Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճանչնանք Մեր Արժէքները… Ստեփան Ֆով

Յունիս 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Բնագիտութեան կալուածին մէջ վերին աստիճանի համեստ եւ խոնարհ գիտաշխատող մըն է Ստեփան Ֆով եւ փրոֆեսէօր` École Normale Supérieure-ի: Մօրը կողմէ հայ, մեծանուն այս գիտնականը հայերէնը սորված է սեբաստացի մեծ մօր` Սիրանուշի ծունկերուն վրայ, իսկ ոտանաւոր արտասանելը` մեծ հայրիկէն` Գառնիկ Յովհաննիսեանէն: Ի՛նչ կախարդանքով փոխանցած ըլլալու են իրենց թոռնիկին հայ լինելութեան արժէքը այս մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը, որ փոքրիկն Ստեփանին սիրտը սկսած է արդէն բորբոքիլ անբացատրելի հայասիրութեամբ:

Հայկականութեամբ տոգորուած Ստեփանի հոգին պատանի տարիքէն կը մղուի հայոց պատմութիւնը տարածել շրջապատին մէջ: Օր մը Que sais-je-ի հրատարակութիւն` «Արմենի» խորագրով հատորէն տասնեակներով կը գնէ գրախանութէն` ցրուելու համար ծանօթներու եւ անծանօթներու: Նոյնիսկ ես արժանացած եմ այդ նուէրին, երբ հովուական այցելութեամբ գացած էի իրենց: Կրնամ ըսել մինչեւ այսօր տպաւորուած եմ պատանիին վսեմ այդ արարքէն: Զարմացած եմ նոյն ատեն, այդ տարիքին, դեռ 14 տարեկան, նման մտածում մը յղանալուն եւ գործադրելուն: Ի՛նչ սէր կուտակուած ըլլալու է այդ պատանիին սրտին մէջ` հանդէպ իր հայկական արմատներուն, որ պահանջ զգացած է գործնապէս զայն  դրսեւորելու: Այդ սիրոյ մէջ կայ միանգամայն պատանի, անգիտակից հոգ մը, ընդվզում մը` ընդդէմ անարդարութեան, ընդդէմ անմարդկային ոճիրի, գործուած` հայութեան դէմ, որ ապագայ գիտնական Ստեփան Ֆով գիտակցօրէն պիտի դրսեւորէր Վայնշթայնի միջադէպով:

Վայնշթայնը École des hautes études en sciences sociales-ի դասախօս մըն էր` մասնագիտութեամբ պատմաբան, կը դասաւանդէր թրքական եւ օսմանեան պատմութիւն: Յիշենք, որ այս պատմաբանը իր յօդուածներով եւ հրապարակային ելոյթներով ճանչցուած էր որպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող պատմաբան:

1998-ին Collège de France-ը, ի պատիւ Վայնշթայնի, կը մտածէ թրքական եւ օսմանեան պատմութեան ամպիոն մը հիմնել, որուն դէմ հայ համայնքէն առաջին բողոքողը կ՛ըլլայ հանրածանօթ հասարակական գործիչ պարոն Քլոտ Միւթաֆեան: Անկախ պարոն Միւթաֆեանէն, Ստեփան Ֆով իր հերթին բողոքելով Collège de France-ի այս որոշումին դէմ, իր շրջապատի գիտնականներուն մօտ (մանաւանդ այն գիտնականներուն, որոնց քուէարկութեամբ պիտի վաւերացուէր որոշումը), մեծ աշխատանք կը տանի ձախողեցնելու համար ընտրութիւնը, որպէսզի Վայնշթայն այդ պաշտօնին չկոչուի: Երկու ձեռնպահութեամբ եւ միայն մէկ քուէի տարբերութեամբ Վայնշթայն կ՛ընտրուի: Այս արդիւնքին յուսախաբութիւնը բնաւ չի տկարացներ Ստեփան Ֆովը: Իր չափերով, իր մէջ աւելի կը զօրանայ շարունակելու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքի պաշտպանութիւնը:

Ներկայիս Վայնշթայն ի կեանս չէ… Ամպիոնն ալ` փակուած…

Ստեփան Ֆով որդին է Institut Pasteur-ի յայտնի գիտաշխատողներէն Ռոպեր Ֆովի եւ հոգեբուժ Լուիզի, ծնեալ Յովհաննիսեան: Ծնած է Փարիզ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սեւրի իր ապրած թաղամասի Ֆրանսական Ազգային վարժարանին մէջ, մինչեւ լիսէ: Համալսարանական բարձր կրթութեան համար ուսումը շարունակած է Սեն Քլուի École Normale Supérieure-ի մէջ: Վկայուած է բնագիտութեանց ակռէժէ տիտղոսով: 1984-ին կը պաշտպանէ պետական իր թեզը` գիտնական Ալպեր Լիպշապերի հսկողութեամբ, որմէ ետք École Normale Supérieure-ի մէջ կը հրաւիրուի ուսուցման պաշտօնի: Բնագիտութեան աշխարհի մէջ, կարճ ժամանակուան ընթացքին, մեծ համբաւ կը վայելէ` շնորհիւ գիտահետազօտական կալուածէն ներս  յայտնաբերած նորութիւններուն:

Փրոֆեսէօր եւ գիտաշխատող Ստեփան Ֆով 1987-ին Լիոնի մէջ École Normale Supérieure-ի նորահաստատ մասնաճիւղին մէջ պաշտօնի կը հրաւիրուի, եւ իրեն կը վստահուին կարեւոր պարտականութիւններ, զորս կը ղեկավարէ ձեռնհասօրէն: Ան ճանչցուած է որպէս աւագ հիմնադիր Լիոնի École Normale Supérieure-ի բնագիտութեան տարրալուծարանին: Իրեն կը պարտին հետազօտութեան այլազան առանցքներու տեղակայումը:

Այստեղ 10 տարի հարուստ վաստակ կ՛ունենայ գիտաշխատող Ստեփան Ֆով: Կ՛արժէ կարդալ գիտական թերթերու մէջ պատկառելի գիտնականներու կարծիքն ու բարձր գնահատականները անոր յայտնաբերութիւններուն մասին:

Միջանկեալ ըսենք, որ 1988-ին, ցաւ ի սիրտ, կը փակուի Մխիթարեաններու Սեւրի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը: Մտահոգիչ եւ սարսռազդեցիկ այս լուրէն չի ցնցուիր հայ հասարակութիւնը: Երկար տասնամեակներու հայեցի դաստիարակութեան լուսապայծառ ջահը բոցավառ պահող պատմական այս հաստատութիւնը կարծէք  գոյութիւն չէ ունեցած: Պոռթկում չկայ: Համայնքին ծայր աստիճան անտարբերութիւնը մտածել կու տայ, եւ, նշան մըն ալ է թերեւս, որ այլեւս համակերպինք, թէ հիմնովին փոխուած է հայ հասարակութեան հոգեբանութիւնը, խորտակուած է ամէն զգայնութիւն, եւ ասկէ ետք ամէն ինչ որ կայ հայկականութեան հետ աղերսուած, կրնայ կորսուիլ: Մէկուն հոգը պիտի չըլլայ:

Աւելցնենք, որ այս առթիւ հայ մամուլին մէջ ուշացումով հազիւ քանի մը յօդուած լոյս տեսաւ:

Ահա այսպիսի հոգեբանական մթնոլորտի մը մէջ է, որ նոյն տարին Լիոնի մէջ ամէնօրեայ վարժարանի մը հիմնումին նախաձեռնութիւնը համեստօրէն յանձն պիտի առնէի` աջակցութեամբ Լիոնի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ազգային միութեան վարչական կազմին: Մեծ էր վերապահութիւնը շատերու մօտ Մխիթարեանին պատահած յայտնի պատճառով: Բայց պէտք էր փորձել:

Նոր հիմնուող վարժարանը անմիջական կարիքն ունէր անշուշտ հայ մտաւորականներու եւ կրթական գործիչներու բարոյական օժանդակութեան: Ստեփան Ֆովի Լիոնի մէջ պաշտօնավարութիւնը բարեպատեհ առիթ մըն էր, որպէսզի զինք հրաւիրէինք ղեկավար վարչական կազմին մէջ` օգտուելու համար իր փորձառութենէն: Սիրայօժար իր պատասխանը մեծապէս օժանդակեց ծրագրի յաջողութեան:

Տարիները թաւալեցան, վարժարանը կոչուեցաւ բարերարներու անունով` Մարգարեան-Փափազեան, աշակերտութեան թիւը կարեւոր աճ մը արձանագրեց, եւ 1997-ին դպրոցը օժտուեցաւ նաեւ նորակառոյց շէնքով մը:

Նոյն տարուան վերամուտին Ստեփան Ֆով կը ստիպուի ձգել Լիոնը` կանչուած ըլլալով Փարիզի École Normale Supérieure-էն, հոն շարունակելու համար իր պաշտօնը:

Հոս տեղին է նշել, որ Հայաստանի պետական ներկայացուցիչներու կողմէ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը հիմնուեցաւ Լիոնի մէջ ոչ միայն գործարար մարդոցմով, այլ նաեւ` բանիմաց ազգային գործիչներու եւ կարող մտաւորականներու աջակցութեամբ: Այդ օրերուն Ստեփան Ֆով Լիոն կ՛ապրէր, կազմակերպիչներու ուշադրութենէն վրիպած չէր իր ներկայութիւնը`  նկատի ունենալու համար զինք ալ որպէս հիմնադիր անդամ:

Անձանձրոյթ գիտաշխատող մըն է Ստեփան Ֆով, սիրահար մը` իր գործին: Գիտաշխատանոց կը մտնէ, ինչպէս մենակեաց մը` իր աղօթատունը, ա՛լ անժամանակին մէջն է ան, յայտնի չէ, երբ դուրս կ՛ելլէ հոնկէ: Կ՛որոնէ, կը փնտռէ, կը յայտնաբերէ, փորձարկած իրերուն փաստարկումները կը տարազէ եւ, վերջապէս, յօդուածներով լոյս կ՛ընծայէ զանոնք` առ ի օգտագործութիւն: Ի յայտ բերած է տասնեակներով գիւտեր, բնագիտութեան հռչակաւոր գիտնականներ բարձր գնահատելով անոր յայտնաբերած տեսութիւնները` 2011-ին զինք կ՛անդամագրեն որպէս ակադեմական, Ֆրանսայի Գիտութեանց ակադեմիայի: Միեւնոյն տարին դարձեալ ակադեմական է Էօրոփաէա ակադեմիայի:

Իր համեստութիւնը չվիրաւորելու համար զանց կ՛առնենք այստեղ նշել այն պատիւներն ու շքանշանները, որոնցմով պարգեւատրուած է Եւրոպայի կամ Միացեալ Նահանգներու զանազան կաճառներու կողմէ:

Բնագիտական յայտնաբերումները այնքան հետաքրքրութիւն ստեղծած են աշխարհի բնագէտներու մօտ, որ հրաւիրուած է բազմաթիւ երկիրներ` դասախօսելու համար համալսարաններու մէջ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Մեքսիքա, Չիլի, Հնդկաստան, Ճափոն, Անգլիա, Գերմանիա, Իտալիա եւ այլն: Այս շարքին չմոռնանք Հայաստանը, ուր հրաւիրուած է քանի մը անգամ: Հաճոյք մըն է իրեն համար համագործակցիլ Հայաստանի ֆիզիքոսներու հետ: Իր մատուցած ծառայութիւնները մեծապէս գնահատուելով` Հայաստան արժեւորած է զինք Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան ակադեմական անդամի տիտղոսով:

Հայաստանի անկախութենէն ետք, Հայաստան-Եւրոպա գիտական փոխյարաբերութիւններու ծիրին մէջ Ստեփան Ֆով Պրիւքսելի մէջ կը յաջողի եւրոպական պայմանագիր մը ձեռք բերել` օգնելու համար Հայաստանի ֆիզիքոսներուն:

Ստեփան Ֆովի բնագիտական տեսութիւններու բովանդակութեան մասին պիտի կարենային արտայայտուիլ միայն այդ գիտաշխարհի մասնագէտներ, հետեւաբար այս գրութեան մտադրութիւնը, ինչպէս ենթախորագիրը կ՛ըսէ, կը ձգտի ճանչցնել մեր արժէքները: Չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս կատարուած այս իրողութիւնը պիտի ընկալուի գիտնականին կողմէ, քանի որ ան միշտ մերժած է հարցազրոյցի առաջարկներս, իսկ իր թելադրանքը եղած է… չգրել իր մասին:

Մինչ իր մասին կենսագրական տեղեկութիւններ քաղելու համար ստիպուեցայ օգտուիլ «Ուիքիփետիա»-ի տուեալներէն:

Բնագէտին գործը Ստեփան Ֆովին համար պէտք է ծառայէ մարդու բարիքին:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 5 Յունիս 2023)

Յաջորդը

Ո՞վ Է Իսկապէս Ուրախ Մարդը

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?