Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Ֆրեզնոյի Հայկական Մատենաշարի Հրատարակած «Աշխարհի Կինը» Հատորը` Պարուհի Եւ Գրագէտ Արմէն Օհանեանի Մասին

Օգոստոս 2, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրեզնոյի Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչատան հայկական մատենաշարը լոյս ընծայեց իր 16-րդ հատորը` Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի «Աշխարհի կինը. Արմէն Օհանեան` «շամախեցի պարուհին» (A Woman of the World: Armen Ohanian, the «Dancer of Shamakha»):

Հեղինակները կը ներկայացնեն արտասովոր հայուհիի մը` պարուհի եւ գրագէտ Արմէն Օհանեանի (1888-1976) հետաքրքրական կենսագրութիւնը: Կովկաս ծնած այս կինը ծանօթ էր կէս տասնեակ լեզուներու եւ իսկապէս «աշխարհի կին» մըն էր, որ ապրած է այնպիսի ժամանակներու եւ վայրերու մէջ, ինչպիսիք են` ռուսական Կովկասը, Իրանի սահմանադրական յեղափոխութիւնը, «Հիանալի դարաշրջանը» (La Belle Époque) Ֆրանսայի մէջ, «Աղմկալից 20-ականները» (The Roaring Twenties) Միացեալ Նահանգներու մէջ, վաղ Խորհրդային Միութիւնը, իր օրերը աւարտելով Մեքսիքոյի մէջ, առեղծուածներով լի կեանք մը ապրելէ ետք:

Օհանեան դերասանուհի եղած է Կովկաս, թատրոնի բեմադրիչ` Պարսկաստանի մէջ, գրագէտ` Ֆրանսայի մէջ եւ գրականագէտ ու թարգմանիչ` Մեքսիքոյի մէջ, բազմաթիւ մշակոյթներու կամուրջ ըլլալով: Ամէնէն աւելի հռչակուած է իբրեւ պարուհի` Ասիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա` «շամախեցի պարուհի» եւ «պարսիկ պարուհի» մակդիրներով: Անոր պարերը մաս կազմած են Արեւմուտքի մէջ տարածուող Մերձաւոր եւ Ծայրագոյն Արեւելքի պարերու այն ալիքին, որոնց մեկնաբանները իրենց բնիկ մշակոյթէն սնանած պարարուեստ կը ներկայացնէին:

Նշանաւոր նկարիչներ եւ քանդակագործներ պատկերացուցած են Արմէն Օհանեանը, որուն մասին վկայած են շատ յայտնի ժամանակակիցներ իրենց նամակներուն եւ յուշերուն մէջ: Անոր կեանքը անցած է երկիրներու, լեզուներու եւ մշակոյթներու սահմաններէն անդին (գրած է չորս լեզուներով` հայերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն, իսկ գործերը հրատարակուած են առնուազն տասնչորս երկիրներու մէջ) եւ ընդգծած` «սփիւռք» հասկացողութեան հետ միահիւսուած տարրեր, ինչպէս` անդրազգայնութիւն, բազմալեզուութիւն, բազմամշակութայնութիւն եւ հայրենիքի բազմակողմանի ըմբռնում:

Վ. Մատթէոսեան
Ա. Բախչինեան

Վ. Մատթէոսեանի եւ Ա. Բախչինեանի համատեղ այս աշխատութիւնը արդիւնքն է երկու տասնամեակներու վրայ երկարած հետազօտութեան, որուն սկզբնական արդիւնքը հրատարակուած էր հայերէն հատորով (2007), որ այժմ կրկնապատկուած է իր ծաւալով եւ բովանդակած տեղեկութիւններով: Օգտագործելով արխիւային ու տպագիր բազմալեզու եւ բազմազան աղբիւրներու հսկայական քանակ մը, հեղինակները նոր էջեր կը բանան արեւելեան բեմական պարի, մշակութային եւ սեռատեսակային (gender) հարցերու, սփիւռքագիտութեան եւ այլ նիւթերու մասնագէտներուն, ինչպէս եւ հետաքրքրասէր ընթերցողին:

Պատմաբան եւ գրականագէտ Վարդան Մատթէոսեան լայն հետաքրքրութիւններ ունի հայ դասական եւ ժամանակակից մշակոյթներու ծիրին մէջ: Հրատարակած է հայերէն, սպաներէն եւ անգլերէն ինը գիրք, աւելի քան երկու տասնեակ թարգմանութիւն եւ շարք մը խմբագրուած հատորներ: Այժմ կը վարէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի (Նիւ Եորք) դիւանապետի պաշտօնը:

Բանասէր Արծուի Բախչինեան` սփիւռքի պատմութեան եւ մշակոյթի մասնագէտ, նաեւ գրող եւ թարգմանիչ է: Հեղինակած, խմբագրած եւ թարգմանած է մօտ քսան գիրք եւ մշտական աշխատակից է հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն պարբերականներու: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի (Երեւան) գիտաշխատող է:

Ֆրեզնոյի` Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հայկական մատենաշարը ստեղծուած է «Մ. Վիկտորիա Գարակէօզեան Գազան եւ Հենրի Ս. Խանզադեան Գազան» հիմնադրամի առատաձեռն աջակցութեամբ: Մատենաշարի գլխաւոր խմբագիրը փրոֆեսէօր Պարլօ Տէր Մկրտիչեանն է:

«Աշխարհի կինը. Արմեն Օհանեանը` «շամախեցի պարուհին» հատորը կարելի է ձեռք բերել «Ապրիլ» գրատունէն (http://www.abrilbooks.com/books/identity-and-culture/women-s-studies/woman-of-the-world-a.html), Հայկական ուսմանց եւ հետազօտութեան ազգային ընկերակցութեան (NAASR)  գրախանութէն (https://naasr.org/products/a-woman-of-the-world-armen-ohanian-the-dancer-of-shamakha) եւ Ազգային առաջնորդարանի գրախանութէն (https://armenianprelacy.org/product/a-woman-of-the-world-armen-ohanian-the-dancer-of-shamakha-softcover/):

 

Նախորդը

Սփիւռքահայը Կը Մեղանչէ՞ Հայրենի Պետութեան Եւ Իշխանութեան Դէմ, Երբ Կը Քննադատէ

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 7-րդ Թիւը

RelatedPosts

Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան,  Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը
Անդրադարձ

Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան, Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը

Օգոստոս 19, 2022
Խոնարհութիւնը` Մեծութեան Միակ Գրաւականը
Անդրադարձ

Խոնարհութիւնը` Մեծութեան Միակ Գրաւականը

Օգոստոս 19, 2022
Ուշացած   Շնորհակալութիւն
Անդրադարձ

Գրախօսական. Պատմագիտական Լուրջ Ուսումնասիրութիւն Մը Հայ Ժողովուրդի Ազատագրական Պայքարի Ոսկեայ Էջերէն

Օգոստոս 19, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In