելեան շրջաններու երաժշտութիւնը, միասնաբար կատարեցին «Լուսի հատիկ» երգը, որ արդէն իսկ հրապարակուած է թուային հարթակներու վրայ: «Լուսի հատիկ» երգի յօրինումը կը պատկանի Արի Հերկելի, որ կատարած է նաեւ գործիքաւորումը: Երգի արեւմտահայերէն խօսքերու հեղինակն է լիբանանահայ...

Ակնարկ.  Անգարան Պաշտօնապէս Յայտարարեց Իր Կարմիր Գիծը

Ակնարկ. Անգարան Պաշտօնապէս Յայտարարեց Իր Կարմիր Գիծը

Թուրքիոյ նախագահին վերջին յայտարարութիւնները սպասելի էին: Այն ինչ որ արտաքին գործոց նախարարը կամ յատուկ ներկայացուցիչը կ՛ըսէին անուղղակի, դիւանագիտական բառապաշարներով, հիմա նախագահը կը յայտարարէ ուղղակի: Ի՞նչ է ըսուածը: Ազրպէյճան ի սկզբանէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու հաստատման համար Թուրքիոյ կարմիր գիծն է, Ազրպէյճանի հետ խնդիրներու լուծումէն ետք է միայն, որ Թուրքիան կը բանայ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր սահմանը: Այս առիթով Էրտողանի կատարած...

Յարգա՛նք Լեւոն Գաթրճեանի Մեծ Վաստակին

Յարգա՛նք Լեւոն Գաթրճեանի Մեծ Վաստակին

Լեւոն Գաթրճեանի մահով կ՛անհետանայ 1960-70 թուականներու լիբանանահայ համայնքի վերջին վկաներէն մէկը: Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական ու ապահովական վերիվայրումներէն ետք, ուռճացած թիւով հայութեամբ խաղաղ Լիբանանի մէջ ազգային կեանքը կ՛եռար բազմապատիկ կշռոյթով: Բազմաթիւ նոր դպրոցներ կը բացուէին, նախակրթարաններ երկրորդականի կը վերածուէին, միութիւնները կը վերակազմակերպուէին ու համագաղութային կառոյցներով կ՛օժտուէին: Թատերական կեանքը աննախընթաց վերելք կ՛ապրէր, թերթերու էջերը կը բազմանային ու նոր անուններով կը...

Գրիգոր Պըլտեանի «Յակոբներ»ը

Գրիգոր Պըլտեանի «Յակոբներ»ը

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ Գրիգոր Պըլտեան Գրիգոր Պըլտեանի «Յակոբներ» հատորը լոյս տեսած է 2019ին, Երեւանի «Զանգակ» հրատարակչատունէն: Երբ երկա՜ր ոդիսականէ մը ետք գիրքը հասաւ ինծի, օրացոյցը կը նշէր 2022: Ուրեմն, Պըլտեանի «Գիշերադարձ» անունը կրող պատումներու շարքին պատկանող «Յակոբներ»ը վերջերս կարդացի: Այս գրութիւնը չի յաւակնիր ամբողջական եւ խոր ուսումնասիրութիւն մը ըլլալու, այլ արդիւնքն է ընթերցողի խանդավառութիւնը ուրիշներու փոխանցելու փափաքին: Պիտի փորձեմ ամփոփ ձեւով...

Խմբագրական.  Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք,  Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ

«Եթէ Իմանային…» Պիտի Կրկնէին Իրենց Արարքը, Որովհետեւ Երազի Տղաք Էին (Լիզպոն 39-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Քեզ անձնասպան կոչեցին, սակայն հերո՛ս ճշմարիտ` Դուն չուզեցիր պարտըւիլ, ըլլալ ստրուկը կեանքին. Եւ տուընջեան լոյսերու ծաղկումին մէջ առաջին` Գացիր մահուան ընդառաջ, որ քու երազդ ապրի միշտ»: ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ «Կեանք ու երազ» Այս օրերուն պժգալի առօրեայէն դուրս գալու ամենանուրբ, ապահով ու վսեմ ճանապարհը դէպի սեփական գրադարան ուղղուելու պատեհ առիթն է, որով մարդ անհատ պիտի կարենայ շրջանցել ճնշիչ ժամանակները եւ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Լիզպոնի Պատգամը` Այսօրուան Իշխանութեան

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Սփիւռքի մէջ ծնած, հասակ նետած, ազգային վարժարաններուն մէջ հայեցի, ազգային եւ հոգեւոր կրթութիւն ստացած, իրենց թաղի դպրոցներուն, ակումբներուն մէջ կոփուած, իրենց ժողովուրդին ծառայութեան լծուած տղաք էին Լիզպոնի հինգը: Ամէն տարի ապրիլ 24 ապրած, մայիս 28 փառաբանած, իրենց ազգին ցաւով ապրած Արային, Սագոյին, Սեդրակին, Սիմոնին եւ Վաչէին զոհողութեան մէջ կար պատգամ` ճակատագիրին դէմ պայքարելու, անարդարութեան դէմ կենալու, իրաւունք պահանջելու...

Page 247 of 807 1 … 246 247 248 … 807

Արխիւներ