Անդրադարձ

Լիբանանահայ Թատերասրահը` Հայրենի Արուեստի Շունչով Լեցուն

Լիբանանահայ Թատերասրահը` Հայրենի Արուեստի Շունչով Լեցուն

Գիւմրիի պետական տրամաթիքական թատրոնի Վարդան Աճէմեանի անուան թատերախումբը արդէն իսկ հասաւ Լիբանան եւ լծուած է յարդարման ու պատրաստութեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին, որուն վրայ ելոյթ պիտի ունենայ այս շաբաթ` յաջորդող չորս օրերու ընթացքին երեք թատերախաղերով՝ «Տունը սահմանին» (7 յունիս), «Փարիզը վտանգաւոր քաղաք է» ( 8 յունիս) եւ «Քեռի Քուչին, Թոմ անտ Ճերին եւ միւսները» (9-10 յունիս)։ Հայրենի արուեստագէտներուն շունչն...

«Սփիւռքի Տարուան» Հռչակման Կարեւորութիւնը` Մտաւորական Մակարդակի Վրայ

«Սփիւռքի Տարուան» Հռչակման Կարեւորութիւնը` Մտաւորական Մակարդակի Վրայ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Անցեալ եւ ընթացիկ տարիները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ յատուկ հռչակագիրներով յայտարարուեցան «Սփիւռքի տարի»-ներ: Բայց այս ընթացիկ` երկրորդ տարուան առաջադրանքները որոշ չափով կը տարբերին առաջինէն, որովհետեւ եթէ առաջինի պարագային շեշտը դրուեցաւ աւելի սփիւռքեան կացութեան քննութեան վրայ, ապա երկրորդի պարագային շեշտադրումները աւելի գործնական բնոյթ ունին եւ կը մղեն մտածել սփիւռքի վերակազմակերպման մասին: Ճիշդ այս նպատակով ալ...

«Ամէն Ինչ Նոր Կը Դարձնեմ…».  Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

Ո՞վ Է Իսկապէս Ուրախ Մարդը

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Ուրախութեան զգացումին յարաբերական ըլլալը ամէնուն ծանօթ ըլլալով հանդերձ, շա՜տ շատեր տխրութեամբ կը համակուին իրենց կեանքի ընթացքին: Թեթեւ անյաջողութենէ կամ յուսախաբութենէ մը ետք ոմանց համար կարծես աշխարհը փուլ կու գայ: Մարդիկ չեն կրնար ըմբռնել, ո՛չ ալ կ՛ուզեն հաւատալ, որ զիրենք տխրեցնող երեւոյթը ժամանակաւոր է: Օրինակ, սիրելիի մը վերջնական կորուստը կամ մահը ոմանց համար արդէն իրենց վերջին օրուան ժամկէտը...

Ճանչնանք Մեր Արժէքները…   Ստեփան Ֆով

Ճանչնանք Մեր Արժէքները… Ստեփան Ֆով

ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ Բնագիտութեան կալուածին մէջ վերին աստիճանի համեստ եւ խոնարհ գիտաշխատող մըն է Ստեփան Ֆով եւ փրոֆեսէօր` École Normale Supérieure-ի: Մօրը կողմէ հայ, մեծանուն այս գիտնականը հայերէնը սորված է սեբաստացի մեծ մօր` Սիրանուշի ծունկերուն վրայ, իսկ ոտանաւոր արտասանելը` մեծ հայրիկէն` Գառնիկ Յովհաննիսեանէն: Ի՛նչ կախարդանքով փոխանցած ըլլալու են իրենց թոռնիկին հայ լինելութեան արժէքը այս մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը, որ...

“Երբ Չի Մնում Ելք Ու Ճար”

“Երբ Չի Մնում Ելք Ու Ճար”

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ “Երբ չի մնում ելք ու ճար, Խենթերն են գտնում հնար” Մեծն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի այս տողերը կը խտացնեն մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընդմէջէն՝ ջարդի, ցեղասպանութեան, ստրկութեան ու արհաւիրքներու ճակատագրական պահերու մեր ժողովուրդի հայկեան ոգին դրսեւորելու եւ ազատութեան ու ինքնիշխանութեան տիրանալու ազատագրական պայքարի ոգիին ամբողջական տեսլականն ու հզօր կամքը: “Այսպէս ծագեց, արեգակեց Սարդարապատի մարտը մեծ” Ու ցեղասպանութենէն հազիւ 3...

