Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Վերիմաստաւորելով Սփիւռքը

June 5, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ

Թէեւ լայն հասարակութիւնը վերջին երկու տասնամեակներուն ենթարկուած է արմատական փոփոխութիւններու, սակայն հայկական սփիւռքի համայնքները չեն ընդունած բարեշրջման հետեւեալ երեսակները.

Համացանցը յեղափոխած է հասարակութեան յարացոյցը` առիթ տալով անհատներուն արտայայտուելու եւ ազդեցութիւն գործելու, այսպիսով իշխանութիւնը ընտրուած մարմիններէն տեղափոխելով զանգուածային խումբերու: Այս երեւոյթին պատկերաւոր օրինակը տեղի ունեցաւ 2022 թուականի դեկտեմբերին, երբ դիմատետրեան խումբ մը  կազմակերպեց շոգեկառքերու գործադուլներ, որոնք փաստացիօրէն խափանեցին ֆրանսական «TGV» եւ միջքաղաքային շոգեկառքերուն 60 տոկոսը` անխօս թողելով նոյնիսկ ամէնէն ազդեցիկ արհեստակցական միութիւնները:

Քաղաքացիական հասարակութեան կառոյցներու աճի միտում կայ, Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Մելանշոնը աշխուժօրէն ներգրաւեց կուսակցութեան անդամները` որոշումներ կայացնելու գործընթացներուն մէջ: Եւ ասոր շնորհիւ, հակառակ անոր որ տնտեսագէտները անկարելի նկատած էին անոր ծրագիրը, ան 2022 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն հաւաքեց ձայներուն 21,75 տոկոսը, մինչդեռ պատմական Ընկերվարական կուսակցութիւնը յաջողեցաւ ապահովել միայն 1,75 տոկոս աջակցութիւն:

Արեւմուտքի երիտասարդութեան մէջ քաղաքական հետաքրքրութեան նուազման մտահոգիչ միտում մը կայ: 2022 թուականի Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլին, զարմանալիօրէն, 18-24 տարեկան երիտասարդներուն 41 տոկոսը որոշեց ձեռնպահ մնալ` ի համեմատումն մնացեալ բնակչութեան 22 տոկոսի ձեռնպահութեան: Այս միտումը կարծես թէ կ՛ազդէ նաեւ սփիւռքի հայ երիտասարդներուն վրայ, որոնք զգալի անտարբերութիւն մը կը դրսեւորեն հայաստանեան քաղաքականութեան նկատմամբ: Անոնք անտարբեր են Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու եւ վարչակարգի փոփոխութեան կարեւորութեան նկատմամբ:

Մէկ դարու ընթացքին սփիւռքի համայնքները զգալի վերափոխումներու ենթարկուեցան` յարմարելով զիրենք հիւրընկալած երկիրներուն, ինչպէս նաեւ` մշակութապէս շեղելով ե՛ւ իրարմէ, ե՛ւ հայրենիքէն: Քիչ հաւանականութիւն կայ, որ սփիւռքեան մարմին մը կրնայ ձեւաւորուիլ, կամ սփիւռքը կրնայ կառավարուիլ «մէկ կեդրոն»-է:

Փարիզի, Մոնրէալի, Պոսթընի եւ Լոս Անճելըսի հայկական համայնքները իրերանման դրուածք մը ունին: Անոնք կը բնութագրուին կառոյցներով, որոնք բաղկացած են բեւեռացուած կազմակերպութիւններէ, եւ որոնք տասնամեակներ շարունակ գրեթէ անփոփոխ մնացած են: Այնուամենայնիւ, մեզի համար կարեւոր է յարմարիլ հասարակութեան բարեշրջման` հաշուի առնելով հետեւեալ գործօնները.

Թէեւ արեւմտեան հասարակութիւնները կրնան գործել առանց իրենց եկեղեցիներուն, քաղաքական կուսակցութիւններուն ու հաստատութիւններուն, հայկական սփիւռքը, սակայն, մեծապէս յենած է այս կենսական կազմակերպութեանց վրայ: Մեր դպրոցները, մեր մշակութային, հասարակական եւ մարզական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր մամուլը իրենց գոյութեան համար պարտական են մեր համայնքային կառոյցներուն (մեր համայնքային կառոյցներուն ստեղծած հիմնադրամներուն): Մեզի համար կարեւոր է զարգանալ իմաստութեամբ` խթանելով փոխադարձ յարգանքը աւանդական կառոյցներուն եւ նոր ձեւաւորուող քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ:

Հայաստանի եւ սփիւռքի յարաբերութիւնները պէտք է վերաճին ներկայիս «կեդրոն-ծայրամաս» ներկայացուցչութենէն դէպի աւելի ներառական եւ բազմակեդրոն հայկական ինքնութիւն, որ կը խթանէ դաշնային մօտեցումը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ կապն ու գործակցութիւնը անոնց միջեւ:

Մեր երիտասարդներուն պարզապէս քաղաքականութեամբ զբաղելու կոչ ուղղելու փոխարէն` կարեւոր է հզօրացնել զիրենք եւ ապահովել իրենց անհատականութիւնը` ատով իսկ ապահովելով ապագայ մը, ուր անոնք կրնան դառնալ հասարակութեան յաջողակ եւ ազդեցիկ անդամներ:

Սփիւռքի իւրաքանչիւր կեդրոնի մէջ, գոյութիւն ունեցող աւանդական կառոյցներուն կողքին, մենք պէտք է նպաստենք համայնքի կրթական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական զարգացման խնդիրներուն անդրադարձող` ժողովուրդը միաւորող մարմիններու աճին: Նոր մարմինները պէտք է նպատակ ունենան ըլլալ զօրեղ, միաւորող եւ կայուն` ոգեշնչուելով յաջողութեան հասած այլ փոքրամասնութիւններէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրերայաջորդ կառավարութիւններուն ուղերձը նոյնն էր. «Արի տուն», վերադարձիր տուն, տուր` չունենալով կենսունակ, ծաղկող սփիւռք մը պահպանելու տեսլական: Սփիւռքի համայնքները պէտք է աճին ինքնուրոյն եւ անկախ:

Ես կը հրաւիրեմ տեսլականի շուրջ մտածողները եւ համայնքներուն մէջ ներգրաւուած անհատները` իրենց գործուն մասնակցութիւնը բերելու մեր համայնքային կառոյցներուն համար նախագիծ մշակելու գործընթացին, գործելով տեղական գետնի վրայ, ունենալով, սակայն, համաշխարհային տեսլական` նպատակ հետապնդելով միաւորել մեր ազգին հաւաքական ուժերը:

Կը հրաւիրեմ անոնք, որոնք կը ցանկան ընդունիլ արձագանգելու մարտահրաւէրը:

[email protected]

Նախորդը

Լուճը «Վերածնունդ»-ով Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

Յաջորդը

Բանաստեղծ Թատերագիրներ Եւ … Թատերագիր Բանաստեղծներ

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.