Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Թատերասրահը` Հայրենի Արուեստի Շունչով Լեցուն

Յունիս 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գիւմրիի պետական տրամաթիքական թատրոնի Վարդան Աճէմեանի անուան թատերախումբը արդէն իսկ հասաւ Լիբանան եւ լծուած է յարդարման ու պատրաստութեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին, որուն վրայ ելոյթ պիտի ունենայ այս շաբաթ` յաջորդող չորս օրերու ընթացքին երեք թատերախաղերով՝ «Տունը սահմանին» (7 յունիս), «Փարիզը վտանգաւոր քաղաք է» ( 8 յունիս) եւ «Քեռի Քուչին, Թոմ անտ Ճերին եւ միւսները» (9-10 յունիս)։ Հայրենի արուեստագէտներուն շունչն ու շարժումը լեցուցած է թատերասրահը։

«Ազդակ»՝ հետեւելով նախապատրաստական աշխատանքին, փորձեց այնտեղ տիրող մթնոլորտը շօշափել եւ ընդհանուր տրամադրութեան իրազեկ դառնալ։

Դերասաններէն Նարա Սանթոյեան նշեց. «Տունը սահմանին» ներկայացման թիրախաւորուած հանդիսատեսը այն է, որ արծարծուած հարցին նկատմամբ ինքնաքննադատական մօտեցում մը ունի։ Այստեղ հարցը համամարդկային է ու համաշխարհային, եւ համաշխարհային հարցերուն մէջ միշտ առկայ է մարդկային վրիպումը։ Մարդը մասնիկն է մեծ սխալի մը, եւ որպէս արդիւնք` անոր հետեւանքները կրողը։ Այլ խօսքով, փաստ արձանագրելու ներկայացում մըն է այս մէկը։

«Կը կարծեմ, թէ մենք ճիշդ հասցէատէրին մօտ ենք, որովհետեւ լիբանանահայը հաւատարիմ եւ իսկական հայրենասէր մըն է»։

Դերասան Արսէն Սաղաթելեան առաջին անգամ չէ, որ Լիբանան կը գտնուի։ Ան 2018-ին նաեւ հոս էր՝ «Հարսանիք թիկունքում»-ը ներկայացնելու լիբանանահայ հանդիսատեսին։ Անդրադառնալով իր տպաւորութեան՝ ան ըսաւ. «Լիբանանահայութիւնը ունի ճաշակ, պահանջկոտ եւ արժէքաւորը գնահատելու ատակ հանդիսատես է։ Կարծէք ձեւով մը աւանդոյթ դարձած է արդէն, որ Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնը իր լաւագոյն ներկայացումի առաջին հիւրախաղը կատարէ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութին մէջ։ Լիբանանահայ հանդիսատեսին արձագանգը մեզի համար շատ կարեւոր է, եւ պատահական չէ, որ մեր թատերախաղերու ընտրանիին առաջին հիւրախաղերը որպէս քննութիւն` այստեղ կը կատարենք։

«Մեծ ուրախութիւն է ինծի համար այսօր անգամ մը եւս այստեղ գտնուիլ, եւ յոյսով եմ, որ այս մէկը վերջինը չ’ըլլար»։

Ներկայացման նախապատրաստական աշխատանքներուն կը հսկէր անոր երիտասարդ բեմադրիչը՝ Արտուշ Միքայէլեան, որ անդրադառնալով թատերախաղի խորքին, նշեց, թէ ճշգրտօրէն տեղայնացուած ու աշխարհագրական դիրքով ճշդորոշուած չէ այս ներկայացումը, այլ նոյնինքն ամբողջ հայութեան այսօրուան կարգավիճակի դրսեւորում է։ Իր կարծիքով, մասնատուած հայութեան միասնականութեան կոչ մըն է ասիկա։ Միքայէլեան շեշտեց, որ թեման ժամանակավրէպ չէ, այլ` խիստ այժմէական եւ յուզիչ, եւ վստահաբար ան իր մէջ կը կրէ պատգամ մը լիբանանայահայութեան։

Առաջին եւ երկրորդ այցելութիւն ունեցող դերասաններուն մօտ այսօր զգալի էր խանդավառութիւնը եւ դրական ակնկալութիւնը։

Վաղը անոնց առաջին ներկայացումն է արդէն, անոնք լիբանանահայութեան պատմութեան գիրքին մէջ նոր էջ մը գրաւելու ուղիին վրայ են արդէն։

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Անսակարկելի Է. Արամ Ա. Վեհափառ

Յաջորդը

Հայկական Մարզին Մէջ Նոր Օրէնքներ . Ղարաբաղի Մասին Նախագիծ Եւ Զեկուցումներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?