Խոնարհ Դէմքի Մը Անժամանակ Բօթը

Խոնարհ Դէմքի Մը Անժամանակ Բօթը

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Ուղեղը սառած է կենդանի մարմնին մէջ, եւ գիտակցութենէ զուրկ կը վարէ ան իր առօրեան: Հիմա երակներուն մէջ շրջագայող պաղ արիւնը վերջոյթներուն` ձեռքերուն ու ոտքերուն, շարժումը կը յամրացնէ, եւ աչքերը յաճախ կը սեւեռին ոչնչութեան վրայ, պարապութեան մէջ: Իրողութիւնը, գոյութիւնը, եղելութիւնը տակաւին չի կրնար տրամաբանել, քանզի բօթը ձայնով, նկարով ու գրութեամբ սրընթաց հասաւ նետի նման եւ գլխիվայր շրջեց իր ամբողջ...

Ձեր Հաւատքը Մի՛ Կորսնցնէք

Տեսակէտ. Վերիմաստաւորելով Սփիւռքը

ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ Թէեւ լայն հասարակութիւնը վերջին երկու տասնամեակներուն ենթարկուած է արմատական փոփոխութիւններու, սակայն հայկական սփիւռքի համայնքները չեն ընդունած բարեշրջման հետեւեալ երեսակները. Համացանցը յեղափոխած է հասարակութեան յարացոյցը` առիթ տալով անհատներուն արտայայտուելու եւ ազդեցութիւն գործելու, այսպիսով իշխանութիւնը ընտրուած մարմիններէն տեղափոխելով զանգուածային խումբերու: Այս երեւոյթին պատկերաւոր օրինակը տեղի ունեցաւ 2022 թուականի դեկտեմբերին, երբ դիմատետրեան խումբ մը  կազմակերպեց շոգեկառքերու գործադուլներ, որոնք փաստացիօրէն խափանեցին ֆրանսական...

Հալէպահայ Դոկտ.Արա Սայեղ Փրոֆ. Տիտղոսին Կ’արժանանայ

Լուճը «Վերածնունդ»-ով Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Հրամայական անհրաժեշտութիւն է, ամէն մէկ հայու խիղճի պարտքն է յարգանքի տուրք մատուցել իր ազգի` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ բոլոր ժամանակներու բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին: Աշխարհի բովանդակ տարածքին ապրող սփիւռքահայութեան համար մեր  սրբադասուած նահատակներու յիշատակութեան դրսեւորումը կ՛արտայայտուի բազմազան ընկալումներով, ձեւերով, կարելիութիւններով եւ միջոցներով: Ինչպէս նախորդ տասնամեակներուն, այս տարի ալ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի բազմապիսի ձեռնարկներ ընթացք առին Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու...

«Ցեղասպանութեան Որբերը»… Անոնք 400 Հազարէ Աւելի Էին, Իսկ Որբանոցներու Թիւը Կը Հասնէր 125-ի

«Ցեղասպանութեան Որբերը»… Անոնք 400 Հազարէ Աւելի Էին, Իսկ Որբանոցներու Թիւը Կը Հասնէր 125-ի

Համադրեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Ցեղասպանութեան որբերը». այսպէս վերնագրած է պատմաբան-ցեղասպանութեան անխոնջ հետազօտող, «Հայոց ցեղասպանութիւն. նախափուլ եւ հետեւանքները» մատենաշարի եւ այլ  հատորներու հեղինակ Արա Քեթիպեան Ցեղասպանութեան մասին հրատարակած իր 11-րդ հատորը: 24 ապրիլ 2023-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին «Առաջին ալիք»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ան խօսեցաւ գիրքին, ինչպէս նաեւ մերօրեայ զարգացումներուն մասին: 1890-1922 թուականներու ամերիկեան մամուլը, ներառեալ առաջատար օրաթերթերը` «Նիւ Եորք Թայմզ», «Պոսթըն...

Դէպի Ո՞ւր. Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Ազգային-Պետական Ծրագիր Կա՞յ, Ի՞նչ Բովանդակութիւն Ունի Ան

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ Հայաստանի պետականութեան վերականգնման՝ Մայիսի 28-ի 105-րդ տարեդարձն արդէն նշեցինք։ Ազգովի՞ն։ Չենք կրնար պնդել։ Երեւան՝ Արամ Մանուկեանի յուշարձանին դիմաց կազմակերպուած «Տէր ենք մեր հայրենիքին»` Դաշնակցութեան նախաձեռնած եւ կազմակերպած ձեռնարկին մասնակցութիւնը համաժողովրդական, համազգային կարելի՞ է բնորոշել։ (Մամուլէն տեղեկացանք, որ հասարակական դէմքերու արգիլուած է մուտքը Սարտարապատի յուշակոթող, այն պահուն, երբ «ժողովրդավարութեան պասթիոն Հայաստան»ի վարչապետն ու գործակիցները յուշակոթող կ’այցելէին: Այլ խօսքով, նոյնիսկ...

