Հրամայական անհրաժեշտութիւն է, ամէն մէկ հայու խիղճի պարտքն է յարգանքի տուրք մատուցել իր ազգի` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ բոլոր ժամանակներու բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին: Աշխարհի բովանդակ տարածքին ապրող սփիւռքահայութեան համար մեր սրբադասուած նահատակներու յիշատակութեան դրսեւորումը կ՛արտայայտուի բազմազան ընկալումներով, ձեւերով, կարելիութիւններով եւ միջոցներով: Ինչպէս նախորդ տասնամեակներուն, այս տարի ալ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի բազմապիսի ձեռնարկներ ընթացք առին Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ: Յատկանշական էր Լեհաստանի կեդրոնը գտնուող Լուճ քաղաքի մօտաւորապէս երեք հազար հայորդիներ հաշուող համայնքին համար Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչումը: Աւանդական աղօթքներու, հոգեհանգստեան պաշտօնի, քաղաքին մէջ 10 նոյեմբեր 2013-ին կանգնեցուած խաչքարին մօտ մոմավառութեան եւ ծաղիկներու զետեղումէն ետք, կիրակի, 23 ապրիլին Լուճի «Թեմփլում» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու 108-ամեակի յիշատակին նուիրուած հայ երաժշտութեան եւ ասմունքի ձեռնարկը: Հայ երգն ու երաժշտութիւնը հայ բանաստեղծութեան կամարող այս ձեռնարկին ներկայ գտնուելու առիթը ունեցած այն քիչ բախտաւորներէն մէկն էի:
Բացման խօսքէն ետք Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը իր խօսքը արտասանեց, ապա լեհերէնով օրուան խորհուրդին անդրադարձաւ Լուճի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ռաֆալ Խոման: Հիւրաբար ներկայ էին լեհահայոց հոգեւոր հովիւ Տարօն վրդ. Ղուլիկեանը եւ պատկառելի թիւով հայրենակիցներ: «Կռունկ հայոց» ծրագիրով Վարշաւայէն ամրակուռ ձայնով եւ ճոխ երգերով ելոյթ ունեցաւ հադրութցի պարիթոն Սար Սարգսեանը` Լուճէն դաշնակահար Եաքուպ Չեխի ընկերակցութեամբ: Վրոցլաւ քաղաքէն յատուկ հրաւէրով եկած էին եւ շքեղ երգացանկով ելոյթ ունեցան ներկայիս Հայաստան բնակող նախկին հալէպահայ եւ հոգեզմայլ ձայնով օժտուած Արամ Ճապաղջուրեանը, որուն կիթառի վրայ կ՛ընկերակցէր նախկին հալէպահայ Արամ Սայեղը` իր հոգեզուարճ երգ ու նուագով: Հարազատ էր Անրի Մուրատեանի կիթառի մասնակցութիւնը` Քրաքովէն:
Կարելի չէր ապրիլեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն մասնակցիլ, բայց կը հաւատամ, որ որակեալ ուժերով Լուճի մէջ ներկայացուած յայտագիրը իր յատուկ հայկական հնչեղութիւնն ու հմայքը ունէր, առինքնող էր ու տպաւորիչ: Ներկայացուած խօսքերը, յանձնառու հայ արուեստագէտները, ասմունքող պատանիները բոլոր ներկաներու հոգիներուն ծալքերը հայ ազգային ինքնութեամբ դրոշմեցին` գեղարուեստական իրենց խայտացնող կատարումներով պարգեւելով անմոռանալի, տպաւորիչ եւ հայաբոյր պահեր:
Խրախուսիչ ներգործութիւն մը ունէին տարիներէ ի վեր արգասաւոր իր գործունէութեամբ ծանօթ Լուճի հայկական մշակութային «Նայիրի» կեդրոնի սաներու ասմունքները: Այդ ասմունքները արգասիքն էին երրորդ տարին ըլլալով Լեհաստանի մէջ իբրեւ եզակի երեւոյթ կազմակերպուող «Վերածնունդ» համալեհական մանկական ասմունքի մրցումի մրցակիցներու մասնակցութեան: Այս մրցումը տեղի կ՛ունենայ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ Լուճի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ռաֆալ Խոմայի հովանաւորութեամբ:
