Մինչեւ Հիմա
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Մինչեւ հիմա տակաւին, Անհամբեր մանկան մը նման, Կը սպասեմ, որ երկինքէն, Փայլուն աստղ մը սահի վար, Որ իր բոցովը կարմիր, Սփռէ իր լոյսը կրկին, Չոր քարերուն իմ քաղաքին, Որոնց վրայ տակաւին, Պայծառ յուշերս հին, Երկչոտ մուկերու նման, Անցեալիս հետ գաղտնօրէն, Իրենց պարերն են բռնած: Մինչեւ հիմա տակաւին, Անմեղ մանկան մը նման, Ես կը սպասեմ, որ երկինքէն, Փոքրիկ պարիկ...




















