ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ուղեղը սառած է կենդանի մարմնին մէջ, եւ գիտակցութենէ զուրկ կը վարէ ան իր առօրեան: Հիմա երակներուն մէջ շրջագայող պաղ արիւնը վերջոյթներուն` ձեռքերուն ու ոտքերուն, շարժումը կը յամրացնէ, եւ աչքերը յաճախ կը սեւեռին ոչնչութեան վրայ, պարապութեան մէջ: Իրողութիւնը, գոյութիւնը, եղելութիւնը տակաւին չի կրնար տրամաբանել, քանզի բօթը ձայնով, նկարով ու գրութեամբ սրընթաց հասաւ նետի նման եւ գլխիվայր շրջեց իր ամբողջ էութիւնը:
Ժխտում, դրժում, ուրացում…
Անիրական, անկարելի, աներեւակայելի…
Մարդաշատ փողոցն է, տունն է` առանձին, իր ննջասենեակին մէջ, թէ իր խճողուած գործատեղին, հեռու է, կամ մօտ` նոյն վիճակն ունի ան, ուր ալ ըլլայ: Ժխորն անգամ չի կրնար զգաստացնել զինք եւ ուշքի բերել: Ան կայ ու չկայ…
***
Երանի թէ վերոյիշեալ կարգավիճակի տէր այս տիպարը երեւակայութեանս սահմաններուն մէջ գծուած ու ձեւուած կերպար մը ըլլար լոկ, եւ առիթ չունենայի այս անգամ գրելու: Երանի թէ չգիտնայիք ինչի մասին է խօսքը ու անցնէիք այս տողերէն` պարզապէս զանոնք կարդացած ըլլալու համար: Բայց գիտէք եւ զգացած էք այս բոլորը, դժբախտաբար…
Այո՛, այդ ես էի, դուն էիր, եւ ամէն մարդ, որ գէթ անունով գիտէր Զաւէնը եւ պահով մը ներկայ եղած հոն, ուր որ էր ան:
Զաւէնի մարդկային ու բարոյական գիծերու մասին մանրամասնօրէն եւ աւելի կրնան խօսիլ ու անոր առնչուած դրուագներ պատմել իր ընկերները, հարազատներն ու բարեկամները, որոնք իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիքին եղած են իր շուրջը, գտնուած են իր կողքին: Աւելի քան քսան տարիներու մասին շատ մարդ շատ բան կրնայ ըսել:
Սակայն աչքի առջեւ քանի մը պահու ներկայութիւնն ալ շատ բան կրնայ ըսել մարդու մասին:
Ես երկար անցեալ մը չեմ ունեցած Զաւէն Թորթեանին հետ: Հազիւ քանի մը տեսակցութիւն եղած է մեր միջեւ, քանի մը նախադասութիւններու եւ կարծիքներու փոխանակում: Իրաւունքն իսկ չունիմ քծնելու եւ շողոքորթելու, սակայն արդար իրաւունքն ունիմ Զաւէնին իրողութենէն բաժին մը այստեղ գրելու, յայտնելու` իմ տեսածս, լսածս, զգացածս:
Սրահներուն մէջ, ուր կը հաւաքուէինք, ես` նորեկ մը ըլլալով այնտեղ, չորս կողմ դիտելով կը քննէի ներկայութիւնը. իւրաքանչիւրի նիստուկացը, խօսելաոճը, կենցաղավարութիւնը եւ տարբերութիւններն անոնց մէջ: Կը ծանօթանայի մարդու տեսակին, որ տարբեր է ու իւրայատուկ` անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար: Մարդու տեսակը կարծես նոյն իր մատներուն ծայրը գտնուող մատնահետքերուն պէս բան մըն է, առանձնայատուկ եւ սեփական:
Այդ սրահներուն ու սենեակներուն մէջ ոմանք` համարձակ էին, ոմանք` ամչկոտ, ոմանք` տիրական ներկայութիւն մը ունէին, իսկ ուրիշներ լուռ` աթոռ մը կը զբաղեցնէին միայն: Ոմանք բարձրաձայն կը ծիծաղէին, ոմանք` յօնքեր պռստած, խոժոռ դէմքով կը նստէին, իսկ Զաւէնը` իր բնաւորութեամբ, կը գտնուէր այս բոլորին արանքին…
Հաւասարակշիռ ներկայութիւն մը. ժպտերես, բայց միաժամանակ լուրջ, խոնարհ, բայց ոչ անշուք: Ընկերային էր եւ ընկերասէր, ընկերները` միշտ իր շուրջը հաւաքուած, եւ ինք` անոնց: Կարգապահ էր եւ չէր սիրեր խառնաշփոթ վիճակը: Այդ մէկը տեսած եմ մէկէ աւելի անգամ, իր իսկ ընկերներուն ուղղելով` սաստելով, անուշ լեզուով մը: Չէր կաշկանդուեր նոր յարաբերութիւններ մշակելու, համարձակ էր ան, նախաձեռնող, յանձնառու եւ սիրալիր:
Անոր անակնկալ, անսպասելի եւ անժամանակ մեկնումը խոցեց ու արիւնեց հարիւրաւոր սրտեր, բայց չէի կրնար պատկերացնել, որ մակերեսային մեր մտերմութեամբ, անոր մահուան գոյժը կրնայ ծանրօրէն ազդել ի՛մ վրաս նաեւ, եւ ես ալ ձեւականութենէ դուրս` դառնամ հոգիով սգակիր մը ու պոռթկամ անարդարութեան դիմաց եւ անիծեմ ակնթարթի մէջ պատահող ողբերգութիւնները:
Զաւէնը ներկայութիւն մըն էր, հաճելի եւ ակնբախ ներկայութիւն մը: Անոր բացակայութիւնը պարապութիւն մը պիտի ձգէ իր հարազատներուն աչքին առաջ, եւ խոր վիշտ ու ամայութիւն մը` անոնց սրտին մէջ, սակայն անոնց մտքին ու յիշողութեան մէջ միշտ վառ պիտի մնան իր ձգած յիշատակները, անմոռանալի պահերը եւ իր «առաքինի»-ի նկարագիրը (ինչպէս իր հարազատ ընկերները կ՛ուզէին ըսել):
Հիմա յունիս է, բայց կ՛անձրեւէ, անընդհատ կը մաքրուի ապականած այս աշխարհը, որմէ հեռացաւ «ամէնուն ընկերը»:
Մխիթարութիւն ու համբերութիւն բոլոր անոնց, որոնք իր կորուստի վիշտը կը կրեն իրենց հոգւոյն մէջ:
Մօտեցար բոլորին ու հեռացար անոնցմէ` նոյն բարի ժպիտը դէմքիդ կրելով, ընկե՛ր Զաւէն:
Պէյրութ, 2 յունիս 2023