Սփիւռքի մէջ հետաքրքրական ծրագիր է «Վերածնունդ» մանկական ասմունքի մրցումին երեւոյթը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան` ապրիլ 24-ին: Ասմունքի նիւթն է Ցեղասպանութենէն վերածնած Հայաստանը: Մրցումին մասնակիցներն են 6-16 տարեկան երկու խումբերու երեխաներ եւ պատանիներ: Մասնակից մրցակիցները համապատասխան ասմունքի նկարահանուած կատարումը նախապէս պարտաւոր կ՛ըլլան ուղարկել «Նայիրի» կեդրոնի տնօրէնութեան` յիշելով ասմունքի կտորին հեղինակը, ասմունքողին անուն-ազգանունը, տարիքը եւ բնակութեան վայրը: «Նայիրի» կեդրոնին կազմակերպած այս մրցումի ծիրին մէջ, Լեհաստանի մէջ հայ գրականութեան, արուեստի, մշակոյթի եւ գիտութեան հմուտ եւ երեւելի անհատներէ կազմուած եւ նախօրօք նշանակուած դատական կազմի քննարկումներէ ետք, ապրիլի 24-ին պիտի որոշուէր յաղթողներուն անուանացանկը` ըստ երկու տարիքային խումբերու բաժանումին: Բնական է, որ ասմունքի նման մրցումի մը հեռավար բնոյթը իր օգտաշատ բնոյթով կարելիութիւն պիտի ընձեռէր հայ պատանիներուն Լեհաստանի զանազան հեռաւոր շրջաններէ իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս մրցանքին: Երեք տարիներու ընթացքին առաջնութիւնը գրաւողներու անունները եւ բնակութեան վայրերը կարելի է յիշել. 2021 թուականին` Ալլա Խուրշուտեան (Զկոժելեց) եւ Էվելինա Եսայեան (Վարշաւա), 2022 թուականին` Իզա Էրոյեանց (Վարշաւա) եւ Արտաշէս Պետրոսեան (Զգիեժ), 2023 թուականին` Նարէ Սաքէեան (Կտանսք) եւ Անի Անտոնեան (Կտանսք):
Արժանի է անդրադառնալ ոչ միայն այս մրցումին ձեռնարկող, կազմակերպող, այլ նաեւ «Նայիրի» կեդրոնի եւ միօրեայ հայ դպրոցի ձեռնհաս տնօրինուհի Նունէ Յովհաննիսեանի կրթական առաքելութեան: Ան անհատապէս կը ղեկավարէ այդ պատասխանատուութիւնը: 1994 թուականէն Նունէ Յովհաննիսեան իր ընտանիքին հետ Լեհաստան հաստատուած է: Արցախցի մօր եւ սիսիանցի հօր հայեցի կրթութեամբ եւ մանաւանդ Երեւանի պետական բազմարուեստից հիմնարկի գիտական մասնագիտութեամբ, Յովհաննիսեան Լուճի մէջ «Նայիրի» կեդրոնը նուիրումով կը ղեկավարէ 2020 թուականէն ի վեր: Ան մեծ սիրով ընդունած է արտահերթ առիթ մը, երբ 2019 թուականին Լուճի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս լեհ Ռաֆալ Խոման հայկական կրթօճախ ստեղծելու հայանպաստ առաջարկը ներկայացուցած է: Նունէ Յովհաննիսեան այս կրթօճախի տնօրէնութիւնը ստանձնելը նկատած է հայ ազգին, մշակոյթին եւ մանաւանդ հայրենիքին համար պատուաբեր կոչում մը: Այսօր հայկական այդ համեստ օճախը` միօրեայ դպրոցը, ունի 20 աշակերտ` երեք տարիքային խումբերու բաժնուած, եւ կը գործէ Լուճի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսութեան համեստ տարածքին մէջ:
