Ստորեւ կը ներկայացնենք Վերժին Մանճեան-Գարագաշեանի դամբանականը` կարդացուած իր զաւկին` Վահագն Գարագաշեանի կողմէ, կիրակի, 28 մայիս 2023-ին, Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, Մոնրէալ, ցաւակցականի ընթացքին:
Աստ հանգչի անձնուէր մայր, ընտանիքի կանթեղ եւ անձնուրացութեամբ ճաճանչող հոգիով Վերժին Գարագաշեանը, որ 24 մայիսին, 83 տարեկանին, երկրային կապանքները արձակելով, իր ոգեղէն սլացքը կատարեց յերկինս:
Մուսալեռցի արմատներով Վերժին Մանճեանի կեանքը եղաւ համակ նուիրում ու սէր` հանդէպ իր ընտանիքին ու հարազատներուն:
Տիգրան եւ Իսկուհի Մանճեաններու դուստրն էր: Մանկութեան ու պատանեկութեան իր կեանքի հանգրուանը սկիզբ առաւ Այնճարի մէջ, որուն «Յառաջ» նախակրթարանի եւ Աւետարանական վարժարանի յարկին ներքոյ ստացաւ իր հայեցի դաստիարակութիւնը:
1960 թուականին մուսալեռցի Վազգէնին հետ կնքեց սիրով լի անքակտելի ամուսնութիւնը, եւ միասին կազմեցին ընտանիք: Բախտաւորուեցան երեք զաւակներով` Մհեր, Վահագն եւ Վարանդ:
Արդէն Պէյրութ հանգրուանած Գարագաշեաններու նորակազմ ընտանիքը բարօր կեանքը ըմբոշխնելու հանգրուանին մէջ էր, երբ բռնկեցաւ 1975 թուականի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Կեանքի նոր մարտահրաւէրներն ու ճգնաժամերը ստիպեցին Գարագաշեաններուն վերադառնալ եւ հանգրուանել Այնճար, իսկ ընտանիքի հայրը` Վազգէնը, որ մազապուրծ ազատած էր Պէյրութի «Պանդոկներու պատերազմ»-էն, ստիպուած էր աշխատանքի սկսելու Դամասկոսի մէջ, Սուրիա:
Կոտորակուած ընտանիք, անորոշ ապագայ. Վերժինը գիտակից էր, որ իր ընտանիքին տնտեսական բարօրութիւնը ապահովելու համար ինք եւս պէտք էր գործնական քայլերու դիմէր: Իր ամուսնին որպէս նեցուկ` ձեւագիտութեան դասընթացքներու վկայականի տիրացած Վերժինը սկսաւ կանացի հագուստներ կարել եւ շուտով ունեցաւ բազմաթիւ յաճախորդներ, որոնք կու գային իր մօտ ոչ միայն Այնճարէն, այլեւ` դրացի արաբ բնակավայրերէն: Այդպէս էր տնտեսագէտ Վերժինը:
1984-էն ետք, վերստին վերադարձ ի Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, չափահաս զաւակներու բարձրագոյն ուսման հետեւելուն ի խնդիր: Այս անգամ եւս` որպէս մասնագէտ դերձակուհի, իրեն դիմեցին Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պէյրութի տարբեր մասնաճիւղերը, որոնք կը կազմակերպէին կարի դասընթացքներ ԼՕԽ-ի անդամներուն եւ երիտասարդ հայուհիներուն համար:
Մեռնող ու յառնող Պէյրութ քաղաքի անվերջանալի պատերազմներուն պատճառով զաւակները ցրիւ եղան աշխարհի չորս ծագերը, Մհերը գաղթեց Քանատա, Վահագնը` Աւստրալիա, Վարանդը` Պէյրութ, ապա Կիպրոս:
Այս հանգրուանին, 1992 թուականին, Գարագաշեան ընտանիքը ստացաւ ամէնէն ծանր հարուածը, երբ Դամասկոսի մէջ անպատմելի ոճրային արարքի զոհ գնաց Վազգէնը: Ծանր էր իր կրած հարուածը, որ տարիներով պիտի ազդէր իր հոգեկան ներաշխարհին վրայ: Կորսնցնելով հանդերձ իր սիրեցեալ կողակիցը, Վերժինը ամրօրէն պատնէշի վրայ մնաց ծնողական իր պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ եւ օգնութեան ձեռք երկարեց իր զաւակներուն:
2000-էն ետք բնակութիւն հաստատեց Քանատա եւ ստացաւ քանատական քաղաքացիութիւն:
Վերժին Մանճեանի մայրական դաւանագրքին մէջ կոփուած էր մեծատառ մէկ իտէալական առաքինութիւն` անձնուիրում հանդէպ իր կողակիցին եւ զաւակներուն:
Նկարագրով իրապաշտ էր ու կշռադատող: Ան նոյնիսկ պատերազմի թէժ պահերուն կը յղանար իր ընտանիքը փրկելու մարտավարութիւնը: 1980-ական թուականներու լիբանանեան բախումներու աւարտական արարին, երբ ահարկու հրթիռակոծման ենթակայ էր Պէյրութը, Վերժին որոշումը կը կայացնէր իր զաւակները դուրս բերել հրկիզուող Պէյրութէն: Սակայն փոխանակ մէկ ինքնաշարժի մէջ խմբուելու ու ճամբայ ելլելու` Վերժինը կ՛որոշէր տարբեր ինքնաշարժներու մէջ բաժնել ընտանիքի անդամները, յոռեգոյն պարագային` նուազագոյն կորուստով փրկելու համար իր ընտանիքը:
Այսպէս էր մեր մայրը, որ միաժամանակ մեր տան սիւնն էր, հրամանատարը, վարչապետն ու տնտեսութեան նախարարը:
Իր մտերմութիւնը կը վայելէին մեծն ու փոքրը. երիտասարդ սերունդի իր ընկերներուն ու մտերիմներուն խորհրդատուն էր, որոնց համար տիկին Վէրժինի խրատներն ու թելադրութիւնները կեանքի ուղեցոյց էին:
Հայրենասէր էր եւ Արցախով կը տրոփէր հայրենապաշտ իր հոգին եւ աններող էր անձնատուողական վարքագիծներուն ու մանաւա՛նդ հայրենավաճառներուն հանդէպ: Հայ զինուորին հանդէպ սէր ու գուրգուրանք ունէր եւ ամէն տարի իր բաժին նուիրատուութեան լուման կը փոխանցէր պատերազմի դաշտին վրայ նահատակուած հայ հետախոյզ զինուորի ընտանիքին:
Գերմանացի փիլիսոփայ Արթուր Շոփենհաուըր գեղեցիկ բնազանցական խօսք մը ունի կեանքի ու մահուան մասին. «Կը հաւատամ, որ երբ մահը փակէ մեր աչքերը, պիտի զարթնինք նոր լոյսի մը մէջ… այնպիսի շողացող լոյս մը, որուն ստուերը արեւին լոյսը պիտի ըլլայ…»: Մայրս այսօր այդ երկնային շողացող լոյսի շառայլներուն կը միաձուլուի ու կը դառնայ մեր վրայ հսկող երկնային պահապան հրեշտակը:
Վաղը հողին պիտի յանձնենք քեզ, հրամանատա՛ր մայր, եւ մենք` երեք զօրականներդ, զորս կրթեցիր հայրենասիրութեան ու հայրենատիրութեան ոգիով, պիտի խոնարհինք եւ ըսենք. «Մեզի համար գերագոյն պատիւ էր ապրիլ ու պայքարիլ քու կողքիդ»:
Սիրտդ կանթեղ էր ու հոգիդ` ճրագ մեզի համար: Երթդ ըլլայ լուսաձիր, ու անմոռանալի յուշերովդ պարուրէ մեզ: Մինչ հանդիպում, ցտեսութիւն, մա՛յր:
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