Անմիտ Ընկերոջ Ստեղծած Վտանգը

Անմիտ Ընկերոջ Ստեղծած Վտանգը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ապրիլ 23-ին,  Հիւսիսային Քոսովոյի մեծամասնութեամբ սերպերով բնակուած չորս քաղաքապետութիւններու մէջ տեղի ունեցան տեղական ընտրութիւններ, որոնք պոյքոթի ենթարկուեցան սերպերուն կողմէ։ Իբրեւ հետեւանք մասնակցութեան համեմատութիւնը նուազեցաւ 3,47 առ հարիւրի։ Քուէարկողներուն 1566-ը ալպանացիներ էին, եւ միայն 13-ը՝ սերպեր։ Բնականաբար, ալպանացիները սերպական բնակավայրերուն մէջ դարձան քաղաքապետեր ու քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ։ Սերպերը սկսան բողոքել ընտրութեան արդիւնքներուն դէմ։ 25 Մայիսին, Հիւսիսային Քոսովոյի մէջ սկսան...

Ի Յիշատակ Վերժին Մանճեան-Գարագաշեանի

Ի Յիշատակ Վերժին Մանճեան-Գարագաշեանի

Ստորեւ կը ներկայացնենք Վերժին Մանճեան-Գարագաշեանի դամբանականը` կարդացուած իր զաւկին` Վահագն Գարագաշեանի կողմէ, կիրակի, 28 մայիս 2023-ին, Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, Մոնրէալ, ցաւակցականի ընթացքին: Աստ հանգչի անձնուէր մայր, ընտանիքի կանթեղ եւ անձնուրացութեամբ ճաճանչող հոգիով Վերժին Գարագաշեանը, որ 24 մայիսին, 83 տարեկանին, երկրային կապանքները արձակելով, իր ոգեղէն սլացքը կատարեց յերկինս: Մուսալեռցի արմատներով Վերժին Մանճեանի կեանքը եղաւ համակ նուիրում ու սէր`...

Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի

Պատի՛ւս Արժանաւորաց

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Ուրախութեան անխառն զգացումներով եւ խանդավառութեամբ հեռաւոր Թորոնթոյի բնակավայրէս անձկագին կը հետեւէի Ֆրեզնօ քաղաքի Մուսալեռ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան վաղեմի ընկերներուս յուշարձան մը կառուցելու խանդավառ ծրագրին: Ի խորոց սրտի երախտագիտութիւն կը յայտնեմ եւ սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ վաղեմի ընկերներ, որ բարի եւ երախտարժան մտածումն ու ծրագիրը ունեցաք մարմնաւորելու մուսալեռցիներուս յաղթանակի եւ փրկութեան խորհրդանիշը հանդիսացող Մուսա լեռան Տամլաճքի պատմական յուշարձանին կրկնօրինակը...

«Քեռի Թադօ» (Փեթարացի Թադօ). Յեղափոխութեան Հաւատարիմն Ու Անձնուրաց Մարտիկը

«Քեռի Թադօ» (Փեթարացի Թադօ). Յեղափոխութեան Հաւատարիմն Ու Անձնուրաց Մարտիկը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Ազգային ազատագրական պայքարի էջերուն մէջ բազմաթիւ են խիզախագոյն ֆետայիներն ու հերոսները, որոնք յայտնուեցան 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կէսին՝ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին իբրեւ արդիւնք։ Մեր յեղափոխական կռիւի ազատութեան ձայնը գոռաց անոնց զէնքերու փողերէն: Այդ պայքարին մէջ անոնք էապէս խառնուեցան հայրենի հողին, մարմնացան անոր լեռներով եւ վերածուեցան մեր յեղափոխութեան ապառաժին՝ մեր ժայռերուն պէս: Անոնցմէ շատերն իրենց...

