Համազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Սուրէն Սարգիսեանն ալ մեկնեցաւ` միանալու Սագօ Արմէնեանին եւ Անդրանիկ Մսըրլեանին:
Անոնք յաճախ, ժողովներէն ետք, երեքով ընկ. Սագոյին տունը եւ կամ ճաշարանի մը մէջ ծրագրի մը մանրամասնութիւնները կը շարունակէին քննել:
Ընկ. Սագոն` նիւթական գոյացնելու պատասխանատուն, ընկ. Անդրանիկը` պիւտճէն ներկայացնելու, իսկ առատաձեռն ընկ. Սուրէնը անմիջապէս վրայ կը հասնէր` նիւթականի բացը գոցելու:
Կարծես անոնք ժամադրութիւն տուած էին հապճեպով իրարու միանալու, որպէսզի շարունակեն իրենց բաց թողածը:
Ի՞նչ կարիք կար այսքան աճապարելու, անոնց գործունէութիւնը տակաւին որքա՜ն օգտակար պիտի ըլլար Համազգայինի մեծ ընտանիքին:
Սուրէն Սարգիսեան առաջիններէն էր, որ ֆորումի (ուսանողական հաւաք) ծրագիրին անմիջապէս օժանդակեց` իր գրպանը բանալով եւ զաւակները արձանագրելով:
Անոր տրուեցաւ Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանի շէնքի կառուցման դրամահաւաքի դժուար պարտականութիւնը: Առանց վարանելու` իր գրասենեակը տրամադրեց Փարիզի Համազգայինի վարչութեան: Ընկերուհիները զօրաշարժի ենթարկուեցան ամբողջ կազմով, մեղուի աշխատանքը սկսած էր Սուրէնին մանրակրկիտ հսկողութեան տակ: Նամակագրութիւն, սրբագրութիւն, տպագրութիւն, հասցէագրում, դրոշմաթուղթ, բաշխում, ապա` հետապնդում:
Երբ այդ երազը իրականացնելու ժամը հասած էր արդէն, ամուսնոյս` Ատոմին հետ, դիմեցինք Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. վեհափառին, որ Ատոմին եւ Սուրէնին ընկերանայ: Ան ընդառաջեց մեր խնդրանքին, եւ այդպէս չորսով մեկնեցանք Մարսէյ եւ հիմնաքարը զետեղեցինք այսօրուան Մարսէյի շքեղ ճեմարանին:
Արդէն իսկ ընկ. Սուրէնի քառասունքն է:
Այս երկտողը յետմահու սրտի խօսք մըն է ի մասնաւորի Համազգայինի ընտանիքին կողմէ, ինչպէս նաեւ այս առիթով կ՛արժէ յիշել ընտանեկան շատ կարեւոր դէպք մը, որ մեր երկուքին ընտանիքներուն կը վերաբերի:
Հայրենակից էինք, երբեմն մեր բարբառով կը կատակէինք, բայց ինք շատ աւելի հմուտ էր եւ ծանօթ` ասացուածքներուն: Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն եւ անակնկալ էր, երբ ստացայ Սուրէնի նիւթական ներդրումով Հալէպ վերահրատարակուած Ուրֆայի հերոսամարտի հաստ հատորը, որ շատոնց սպառած էր:
Օր մը Սուրէն Սարգիսեան լրջօրէն մօտեցաւ ինծի եւ վկայութիւն մը յանձնեց` գրուած մեր հայրերուն բարեկամի մը կողմէ:
Սրտաճմլիկ տողեր կային այդ նամակին մէջ:
Ուրֆայի մէջ մօտ 400 երեխաներ քշուած էին թրքական որբանոց մը, ուր արգիլուած էր հայերէն խօսիլ, բռնի թրքացուած էին անոնց անունները:
Բոլորը, բոլորը… հիւանդութենէ կամ անօթութենէ մահացած էին, յաւելեալ մանրամասնութիւն չկար այդ նամակին մէջ, այլ լոկ` վկայութիւն մը:
Միայն 4 երեխայ փրկուած էին` Սուրէնին հայրը, հօրեղբայրը, հայրս եւ չորրորդ անձ մը:
Ազգային գործունէութիւններու մէջ կան իրագործումներ, որոնք չեն արձանագրուիր, չեն յիշատակուիր, որովհետեւ այսպիսի ընկերներու մօտ պարտականութեան գիտակցութիւնը ընտանեկան դաստիարակութիւն է, բնազդ է, ի ծնէ է, եւ անոնց վաստակը, նուիրումը անհաշիւ է եւ անգին:
Կեանքդ կատարեալ ապրեցար, սիրելի՛ Սուրէն, հողը թեթեւ գայ վրադ: