Ես մտայ ներս` գտնելու
Սրահին մէջ պարող խելագարները,
Անխելք կանայք տերվիշներու պար բռնած
Հուլալհոպը կողերուն կը գալարուին
Շարֆով ժպիտով
Նուագախումբը` թիթեղեայ շուրթերով,
Կը շարունակէ փչել
Փողը
Հնագոյն կոչը
Պարել! Պարել! Դէպի Հպարտութիւն, դէպի Պարտութիւն
Երջանկութիւն –
Կլոր կլոր դառնալով` շունչերնին բռնած
Պարող կանայք կը հասնին
Նիրվանային
Հպարտ են հպարտ են
Պարտութիւն են
Կէս գիշերին, երբ տուն մտայ
Խելագարուած ինկայ երազներու աշխարհ
– Քուն եղիր բալաս
Օրօրոցայինի վերմակը գլխուս քաշած
Ուղիղ պառկած
Հարցերս օդ շպրտեցի.
Դուրսը Արարատի անլոյս շուքն է
Հպարտ Հայկական լեռնաշխարհը
Պար բռնած է
Պարտութեան
Գորշ թեւերուն յանձնուած
Լուսինը անյոյս կը փորձէ
Հպարտութիւնը թաղել
Դուրսը քաղաքի լոյսերն են
Երեւան դարձած իմ Էրեբունի
Չէզոք
Կանայք հոս կը պարեն մի ուրիշ տեսակ
Կը մտածեն, եթէ երկիրը կրնայ քիչ մը սպասել
Եւս հազար ու հազար գիշեր,
Անշուշտ, օր մը այս վիշտը կը վերանայ
Կը հաւասարակշռուի
Մեր պարտութիւնն ու
հպարտութիւնը
Կու գայ ծննդեան մի նոր ժամանակ:
Բայց գիշերները երկար են,
Թող պարողները խելագար պարեն
Լուսինը թող փորձէ թաղել
Պար բռնած կանանց տունն ու տեղը
Երկիրը կը յուշէ
Կը զգուշացնէ
չի կրնար սպասել.
Դուստրս օրօրոցայինը չի սիրեր.
– Քուն մի եղիր բալաս
Դուստրս չի հասկնար
Ինչ է տարբերութիւնը
Ինչ է մեր հպարտ պարտութիւնը:
16 մայիս 2023