ՆՇԱՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Շատ կանուխ հեռացար, սիրելի՛ ընկերս:
Քառասուն տարի միասին անցուցինք, ընկերութիւն ըրինք լաւ թէ գէշ օրերու, մտքով եւ հոգիով եղանք իրարու զօրակից, ամէն պարագաներու եւ բոլոր ժամանակներու մէջ կրցանք պահպանել համաձայնութիւն եւ ամուր համերաշխութիւն` ամէն նիւթի շուրջ իրարու հանդէպ եղանք յարգալիր, հանդուրժող, սիրով եւ անշահախնդիր` բառին ամբողջական իմաստով:
Այս պահուս աչքիս առջեւ կը տողանցեն կեանքիդ իրադարձութիւնները` սկսեալ մանկութենէդ: Կը տեսնեմ քեզ պատանի հասակիդ, երբ սկսար աշխատիլ եղբօրդ հետ ժրաջան, կարգապահ եւ պարտաճանաչ: Արագօրէն ըմբռնեցիր արհեստին նրբութիւնները, ընդլայնեցիր գործիդ շրջանակը, լաւապէս հասկցար շուկային պահանջները եւ շնորհիւ քու հաստատակամութեանդ, աշխատասիրութեանդ եւ կազմակերպական կարողութիւններուդ` բարձր վարկ մը հաստատեցիր միջավայրիդ մէջ: Դարձար անուանի գործարար, որուն մասին սկսան խօսիլ ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ անոր սահմաններէն դուրս: Քու անունդ շատերու համար հոմանիշ եղաւ ուղղամտութեան, վստահութեան, արդարամտութեան եւ գործարար յաջողութեան:
Քայլ առ քայլ յառաջանալով յաջողութիւններու ճանապարհին վրայ, դուն երբեք չմոռցար կարիքաւորները: Հասար բոլոր անոնց, որոնք քեզի կը դիմէին զանազան խնդրանքներով: Գործ վստահեցար երիտասարդներու եւ բոլոր միջոցներով օգնեցիր, որպէսզի ընտանիք կազմեն ու պահեն: Դեղ հայթայթեցիր այն տարեցներուն, որոնք խնամող չունէին: Հոգացիր բազմաթիւ աշակերտներու դպրոցական ծախսերը, որովհետեւ կը հաւատայիր, որ ուսումն ու կրթութիւնը կարեւոր են նոր սերունդին համար: Գործարանիդ շարժակներով ելեկտրականութիւն ապահովեցիր դրացիներուն, երբ ամբողջ քաղաքին մէջ մթութիւն կը տիրէր, իսկ շարժակներու ամսական վճարումները այնքա՜ն սուղ էին համեստ մարդոց համար: Երբեք պիտի չմոռնամ, թէ ինչպէ՛ս պնդեցիր, որ ինքդ հոգաս հօրս յուղարկաւորութեան ծախսերը, 1987 թուականին, ատիկա քու ձեւդ էր ըսելու, որ եղբայրներ ենք մենք… Ո՞ր մէկը յիշեմ, ո՞ր մէկը պատմեմ, շարքը երկար է…
Սիրելի՛ ու աննման ընկերս, յաւերժ պիտի մնաս ոչ միայն իմ, այլ յիշողութեան մէջ բոլոր այն մարդոց, որոնք քեզ ճանչցան քու հարազատութեանդ մէջ, որոնք տեսան քու արժանիքներդ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին: Ես բախտաւոր եմ, որ վայելեցի քու մտերմութիւնդ, որովհետեւ քու մտերմութիւնդ եղաւ կեանքս հարստացնող երեւոյթ մը, զոր սիրով պիտի փայփայեմ մինչեւ վերջ:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ Մանօ: Հանգիստ` քու յոգնատանջ ոսկորներուդ, սիրելի ընկերս:
Հողը թեթեւ գայ վրադ եւ ննջէ խաղաղութեամբ: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
Պէյրութ, Լիբանան