Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտութիւնը` Ի Սպաս Մարդուն

Յունիս 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կրեկուար Քուրթեն

Միջազգային գիտական մամուլը վերջին օրերուն սքանչելի աւետիս մը կը բերէ մարդկութեան, մասնաւորաբար անոնց, որոնք արկածի կամ դժբախտ պատահարներու պատճառով կորսնցուցած են շարժունակութիւնը, օրինակի համար` քալելու կարողութիւնը:

Խումբ մը գիտնականներ, Կրեկուար Քուրթեն անունով ֆրանսացի գիտնականի մը շուրջ խմբուած, արդի արհեստագիտութիւնը ի սպաս դրած են բժշկութեան եւ յաջողած են հնարել ելեկտրոնային մանր սարքեր, որոնց միջոցով արկածի մը պատճառով անդամալոյծ դարձած երիտասարդ մը` հոլանտացի Կերթ-Իան Օսքամ (40 տարեկան), վերագտած է քալելու կարողութիւնը: Առայժմ` մասնակի ու դանդաղ, յենակներու օժանդակութեամբ, սակայն սա արդէն յուսատու իրագործում է:

Ինչպէ՞ս կը բանի սարքը: Գիտնականները կը բացատրեն:

Կերթ-Իան Օսքամ կը քալէ յենակով

Երիտասարդը հեծիկի արկածի մը պատճառով ողնաշարի վնասուածք ստացած է 12 տարի առաջ եւ անդամալուծուելով` դատապարտուած է անիւով աթոռի: Գիտական բացատրութիւնը այն է, որ (ինչպէս` նման վիճակի մատնուողներուն) ուղեղէն դէպի ոտքերը հասնող ջղային դրութիւնը ողնայարին վրայ տեղ մը «խզում» յառաջացուցած է, հետեւաբար ուղեղէն արձակուող հրահանգները տեղ չեն հասնիր, ու ոտքերը կը մնան անշարժ: Բժշկագիտական աշխարհին մէջ ծանօթ է, որ ջիղերու ցանցը, հատումի պարագային (արկած, կաթուած կամ նման ազդակներ), անդարմանելի է, կամ` շատ մասնակիօրէն դարմանելի: Այլ հիւսկէններ կրնան վերաճիլ եւ վնասուած մասը` մկան, ոսկոր, մորթ եւ այլն, կրնան վերագտնել բնական վիճակը, իսկ ջիղը` ոչ: Այս կալուածին մէջ վերջին տասնամեակներուն աշխարհի տարբեր գիտաշխատանոցներու մէջ ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ եւ փորձարկումներ կը կատարուին` երբեմն հասնելով մասնակի արդիւնքներու: Դրական կէտ մըն ալ այն է, որ արագ հաղորդակցութեան միջոցները կը դիւրացնեն ձեռք բերուած արդիւնքներու բաժնեկցութիւնը` մասնագիտական կեդրոններու միջեւ: Հիմա, երբ «մանրադիտակային»` թուայնացած արհեստագիտութիւնը, արագ նուաճումներ կ՛արձանագրէ, ահաւասիկ խումբ մը մասնագէտներ զայն դրած են ի սպաս մարդկութեան:

Հնարքը հետեւեալն է: Արկածահար երիտասարդին ուղեղին եւ վարին ողնաշարին կողքին տեղադրուած են ելեկտրոնային մանր սարքեր, որոնց միջոցով ուղեղէն արձակուած հրահանգը, շրջանցելով վնասուած եւ հատումի ենթարկուած մասը, հեռավար կամուրջ մը կը ստեղծէ դէպի ողնաշարին կողքին տեղադրուած սարքը, ուրկէ հրահանգը կը հաղորդուի ոտքին, եւ ահա քալելու կարողութիւնը կը վերականգնի դանդաղօրէն: Այս փորձարկումը ունի քանի մը տարուան կեանք եւ ահա տուած է սկզբնական այս արդիւնքը, այսինքն արդիւնքը հասած է հրապարակելիի փուլ: Երիտասարդը կ՛ըսէ, որ հիմա կրնայ օրական քանի մը հարիւր մեթր քալել, կը յուսայ, որ վիճակը աւելի եւս բարելաւուի:

Ինչպէս նշեցինք, գիտնականներ հետեւողականօրէն աշխատանք կը տանին ջիղերու վնասուածքները դարմանելու միջոցներ հնարելու համար: Մօտաւորապէս երեք տասնամեակ առաջ անգլիացի գիտնականներու խումբ մը հնարած էր ջիղերը աճեցնելու ձեւ մը, որ սակայն թերի էր: Յարակից կալուածի մը մէջ այլ գիտնականներ արդի, հեռավար արհեստագիտութիւնը օգտագործած էին կուրութեան մատնուած մարդու մը մէկ զգայարանքը` լեզուն, իւրայատուկ ոսպնեակներու միջոցով, հաղորդակցութեան մէջ դնելու ուղեղի տեսողութեան բաժինին հետ եւ` շատ մասնակի արդիւնքի հասած:

Նման գիտական փորձեր կը կատարուին յարատեւօրէն, ասոնք միայն մէկ քանի օրինակ են: Ըսել կ՛ուզենք, որ բժիշկներ եւ արհեստագէտներ ձեռք-ձեռքի տուած` աշխատանք տանին, որպէսզի անդարմանելին դառնայ դարմանելի, կիսամիջոցները կատարելագործուին: Օրինակի համար, Քուրթենի խումբը կը յուսայ, որ այս հնարքը օգտագործուի նաեւ կաթուածահարներ դարմանելու, այսինքն մասնակի կամ ամբողջական անշարժութեան մատնուած սրունք-բազուկ կարելի ըլլայ վերստին շարժունակ դարձնել: Անոնք կը յուսան աւելի եւս կատարելագործել այժմու գործիքները եւ ներկայի համեմատաբար մեծ սարքերուն փոխարէն` հնարել աւելի մանրերը, ինչպէս կ՛ըլլայ այլ կալուածներու մէջ:

***

Երբ կը լսենք գիտական նման նուաճումներու մասին, բնական է, որ կ՛ուրախանանք: Կը տեսնենք, որ աշխարհի վրայ կան «լուսանցքայնացուած» մարդիկ, որոնք կը բանին ի շահ մարդուն, անոր առողջական հարցերու լուծման: Ըսինք` «լուսանցքայնացուած», որովհետեւ տարուան մէջ քանի՞ անգամ կը լսենք նման հնարքներու հեղինակներու անունները, մինչդեռ նախագահներ, վարչապետներ եւ զինուորական հրամանատարներ օր աւուր կը տողանցեն մեր տեսողութեան դաշտին մէջ:

Մեր գոհունակութեան մէջ յատուկ տեղ ունին մանաւանդ մեր հայրենակիցները, պատերազմի եւ արկածներու պատճառով անշարժութեան մատնուողներ, որոնք ահաւասիկ բարելաւման իրենց յոյսերը աւելի ամուր կերպով կը խարսխեն նման նորութիւններու վրայ: Մեր հայրենիքին մէջ բժշկութեան այս կալուածին մէջ հսկայ աշխատանք կը տարուի պատերազմներու հետքերը դարմանելու համար: Ահաւասիկ` նպաստող հնարք մը եւս:

Չանտեսենք, սակայն, մետալին միւս երեսը:

Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան այս կալուածը` բժշկագիտութեան դաշտը, չի զարգանար այն թափով, որ սպասելի է: Կան բազմաթիւ պատճառներ: Անոնցմէ մէկն է նոր հնարքներուն փորձարկումին ենթարկուելու կամաւորներու սակաւութիւնը: Բնական է, որ ոեւէ անձ պիտի չուզէ չփորձարկուած հնարքի մը առաջին փորձանօթը ըլլալ, որովհետեւ գիտական այսպիսի նորութիւններ ունին ռիսքի երես մը, կրնան վատթարացնել մէկուն վիճակը (ինչպէս որ է պարագան փորձարկումի տակ եղող նորահնար դեղերու): Այլ եւ շատ աւելի ուշագրաւ պատճառ մըն է այն, որ այս կալուածը ընդհանրապէս պետական եւ համաշխարհային բժշկագիտական կառոյցներու կողմէ չի վայելեր նիւթական այն հոգածութիւնն ու զօրակցութիւնը, որ այլապէս պիտի նպաստէր որոշ փորձարկումներու աւելի՛ արագ արդիւնաւորման: Բժշկագիտութեան կալուածին մէջ գործողներ շատ լաւ գիտեն, որ, օրինակի համար, զէնքի ճարտարարուեստը մղոններով աւելի յառաջ անցած է, մարդիկ սպաննելու, քաղաքակրթութիւն, շէներ փոշիացնելու ձեւերը աներեւակայելիօրէն յառաջդիմած են (մենք` հայրերս, մեր մորթին վրայ զգացած ենք այս բոլորը): Մարդիկ հասած են լուսին, սարքած են անջրպետակայան,  կենսոլորտն ու անմիջական դրացնութեան մէջ եղող գօտին խճողած են արբանեակներով, աչք դրած են լուսնի կամ Հրատի վրայ կայաններ հիմնելու (առաւելաբար` զինուորական նպատակներու համար),  պատերազմներու մէջ նորահնար զէնքեր առատօրէն կը փորձարկուին մարդոց ու շէներու դէմ: Անօդաչու սաւառնակները յաջորդած են «Միկ»-երուն, «Սուխոյ»-ներուն, «Միրաժ»-ներուն, «Էֆ»-երուն, «Հոքըր հարիքըն»-ներուն, նաեւ զարմանազան հրասայլերու, մրցակից են հեռահաս հրթիռներու. մարդիկ չեն երկմտիր բացայայտօրէն խօսելու դա՛րձեալ կորիզային ռումբ գործածելու մասին, սակայն մարդուն դժուար դարմանելի (առողջական եւ ընկերային) հարցերուն նկատմամբ չկան նոյն նախանձախնդրութիւնն ու հոգածութիւնը: Ըսել չենք ուզեր, որ այդ կալուածը անապատ է, այլ պարզապէս կ՛ուզենք մատնացոյց ընել համեմատութիւնը:

Այս բոլորով հանդերձ, Քուրթենի եւ նմաններու ԳՈՐԾԸ ցոյց կու տայ, որ մարդ արարածը չէ կորսնցուցած «Փանտորայի տուփ»-ին յատակը մնացածը` յոյսը:

Մայիս 2023

 

Նախորդը

Որքա՜Ն Դժուար Է Խուսափիլ Բնութեան Պատճառելիք Աղէտէն

Յաջորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Աղօթքի Շաբթուան Բացում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?