Գիտութիւնը` Ի Սպաս Մարդուն

Գիտութիւնը` Ի Սպաս Մարդուն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կրեկուար Քուրթեն Միջազգային գիտական մամուլը վերջին օրերուն սքանչելի աւետիս մը կը բերէ մարդկութեան, մասնաւորաբար անոնց, որոնք արկածի կամ դժբախտ պատահարներու պատճառով կորսնցուցած են շարժունակութիւնը, օրինակի համար` քալելու կարողութիւնը: Խումբ մը գիտնականներ, Կրեկուար Քուրթեն անունով ֆրանսացի գիտնականի մը շուրջ խմբուած, արդի արհեստագիտութիւնը ի սպաս դրած են բժշկութեան եւ յաջողած են հնարել ելեկտրոնային մանր սարքեր, որոնց միջոցով արկածի մը պատճառով...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 2020-ի արցախեան պատերազմէն ետք, բազմիցս ակնարկած է, որ Արցախը Ազրպէյճանի մաս կը կազմէ: Տարիներ շարունակ այս եղած է անոր դիրքորոշումը: Իբրեւ լրագրող, իշխանութեան գալէն շատ առաջ իսկ, ան կը նկատէր, որ Արցախը բեռ է Հայաստանին: Ապրիլ 2022-ին Փաշինեան Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը յորդորած է Հայաստանը` իջեցնել Արցախի կարգավիճակի...

«Ես Եմ Ճամբան»

«Ունեցածդ Ամուր Բռնէ…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէսզի մէկը չառնէ քու պսակդ» (Յայտնութիւն Յովհաննու 3:11) Յայտնութիւն Յովհաննուն Աստուածաշունչ մատեանի  66 գիրքերուն վերջինն է: Մեր պատանեկան տարիներուն քիչ մը մտահոգութեամբ, ինչպէս նաեւ վախով կը մօտենայինք այս գիրքին: Մեզի կը բացատրէին, որ այս գիրքին մէջ ներկայացուած պատկերները` պատերազմ, երկրաշարժ ու տակաւին այլ աղէտներ, ցոյց կու տան, որ աշխարհի կամ երկրագունդի վերջաւորութեան նախանշաններ էին...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Ներսէս Կիւզելիմեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Ներսէս Կիւզելիմեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Դեղագործ Ներսէս Կիւզելիմեան Դեղագործ Ներսէս Կիւզելիմեան ծնած է Այնթապ, 1882-ին: Մօր անունը` Եսթեր Լեւոնեան, հօր անունը` Յարութիւն/Արթին: Ունեցած է երկու եղբայր` Լուտեր եւ Խաչեր, եւ չորս քոյր` Ֆլորա, Երանուհի, Կիւլենիա եւ Միհրանուշ: Ծնունդէն անմիջապէս ետք որդեգրուած է հօրաքրոջ` Լուսիա Օղլուեանի (ծնեալ Կիւզելիմեան) կողմէ: Ներսէսը որդեգրող հայրը` Գրիգոր Կէօյ-Օղլուեան, իր արհեստին բերումով ծանօթ եղած է նաեւ պըչաքճը...

Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ  Հայ Համայնքին Համար.  Հայերու Մուտքը Խորհրդարան

Մեր Անզիջելի Սահմանագիծը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Անկեղծօրէն այս կէտին վրայ այլեւս իմաստ չունին կացութիւնը բացատրող բոլոր վերլուծականները, երբ մեր հաւաքական գիտակցութեան առջեւ դրուած է հայ մարդուն գաղափարական յանձնառութեան արիւնոտ խնդիրը: Պատմութիւնը մեզ արագօրէն դրաւ մեր գոյութեան մեծագոյն հարցականին առջեւ: Սպառած են այլեւս ընդհանրութիւններու ետին թաքնուելու բոլոր լուսանցքները: Եկած է ժամը վերջին հարցումին պատասխանելու: Պատասխանելու` յստակ, անհատապէս, հաւաքաբար եւ վերջնական: Կը կրկնեմ` Ա.- Փաշինեանական վարչակարգը...

Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի

Երեւանի Պարագիշերները

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Ես մտայ ներս` գտնելու Սրահին մէջ պարող խելագարները, Անխելք կանայք տերվիշներու պար բռնած Հուլալհոպը կողերուն կը գալարուին Շարֆով ժպիտով Նուագախումբը` թիթեղեայ շուրթերով, Կը շարունակէ փչել Փողը Հնագոյն կոչը Պարել! Պարել! Դէպի Հպարտութիւն, դէպի Պարտութիւն Երջանկութիւն - Կլոր կլոր դառնալով` շունչերնին բռնած Պարող կանայք կը հասնին Նիրվանային Հպարտ են հպարտ են Պարտութիւն են Կէս գիշերին, երբ տուն մտայ Խելագարուած...

Page 200 of 807 1 … 199 200 201 … 807

Արխիւներ