Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ամերիկեան Ներգրաւման Գործողութիւններու Նոր Փուլ Մը

August 1, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական բաժանմունքի տնօրէնին այցելութիւնը Երեւան անհրաժեշտ լուսաբանումը չունեցաւ: Ենթադրութիւններ, մեկնաբանութիւններ անշուշտ հրապարակուեցան, այդուհանդերձ պաշտօնապէս ի՛նչ նպատակ ունէր այցելութիւնը, պարզաբանում չունեցաւ:

Այն երեւոյթը, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը կ՛այցելէր Թիֆլիս, Երեւան եւ Պաքու, կը խօսի հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը շեշտելու մասին: Ի վերջոյ Թիֆլիս-Երեւան-Պաքուն 3+3-ի երկրորդ բաղադրիչն է, եւ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենար զուգահեռ 3+3-ի առաջին բաղադրիչին` Անգարա-Թեհրան-Մոսկուա Թեհրանի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումին:

Կայ ամերիկեան դերակատարութեան ընդգծումի հետեւողականութիւն կամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին` անջատաբար Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին հետ:

Ապաշրջափակման նիւթը ընդհանուր առաջադրանք է խօսակցութեան հրապարակուած բաժինին մէջ: Հայաստանի ուղղութեամբ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտին առընթեր 8-րդ կէտի փոխանցումն է Պաքուին` ազատ արձակել հայ բոլոր ռազմագերիները:

Ալիեւին փոխանցուածին մէջ ուշագրաւ է այն, որ Ուաշինկթընը կ՛առաջարկէ իր պատրաստակամութիւնը` դիւրացնելու տարածաշրջանային հաղորդուղիներու բացման աշխատանքները:

Այս դերակատարութեան վերընդգծումի ամէնէն խօսուն փաստը երկուստեք փոխանցուած յստակ ուղերձն է առ այն, որ Միացեալ Նահանգներ կը շեշտեն Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կարգավիճակի շրջանակներուն մէջ աշխատելու` Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու առաջարդանքով:

Այստեղ արդէն ապաշրջափակման գործողութիւններուն օժանդակելէն աւելի հեռու գացող քայլի նախանիշ է` Մոսկուային եւ Անգարային ուղղուած: Պարզ է ըսուածը: Հարցերու կարգաւորումը Մոսկուայի եւ Անգարայի մենաշնորհը չէ:

Հետաքրքրականը այն է, որ Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած է հերքում այն մասին, որ Պլինքըն – Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին չէ արծարծուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան հարցը:

Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիա – Ազրպէյճան հակասութիւնը շատ բացայայտ է այստեղ: Թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը յայտարարելով, որ Արցախի հարցը լուծուած է, յայտարարած կ՛ըլլան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կազմալուծման մասին, ինչ որ ուղղակի յայտարարեց նաեւ Մոսկուան:

Ամերիկեան դերակատարութեան վերաշեշտումի ուղերձները այստեղ կանգ չեն առներ անշուշտ:

Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նախ կը փոխկապակցէ Երեւան-Անգարա եւ Երեւան-Պաքու ապաշրջափակման գործընթացները եւ ապա կը շեշտէ իր պետութեան պատրաստակամութիւնը գործնապէս (թեքնիքապէս) աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան-Ազրպէյճան հաղորդուղիներու բացման աշխատանքներուն:

Դեսպանին բառերով. «Մենք այլընտրանք չենք տեսներ, քան հետամուտ ըլլալ եւ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ջանքերուն` ուղիղ բանակցելու եւ փորձել հասնելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Եւ մենք կը պատրաստուինք կեդրոնացած մնալ անոր վրայ»:

Այստեղ կայ հետեւցնելիք քանի մը կէտ: Ուղիղ բանակցելու հրամայականը կ՛ենթադրէ նաեւ առանց միջնորդներու. այս պարագային առանց Մոսկուային, նաեւ անուղղակի` առանց Անգարային: Ապաշրջափակման աշխատանքներուն Ուաշինկթընը պատրաստակամ է գործնական իր աջակցութիւնը բերելու: Տակաւին. խաղաղ կարգաւորումը չէ կատարած, ուրեմն` արցախեան հակամարտութիւնը չէ լուծուած, ինչպէս կ՛ըսեն Պաքուն եւ Անգարան: Եւ ամէնէն ուշագրաւ բաժինը` այն, որ Ուաշինկթըն կը պատրաստուի կեդրոնացած մնալ խնդրի լուծման վրայ:

Այստեղ արդէն կայ որոշումի փոխանցում: Ներգրաւման նոր փուլ, որուն համար կը պատրաստուի Ուաշինկթընը:

Հարաւային Կովկասի իրադրային գործընթացներուն ամերիկեան ներգրաւման գործողութիւններու նոր հանգրուանի մը շեմն է, որ տեսանելի կը դառնայ այս ձեւով:

Հակառակ անոր որ բոլոր գլխաւոր խաղցողները կը խօսին ապաշրջափակման հրամայականին մասին, այդուհանդերձ գործընթացները կրնան առկախումի առաջնորդել որոշ համաձայնութիւններ: Օրինակ դժուար պիտի ըլլայ պատկերացնել ռուսական զօրքերու վերահսկողութեամբ բացուող հաղորդուղիներ, որոնք պիտի ստանան ամերիկեան գործնական օժանդակութիւններ:

Շահերու բախման նոր շրջափուլի մը շեմին է Հարաւային Կովկասը:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Օգոստոս 2022)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.