Լիզպոնի Ողջակէզներուն Նորօրեայ Պատգամը
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երեսուն ինը տարիներ անցած են այն օրէն, 27 յուլիս 1983-էն, երբ հինգ հայ մատղաշ երիտասարդներ ցնցեցին` ամբողջ հայաշխարհին հետ, նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը: Կամաւոր, իմացեալ մահուան մասին իրենց տուած բացատրութիւնները լոյս կը սփռեն կատարուած արտասովոր արարքի պատճառին վրայ: Ահաբեկչութիւն որակուած, սակայն Հայ դատի այժմէականացման միտող բազմաթիւ արդարադատ արարքներ կատարուած էին նախորդող տասնամեակին: Զոհեր ալ եղած էին, սակայն Հայոց...



















