Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երկաթէ Շերեփին Կարիքը

Օգոստոս 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Պատմութիւնը կը վկայէ ուժի կարողութիւնը, որ կը հանդիսանայ անհատներու կամ ժողովուրդներու` իրենց իրաւունքներուն տիրանալու միակ  միջոցը:

Խրիմեան Հայրիկը աւելի քան հարիւր տարի առաջ խրատած է թուղթէ  շերեփին փոխարէն` ունենալ երկաթէ շերեփ, որպէսզի կարողութիւնը ունենանք տիրանալու մեր արդար իրաւունքներուն:

Այսօր դժբախտաբար հայ ազգը նոյնիսկ թուղթէ շերեփ չէ պատրաստած եւ կը հպարտանայ իրագործումներովը ներկայ ղեկավարութիւններուն, որոնք քաղաքագիտական, դիւանագիտական, տնտեսական, ինչպէս նաեւ ռազմավարական իսկական հմտութիւններէ զերծ ժողովուրդը կ՛առաջնորդեն դէպի անդունդ: Տակաւին թարմ է 5000 տղոց նահատակութեան պատճառած վէրքը, իսկ մեր սխալներէն սորվելու դժկամութիւնը ունեցողներ ամբողջ ազգի մը ճակատագիրին խեղման պատճառ կը դառնան` առանց իսկ զգացուելու կամ հաշիւ տալու:

Անօդաչու թռչող սարքերու գերազանց կարողութիւնը, որ կրնայ պատերազմական հաւասարակշռութիւնը խախտել եւ զանոնք օգտագործող կողմին յաղթանակ պարգեւել, կարծէք նկատի չէ առնուած մեր երկրի պաշտպանութեան ռազմավարութեան մէջ: Պաշտպանութեան ռազմավարութեան մը գոյութիւնն ալ հարցականի տակ կը թուի ըլլալ: 200 օրէ աւելի շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մեր հայրենակիցները կը մնան յուսահատ եւ լքուած` առանց ոեւէ ղեկավարութեան, որ կարենայ արցախցիներու իրաւունքներուն տէր դառնալ քաղաքական կամ ռազմական միջոցներով: Սփիւռքը իր կարողութիւններով գործի լծուած է իր բոլոր միջոցները ի նպաստ դնելու յանուն Արցախի հայութեան` քաղաքական, մարդասիրական կամ այլ բնագաւառներու մէջ, որպէսզի կարենայ վերջ դնել ազրպէյճանցիներու անմարդկային քայլերուն: Զարմանալի են, սակայն,` համաշխարհային հզօր պետութիւններու լռութիւնը կամ սահմանափակ եւ անշուք արտայայտութիւններն ու մտահոգութիւնները, որոնք ապարդիւն կը մնան եւ միայն համացանցի վրայ զետեղուած երկտողերու սահմանէն դուրս պէտք եղած պատգամը չեն հասցներ հասցէատիրոջ: Դժբախտաբար, երբ մտահոգութիւնը հրամայական իր բնոյթէն կը պարպուի, արդէն իր ուժը կը կորսնցնէ, նոյնիսկ եթէ անիկա Ալիեւի քաղաքական գրասենեակը հասնի: Միջազգային հզօր պետութիւնները կրնան պատկերը ի նպաստ Արցախի սոված եւ ցեղասպանութեան սեմին հասած ժողովուրդին փոխել, եթէ Արցախ ունենայ քաղաքագէտ ղեկավարութիւն մը, որ կարողութիւնը ունենայ ճիշդ քաղաքականութեամբ իրաւունքին տիրանալու:

Այո՛, երկաթէ շերեփը ճիշդ քաղաքականութեան կը ծառայէ եւ կը կարենայ փրկել 120.000 հայերը, որոնց միակ յոյսը կը մնայ անիկա: ժամանակը հասած է զօրաշարժի ենթարկուելու բոլոր մակարդակներուն վրայ, որպէսզի կարենանք երկրորդ ցեղասպանութիւն մը կանխարգիլել: Այլապէս իւրաքանչիւր հայ պատասխանատու պիտի ըլլայ յառաջիկային տեղի ունենալիք իրադարձութիւններու ժխտական հետեւանքներուն:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Չէզոքացնենք Յանձնուողականութիւնը, Վերանորոգուինք, Վստահինք Երիտասարդութեան, Դաշնակցականանանք Եւ Հետեւողական Գործով Շարունակենք Լիզպոնի Հինգին Ուղին

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?