Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Ներսէս Կիւզելիմեան

June 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Դեղագործ Ներսէս Կիւզելիմեան

Դեղագործ Ներսէս Կիւզելիմեան ծնած է Այնթապ, 1882-ին: Մօր անունը` Եսթեր Լեւոնեան, հօր անունը` Յարութիւն/Արթին: Ունեցած է երկու եղբայր` Լուտեր եւ Խաչեր, եւ չորս քոյր` Ֆլորա, Երանուհի, Կիւլենիա եւ Միհրանուշ:

Ծնունդէն անմիջապէս ետք որդեգրուած է հօրաքրոջ` Լուսիա Օղլուեանի (ծնեալ Կիւզելիմեան) կողմէ: Ներսէսը որդեգրող հայրը` Գրիգոր Կէօյ-Օղլուեան, իր արհեստին բերումով ծանօթ եղած է նաեւ պըչաքճը (դանակագործ) Գրիգոր անունով: Այս պատճառով ալ Ներսէսի մականունը դարձած է Պչաքճեան:

Ներսէս 1896-էն սկսեալ յաճախած է ամերիկեան միսիոնարական Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլէճը, ուրկէ շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1902-ին: Ներսէսի հայրը կ՛աշխատի 1895-ի հայկական կոտորածներուն պատճառով, Այնթապի մէջ բացուած որբանոցին մէջ: Ներսէս, իր կարգին, կ՛օգնէ իր ծնողներուն` որբախնամի առօրեայ աշխատանքներուն, այս պատճառով ալ որբերուն կողմէ յորջորջուած է «Ներսէս գարտաշ (եղբայր)»: Ներսէս ծառայած է  Այնթապի աւետարանական եկեղեցւոյ եւ հաստատութիւններուն մէջ: 1905-ին կը մեկնի Պէյրութ, ուր մէկ տարի դեղագործութիւն կ՛ուսանի ամերիկեան համալսարանին մէջ: Կը փոխադրուի Եգիպտոս, ուր արդէն իր կենսաբանական ծնողները փոխադրուած էին:

Եգիպտոսի մէջ Ներսէս 13 ամիս իբրեւ օգնական կ՛աշխատի տեղական դեղատան մը մէջ: Կ՛անցնի Պէյրութ, ուր կը շարունակէ դեղագործութեան կիսատ մնացած ուսումը: 1908-ին կը ստանայ համալսարանական վկայական եւ կը հաստատուի Եգիպտոս:

Դեղագործի բարձր պաշտօն կը ստանձնէ Գահիրէի The New Anglo-American Pharmacy-ին մէջ, ուր կը մնայ վեց տարի:

1910-ին կենսաբանական մօր` Եսթերի հետ (որդեգիր մայրը Լուսիա նոյն տարին մահացած էր) կը մեկնի Այնթապ, ուր կ՛ամուսնանայ Կիւլենիա Իշխանեանին հետ: 1911-ին կը ծնի Ներսէսի եւ Կիւլենիայի առաջին զաւակը` Լուսիան:

Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Կիւլենիա Կիւզելիմեաններ, 1910-ին

1914-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի Հալէպ, ուր Ներսէս, ընկերակցութեամբ Յարութիւն Իշխանեանի, կը հիմնէ դեղատուն մը: Նոյն տարին կը ծնի ընտանիքին երկրորդ զաւակը` Վահրամ:

Ներսէս կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին:

1917-ին կը ծնի ընտանիքին երրորդ զաւակը` Ճորճ:

Ներսէս, դեղագործ ըլլալուն բերումով, Կիլիկիոյ Ամանոս լեռներու շրջանին մէջ կը ծառայէ մօտաւորապէս երկու տարի, Իսլահիէի մօտակայ Թախթա Քէօփրիւի մէջ եւ շուրջ տարի մըն ալ` Օսմանիէի Մամուրա բանակային հիւանդանոցներուն մէջ: Այնուհետեւ կը փոխադրուի Հայֆայի (Պաղեստին) օսմանեան զինուորական հիւանդանոցը:

Ներսէս Պչաքճեանի վկայականը` Թուրքիոյ  Ամերիկեան կեդրոնական  քոլեճէն, 1902-ին

Ներսէս զինուորական գերի կը դառնայ, բայց անգլերէնին տիրապետելուն շնորհիւ` բրիտանական զինուորական իշխանութիւնները զինք պատասխանատու պաշտօնի մը կը նշանակեն օսմանեան նոյն հիւանդանոցին մէջ, ուր կը գտնուէին օսմանեան բանակէն շուրջ 1200 հիւանդ կամ վիրաւոր զինուորներ, նաեւ` շուրջ քսան սպաներ: Հիւանդանոցին մէջ մօտաւորապէս երեք ամիս իբրեւ գերի ծառայելէ ետք, բրիտանական հրամանատարութիւնը դրական կը գնահատէ իր աշխատանքը, ազատ կ՛արձակէ զինք, որ ճամբորդական ձրի տոմս մըն ալ ստանալով` կը մեկնի Հալէպ եւ կը միանայ ընտանիքին:

Հալէպի մէջ դեղագործ Ներսէս կը վերականգնէ սնանկացած դեղարանը: Մօտաւորապէս երկու տարի ընտանեօք կ՛ապրին Հալէպի մէջ:

Սեպտեմբեր 1920-ին դարձեալ կը մեկնին Եգիպտոս` Միացեալ Նահանգներ գաղթելու մտադրութեամբ: Բայց այս ծրագիրը չ՛իրականանար: Կիւզելիմեան ընտանիքը կը շարունակէ ապրիլ Եգիպտոսի մէջ: Հոն կը ծնին Ներսէսի եւ Կիւլենիայի միւս զաւակները` Անահիտը եւ Ռոզինը: Գահիրէի մէջ կը մահանան Ներսէսի կենսաբանական ծնողները` Եսթերն ու Յարութիւնը:

Դեղագործ Ներսէս Կիւզելիմեան օսմանեան զինուորական տարազով
Ներսէսի վկայականը` Պէյրութի ամերիկեան բժշկական քոլեճէն, 1908

1955-ին ընտանիքը կը գաղթէ Քանատա, ուր կը մահանան Ներսէսն (1962) ու Կիւլենիան (1973): Դուստրերէն Լուսիան 1935-ին կ՛ամուսնանայ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Բիւզանդ Եղիայեանի հետ: Վահրամ կ՛ամուսնանայ Լիւսի Էքմեքճեանի հետ, Ճորճ կ՛ամուսնանայ Էլիզապեթ Օթթիլի Ֆոլրաթի հետ, Անահիտ կ՛ամուսնանայ Սուրէն Նորատունկեանի հետ, Ռոզին կ՛ամուսնանայ Օլլի Վաարթախայի հետ:

Մոնրէալ, 10 ապրիլ 2023

——————————

Աղբիւրներ

1.- «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին» (Յաւելուած), «Բժիշկին Զ. խօսքը», բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022:

2.- Կիւզելիմեան, Վահէ, Ներսէս Կիւզելիմեանի թոռնիկը, անձնական թղթակցութիւն, Սան Տիեկօ, Քալիֆորնիա, 2018:

3.- Կիւզելիմեան, Ներսէս, «Ինքնակենսագրութիւն», Յուշամատեան, 2018:

4.- Սիմոնեան Արփի, անձնական թղթակցութիւն, Լոս Անճելըս, 2018:

5.- Houshamadyan,.0rg/en/oda/Americas/guzelimian-collection-us html

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 1 Յունիս 2023)

Յաջորդը

«Ունեցածդ Ամուր Բռնէ…»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.