Անհրաժեշտ Է Վարուող Քաղաքականութեան Փոփոխութիւն
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Գիտէինք, որ ազերիները ձեռնարկած էին Լաչինի միջանցքին մէջ, Բերձոր ու Աղաւնոյ աւանները շրջանցող ճանապարհի կառուցման: Ներկայիս գործող ճանապարհի փոխարինումը այլ ճանապարհով մը նախատեսուած էր 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` անձնատուական յայտարարութեան 6-րդ կէտով: 6-րդ կէտով համաձայնուած էր, որ Լաչինի միջանցքը պիտի ունենայ 3 քիլոմեթր լայնք եւ պիտի վերահսկուի ռուսական խաղաղարար ուժերու կողմէ: Ստորագրութեան յաջորդող...



















