Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անփոխարինելի Կառոյց Մը, Որ Կը Քայքայուի Օր Ըստ Օրէ (Լիբանանեան Բանակի Օր)

Օգոստոս 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Լիբանանի մէջ սրիկան մտահոգ չէ երբեք,
իսկ ազնիւ մարդը` վախի մէջ:

ԺԱՄԻԼ ՍԱՅԵՏ
(պետական երեսփոխան)

Շատ անգամ գրիչի մարդու մտքին մէջ կը ծագի հետեւեալ հարցադրումը. ի՞նչ եւ որո՞ւ համար գրել, մանաւանդ երբ տուեալ նիւթը մեր առօրեային կ՛առնչուի, հաւաքական մտածումներուն առանցքը կը կազմէ, ներկայի ու գալիքի հաշուոյն` մեզ առաջնորդելու եւ կողմնորոշելու կոչուած է:

Նախկին բարձրաստիճան զինուորականին վերեւ յիշուած տողերը, որոնք արձանագրուած էին թուիթըրեան գրառումով մը, 10-5-2022-ին, ճիշդ է, որ այդքան ալ մեզ չզարմացուց` նկատի ունենալով վերջին տարիներու այս երկրին մէջ պատահածը, այդուհանդերձ, գրառումը, բնորոշիչ իմաստ մը պարփակելու առընթեր, սապէս կ՛ամփոփէ Լիբանան կոչուած հողատարածքին վրայ ապրող ժողովուրդի մը առօրեան, կենցաղակերպը, մտածելու եղանակը, ներքին կեանքի` պետական թէ անհատական, միջավայրի, մթնոլորտի եւ կառուցուածքի իսկութիւնը:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ ամբողջ ժողովուրդ մը փտածութեան տիղմին մէջ է, կամ բոլոր պետական այրերը, անխտիր, աւազակաբարոյ կեանք մը կ՛ապրին, այլ հարց որ նմաններու թիւը շատ բարձր է, ճիւղաւորուած, արմատացած:

Աւելի՛ն. հարկ է ընդմիշտ պարզել պատճառն ու հետեւանքը սահմանուած հարցին, դէպքին, եղելութեան եւ անոնց ազդեցութիւնը ամբողջ հասարակութեան վրայ, որ մարդկային անաչառութիւնը, տրամաբանութիւնն ու դատաիրաւական օրէնքները ունենան իրենց վերջին խօսքը:

Այլ խօսքով` սրիկայութիւնը (իր բոլոր արտայայտութիւններով) բոլորիս կողմէ դատապարտելի ըլլալով հանդերձ, պէտք չէ արդարացնել նաեւ մեծամասնութիւն կազմող ազնիւ մարդոց վախի զգացումը, լռութիւնը, մեղկութիւնն ու խեղճութիւնը:

Փաստօրէն, երբ հարցը լինելութեան, առօրեայ ապրուստին եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու կը վերաբերի, անձնատուութիւնը, ներկային յարմարելու անպատեհութիւնը միայն աղէտի կ՛առաջնորդեն ժողովուրդ մը ամբողջ` զգետնելով պետութիւն, հայրենիք եւ ապագայ երազանքներն անգամ:

Դարձեալ, հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ, արդեօք ինչպէ՞ս պէտք է զատորոշել «սրիկայ»-ն ազնիւ քաղաքացիէն, երբ, այսպէս ըսած, «Մեծն Լիբանան» 1920 թուականէն ի վեր կը տուայտի այնպիսի անդարմանելի ախտերով (համայքայնութիւն, այլամերժութիւն, փտածութիւն, կաշառք, ապօրինի հարստութիւն  եւ այլն), որոնց պատճառով պետականութիւն մը ամբողջ փուլ կու գար, եկած է արդէն, ցաւ ի սիրտ, հասնելով մեր դժբախտ եւ սրիկայութեամբ յագեցած այս օրերը, երբ աղքատի հացն ու ջուրը անգամ կը զլացուի ապահովել, պարզապէս որովհետեւ լիբանանեան պետութեան բաղադրիչ անդամները (պաշտօնական մաֆիան), իրար յօշոտելու կամ չէզոքացնելու կացութեան մէջ կը գտնուին, աւելի՛ն. իրենց քաղաքական ու տնտեսական լիրբ հաշիւներուն յագուրդ տալու վազքին մէջ են տիւ եւ գիշեր` շահագործելով սահմանադրական կարգի փուլեր եւ նորովի կացութիւններ:

Կարծես չէր բաւեր ներլիբանանեան իրադարձութիւններու ահաւորութիւնը, անոնց վրայ կ՛աւելնար ներկայի աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութիւնը. նաֆթ, քարիւղ, զէնքի վաճառք, արհեստագիտական նուաճումներ, տիրակալական թաքուն թէ բացայայտ ախորժակներ, եւ այս բոլորը` քաղաքական ու զինուորական նոր քարտէսներու  ձեւաւորումին ընդմէջէն:

Արդ, Լիբանանի մէջ բացայայտ իրողութիւն մը առկայ է, թէ ինչպէս պետական այրեր, կարծրատիպեր, ծայրայեղօրէն կառչած են իրենց համայնքին եւ ամէն քայլափոխի կ՛արձակեն հակոտնեայ սուր կեցուածքներ, կը հրահրեն բանավէճերու տեսականի, պարզապէս խթանելու իրենց համոզումները, շահերը:

Ահաւասիկ նման գոյավիճակի թէ ահաւոր յորձանուտի մատնուած է նոյնինքն պետութեան անփոխարինելի կառոյցը` բանակը, որ կը դիմագրաւէ այնպիսի ճնշիչ եւ նոյն ատեն վարկաբեկիչ ժամանակներ, որոնց ականատես չէ եղած իր ողջ կեանքին թէ պատմութեան ընթացքին:

Փաստօրէն, բանակը, իր բոլոր ստորաբաժանումներով եւ կարգ ու սարքով` կ՛ապրի ամօթանքի եւ արժանապատուութեան ամէնէն տխուր պահերը:

Կա՞յ աւելի նուաստացուցիչ իրականութիւն, քան այն, երբ ազգային բանակը կը կերակրուի օտար պետութիւններու կողմէ` խղճահարութեան զոհ դառնալով:

Սա է, լիբանանեան առումով մեծագոյն զաւեշտը կամ գահավէժի ընթացքը:

Ողբերգութիւնը այն է սակայն, որ Լիբանանը հարուածած տնտեսական ահռելի տագնապին առընթեր, պետական բարձրաստիճան դիրքերու վրայ գտնուող միլիառատէր այրերու թիւը շշմեցուցիչ է, իսկ անոնց փտածութեան աստիճանաչափը` գրեթէ անըմբռնելի:

Կայ զաւեշտին միւս երեսը, երբ նոյն պետական այրերը` մուրացկանութեան հանդերձանքը հագած, օժանդակութիւն կ՛ակնկալեն օտարէն` կերակրելու ազգային բանակը, իրենց կարգին, ոչ մէկ նպաստի կամ օգնութեան ձեռք երկարելով ազգային բանակին, գէթ օտար պետութիւններու դիմաց փրկելու իրենց անհատական թէ ազգային  արժանապատուութիւնը, որ կարծես վաղուց չքացած է իրենց մտքէն:

Իսկ ամէնէն նողկալին այն է, որ նման այրեր իրենց անվտանգութեան համար գործի են լծած նոյնինքն բանակի ստորաբաժանումներ` ստեղծելով պաշտպանական վիճակ մը, զիրենք հեռու պահելու ժողովրդական ցասումէ, պոռթկումէ եւ ընդվզումէ:

Այո՛, կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, որուն ազգային բանակը անօթի է, լքուած ու անտէր, իսկ զինք հովանաւորողը կ՛ապրի հրաշագեղ դղեակներու մէջ:

Միւս կողմէ, մտահան պէտք չէ ընել նաեւ բանակի հրամանատարին լուռ եւ տքնաջան աշխատանքը, պարզապէս ոտքի պահելու իր ստանձնած կառոյցը, որ օրէ օր կը մխրճուի քաոսին մէջ: Եթէ երբեք մօտալուտ հիմնական լուծումներ սեղանին չդրուին, ապա ազգային բանակի լինելութիւնը կրնայ խնդրոյ առարկայ դառնալ:

Յիշել, մօտիկ անցեալի քաղաքացիական պատերազմին օրագրութիւնը:

1 օգոստոս:

Տեղացի խօսակիցներ յաճախ կը զարմանան ի տես լիբանանահայութեան այն հաստատ համոզումին եւ քաղաքական կեցուածքին, երբ, իբրեւ հայրենակորոյս թէ ցեղասպանութեան ենթարկուած մնացորդաց, ամէն բանէ վեր կը դասենք երկու արժէքներ` պետականութիւն եւ բանակ:

Փաստօրէն, հայ անհատը որեւէ զրոյցի թէ քաղաքական յարաբերութեան մը ընթացքին, ուղղակիօրէն մատնացոյց կ՛ընէ պետականութեան արժէքը եւ բանակի անփոխարինելիութիւնը:

Եւ, այս ժառանգաբար մեզի փոխանցուած մօտեցումն ու իրաւ համոզումը շատ անգամ հեգնանքի կ՛արժանանայ տեղացիներու կողմէ` ըսելով, որ նման ծայրայեղ  կեցուածք, այսպէս ըսած, խորթ կը թուի ըլլալ լիբանանեան կառուցուածքին մէջ:

Աւելի՛ն. անոնք կը յաւակնին դասեր ու յորդորներ տալ, արդարացնելով իրենց նեղմիտ ու պառակտիչ համայնքայնութիւնը, որ աւելի քան հարիւր տարիէ փորձանք է դարձեր այս երկրի գլխուն:

Այդուհանդերձ, իբրեւ գիտակից հայ քաղաքացիներ կը խոնարհինք Լիբանանի ազգային բանակի զոհողութիւններու առջեւ, կը շնորհաւորենք անոր տօնը, աւելի՛ն. ինչպէս տասնամեակներու ընթացքին, նաեւ այսօր կը վերանորոգենք մեր ուխտը` աջակցելու հիւրընկալ այս երկրի բարգաւաճման, ծառայելով ազգային բանակին, որ կոչուած է արեան գնով պաշտպանել ժողովուրդն ու հայրենիքի սահմանները:

Ապացոյց մը եւս, որ ազնիւ մարդիկ նաեւ անվախ կ՛ըլլան:

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Նախագահին Այցելութեան Ուղերձները

Յաջորդը

Ով Կը Յարատեւէ, Ի Վերջոյ Կը Յաղթէ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?