«Նայիրի» կեդրոնը կազմակերպիչն է տարբեր մշակութային նախաձեռնութիւններու, հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդման կողքին, կեդրոնը կը կայացնէ նաեւ երեխաներու ուսուցման եւ զարգացման խաղեր, ճամբորդութիւններ եւ մշակութային ձեռնարկներ: Տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող հայ անհատներու, երաժիշտներու, քաղաքական գործիչներու եւ մարզիկներու հետ տեղի կ՛ունենան հանդիպումներ եւ զրոյցներ, ինչպէս` Յակոբ Յարութիւնեանի հետ, որ յաջողած է Արարատ լերան գագաթը բարձրանալ: Տպաւորիչ էին թէ՛ անոր պատումները Արարատ լերան մասին եւ թէ՛ անոր ցուցադրած ժապաւէնը: «Նայիրի» կեդրոնը ծնողներու համար կը կազմակերպէ յատկանշական հայադրոշմ հանդիսութիւններ, օրինակ` «Մայրենի լեզուի օրուան», «Այբբենարանի աւարտ»-ի, «Հայ մայրերու տօն»-ի եւ այլ առիթներով:
Օրինակելի նախաձեռնութիւններ են 2020 թուականի դեկտեմբերի առաջին կիրակիէն սկսեալ եւ ամէն տարի կրկնուող` «Նայիրի» կեդրոնի կազմակերպած բարեգործական տօնավաճառները: Լուճի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի փոքրիկ տարածքին մէջ կեդրոնի սաներն ու անոնց ծնողները իրենց ձեռային աշխատանքով պատրաստուած իրերը, յուշանուէրներն ու նկարները կը վաճառեն եւ հաւաքուած գումարը կը տրամադրեն հայրենիքի մէջ հայաշէն ծրագիրներու իրագործման: 2020 թուականին գումարը տրամադրուած էր հայ-ազրպէյճանական պատերազմին պատճառով հաշմանդամ դարձած երկու զինուորներու` Դաւիթ Օտիպեանի եւ Էրիք Գասպարեանի բուժման: 2021 թուականին գումարը նուիրուած էր Սիւնիքի մարզի Սիսիանի շրջանի Նժդեհ գիւղի դպրոցի երկու դասասենեակներու վերանորոգման նպատակին: 2022 թուականի տօնավաճառի հասոյթը նուիրուած էր Տաունի համախտանիշերով տառապող երեխաներու «Արեւ-երեխաներ» կազմակերպութեան:
Մեր հանդիպման ընթացքին համոզիչ էր Նունէ Յովհաննիսեանի ներշնչող եւ հաստատակամ արտայայտութիւնը. «Մեր յաջողութիւնները հայ երեխաներին տառաճանաչ դարձնելու եւ նրանց հայ ժողովրդի պատմութեանը եւ մշակոյթին աւելի մօտեցնելու, Հայաստանի հետ կապելու հարցում օր օրի նկատելի են, բայց դեռ շատ անելիքներ կան»:
Այսօր սփիւռքի նորափթիթ համայնքներու մեր գոյավիճակի իրականութեան մէջ իւրաքանչիւրիս մտասեւեռումն է մեր ազգի ապագան, մեր յաջորդ սերունդի լուսայոյս վաղուան օրը: Նոյնպէս ճշմարտութիւն է, որ սփիւռքի մեր բազմաշերտ եւ բազմերանգ պարունակի կառոյցին մէջ կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը դառնայ մեր ինքնութեան, մշակոյթի եւ մանաւանդ հայոց լեզուի արժանավայել փոխանցումը յաջորդող սերունդներուն, մեր ժառանգորդներուն: Այս անխաթար փոխանցումը կարելի է իրագործել միայն միասնական, միահամուռ հայրենիք-սփիւռք առողջ հիմքերու վրայ հաստատուած ծրագիրներու համագործակցութեամբ:
Մտածումներու այս պրիսմակի զուգահեռներուն մէջ կը մնայ միայն անսպառ կամք ու մշտաբուխ եռանդ մաղթել Լեհաստանի մէջ նորաբողբոջ միօրեայ հայ դպրոցին ու հայ մշակոյթի «Նայիրի» կեդրոնին եւ նմանօրինակ հայախնամ ու նորածաղկ կեդրոններուն: Նման ազգաշէն կառոյցներուն եւ հայ ազգի ծաղկումին ծառայող նուիրեալներուն դիմաց «դեռ շատ անելիքներ կան»: Ուստի կանաչ ճանապարհ եւ բեղուն գործունէութիւն կը մաղթենք, հայ դպրոցին նկատմամբ եւ մեսրոպաշունչ մշակներու նուիրումին հանդէպ կը մնանք միշտ պատրաստակամ, իսկ մեր սրտերը` ընդմիշտ երախտապարտ: