Ապրիլ 23-ին, Հիւսիսային Քոսովոյի մեծամասնութեամբ սերպերով բնակուած չորս քաղաքապետութիւններու մէջ տեղի ունեցան տեղական ընտրութիւններ, որոնք պոյքոթի ենթարկուեցան սերպերուն կողմէ։ Իբրեւ հետեւանք մասնակցութեան համեմատութիւնը նուազեցաւ 3,47 առ հարիւրի։ Քուէարկողներուն 1566-ը ալպանացիներ էին, եւ միայն 13-ը՝ սերպեր։ Բնականաբար, ալպանացիները սերպական բնակավայրերուն մէջ դարձան քաղաքապետեր ու քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ։ Սերպերը սկսան բողոքել ընտրութեան արդիւնքներուն դէմ։
25 Մայիսին, Հիւսիսային Քոսովոյի մէջ սկսան բախումներ սերպ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ։ Քոսովոյի իշխանութիւնները մերժեցին ետ կանչել նորընտիր քաղաքապէտերը, եւ 29 Մայիսին ոստիկանութիւնը կարծր հակազդեցութիւն ցուցաբերեց ցուցարարներուն դէմ եւ բռնի ուժով վերահսկողութիւն հաստատեց սերպերով բնակուած բնակավայրերու վարչակազմերուն վրայ՝ ազգութեամբ ալպանացի քաղաքապետերու պաշտօնավարումը ապահովելու համար։ Օրուան վերջաւորութեան Քոսովոյի մէջ տեղակայուած ՆԱԹՕ-ի խաղաղապահ ուժերը՝ ՔՖՈՐ-ը վերահսկողութեան տակ առաւ կառավարական շէնքերը։
Կացութեան սրումին լոյսին տակ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտար Վուչիչ հրամայեց սերպական զօրքերը տեղափոխել Քոսովոյի սահման։ Սերպիոյ պաշտպանութեան նախարար Միլոշ Վոչիվիչ իր կարգին զգուշացուց, որ քաղաքագէտները պէտք է արձանագրուած մագլցումին խաղաղ լուծում մը գտնեն, այլապէս Սերպիոյ պետութիւնը բոլոր միջոցներով պիտի պաշտպանէ իր քաղաքացիները։
Թէ՛ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, թէ՛ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Քոսովոյի ալպանացի իշխանութիւնները այպանեցին ստեղծուած կացութեան համար։ «Քոսովոյի կառավարութեան՝ քաղաքապետարանի շէնքեր բռնի ուժով մուտք գործել արտօնելու որոշումը լարուածութիւններու եւ անհարկի մագլցումի յանգեցուց» , ըսաւ Պլինքըն։ Մաքրոն իր կարգին յայտարարեց. «Մենք Քոսովոյի իշխանութիւններու յղած էինք յստակ ազդակներ, թէ գրեթէ ամբողջական պոյքոթի պայմաններուն մէջ (սերպական բնակավայրերուն մէջ) ընտրութիւններ կատարելը սխալ էր»։
Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց 1 Յունիսին Մոլտովայի մէջ Եւրոպական քաղաքական վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցան Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտար Վուչիչի եւ Քոսովոյի նախագահ Վյոսա Օսմանիի հետ։ Անոնք Քոսովոյի իշխանութիւնները յորդորեցին կազմակերպելու նոր ընտրութիւններ, որոնց սերպական կողմը յստակ մասնակցութիւն բերէ։ Օսմանին յայտնեց, որ Քոսովոյի օրէնքը կ’արտօնէ դարձեալ ընտրութիւններ կատարել, եթէ տեղւոյն քուէարկողներուն 20 առ հարիւրը իրաւական գործընթաց մը նախաձեռնեն, սակայն, նաեւ նշեց, որ Պելկրատ պէտք չէ սերպերը քաջալերէ ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու։ Քոսովոյի վարչապետ Ալպին Քորթին իր կարգին դրական կերպով արձագանգեց ֆրանս-գերմանական առաջարկին։
«Ֆրանսայի նախագահն ու ես, ինչպէս նաեւ պարոն Պորելի նման ուրիշներ, շատ կը փորձենք, որ սրած լարուածութիւնը կրկին թուլանայ։ Եւ ասիկա խնդիր է, որու համար մենք յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրենք, որովհետեւ այժմ մօտ ենք, որ կառուցուածքային ու տեւական լուծում գտնենք հակամարտութեան Քոսովոյի եւ Սերպիոյ միջեւ բանակցուող համաձայնագրերու միջոցով», ըսաւ Գերմանիոյ վարչապետը։ Այլ խօսքով՝ Հիւսիսային Քոսովոյի մէջ մագլցումը կը վտանգէ գոյացումը Շոլցի մատնանշած համաձայնութիւններուն, որոնց ուղղութեամբ երկար ատենէ ի վեր աշխատանք կը տարուի։
Հիւսիսային Քոսովոյի մէջ լարուածութեան մագլցումը, սակայն, յղի է նաեւ մէկ այլ՝ թերեւս աւելի լուրջ վտանգով՝ Սերպիոյ եւ Քոսովոյի միջեւ պատերազմով։ Այդպիսի զարգացում մը ՆԱԹՕ-ն պիտի ստիպէ միջամտելու, եւ մասնակիօրէն ճանչցուած այդ հանրապետութեան անկախութիւնը պաշտպանելու։
Ուքրայինաոյ հակամարտութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ Արեւմուտքը իր ամբողջ ուշադրութիւնն ու ներուժը կեդրոնացուցած է եւ ոգի ի բռին կը պայքարի Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութիւնը ապահովելու նպատակի իրագործման համար, Քոսովոյի մէջ երկրորդ ճակատի մը բացումը հաստատօրէն ի չիք պիտի դարձնէ այդ երազը, եւ ճիշդ հակառակ արդիւնքին պիտի հանգի։
Այդպիսի զարգացում մը իրապէս հեքնական պիտի ըլլայ, որովհետեւ Արեւմուտքը ինք աշխատանք կը տանի, որպէսզի Ռուսիոյ դէմ նոր ճակատներ բացուին, եւ ռուսական բանակը ստիպուի քանի մը ճակատի վրայ կռուիլ, իր ամբողջ ներուժը չկարողանայ Ուքրայինայի վրայ կեդրոնացնել, ուստի եւ այդտեղ ռուսական բանակին դիրքը տկարանայ։
Քոսովոյի մէջ պատերազմ մը ճիշդ հակառակը պիտի իրագործէ. Արեւմուտքը պիտի սկսի երկու ճակատի վրայ կռուիլ, ուստի եւ պիտի չկարողանայ իր ամբողջ ներուժը կեդրոնացնել Ուքրայինայի աջակցութեան տրամադրման վրայ։ Այդ աջակցութեան կշռոյթն ու տարողութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի նուազի, ինչ որ ռուսական յաղթանակին համար բարենպաստ պայման պիտի ստեղծէ։
Ստեղծուած կացութիւնը կը յիշեցնէ «աւելի լաւ է իմաստուն թշնամի մը ունենալ, քան անմիտ ընկեր մը»( better a wise enemy than a stupid friend), անգլերէն ասացուածքը։
Քոսովոն՝ «անմիտ ընկերը» Արեւմուտքին, առանց որու աջակցութեան անկախութիւն պիտի չստանար, եւ առանց որու զօրակցութեան պիտի չկարողանայ գոյատեւել, սերպական բնակավայրերու մէջ ալպանացի քաղաքապետերու պաշտօնավարման ճամբով ամբողջ Քոսովոն, ալպանացիներու վերահսկողութեան տակ առնելու երազի իրագործման ուղղութեամբ ոչ քայլ առնելով, իր հովանաւորներուն համար կը ստեղծէ անախորժ ու անտեղի մեծ վտանգ մը։ Ահա թէ ինչու զարմանալի չէ, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ Ֆրանսան Պլինքընի եւ Մաքրոնի ճամբով իրենց ընկերը՝ Քոսովոյի իշխանութիւնները մեղադրեցին կացութեան «սուր եւ անհարկի» մագլցման համար, անոնց կատարած անմտութեան, Ուքրայինայի հակամարտութեան լուրջ ու լարուած պայմաններուն մէջ անոնց ստեղծած անախորժ կացութեան համար։
Քոսովոյի իշխանութիւնները իրենց քայլը ոչ ճիշդ պահու առին, ուստի Արեւմուտքը անոնց կը ստիպէ ետդարձ կատարելու։ Ոչինչ կ’արգիլէ, որ սերպերը իրենց կեցուածքը կարծրացնելով փորձեն, ստեղծուած կացութիւնը օգտագործելով, յաւելեալ զիջումներ ապահովել։
«Հայրենիք»